«Մօտիկութիւնը, կարեկցութիւնը եւ քնքշութիւնը Աստուծոյ ոճն են». 14 Փետրուարի Մարեմեան Աղօթքին խորհրդածութիւնը։

Քաջութիւնը ունենանք դուրս գալու կղզիացումէն, երթալու Յիսուսին մօտ այնպէս ինչպէս որ ենք, ապա Յիսուսին նման ունենանք սէր՝ որ կ՛ընթանայ համոզումներէ անդին, կը յաղթահարէ միւսին կեանքին հետ շաղուելու նախապաշարումներն ու վախերը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 14 Փետրուար 2021-ի կէսօրին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի ընթացքին ներկայացուցած խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց օրուան Աւետարանական հատուածին վրայ, ուր Մարկոս Աւետարանիչը կը պատմէ Բորոտին բժշկութեան դրուագը։

Բորոտին բժշկութիւնը

Բորոտները ըսաւ Սրբազան Պապը անմաքուր համարուած էին եւ օրէնքի համաձայն անոնք պէտք էին դուրս մնալ բնակեցուած կեդրոններէն։   Անոնք բացառուած էին մարդկային, ընկերային եւ կրօնական փոխյարաբերութիւններէն։ Յիսուս սակայն թոյլ կու տայ, որ այդ մարդը իրեն մօտենայ, կը գթայ անոր վրայ, նոյնիսկ իր ձեռքը կ՛երկարէ եւ կը դպչի անոր։ Այդպէսով Յիսուս կ՛իրականացնէ իր աւետած «Բարի Լուրը». Աստուած մօտիկ դարձաւ մեր կեանքին, կը կարեկցի վիրաւոր մարդկութեան ճակատագրին եւ կու գայ  քանդելու պատնէշները, որոնք արգելք են Իր հետ, միւսներուն ու նաեւ մեր հետ յարաբերութիւններու ապրումին։ Յիշեցէք այս բառերը, ըսաւ Սրբազան  Պապը, մօտիկութիւն, կարեկցութիւն եւ քնքշութիւն, որոնք Աստուծոյ ոճն են։ 

Օրինազանցութիւններ

Ան ապա նշեց թէ այս դրուագին մէջ կան երկու օրինազանցութիւններ, առաջինը Բորոտը, որ Յիսուսին կը մօտենայ եւ այս մէկը արգիլուած էր, երկրորդը Յիսուս՝ որ գթութենէ շարժած բորոտին կը դպչի զայն բուժելու համար։ Այս ալ արգիլուած էր։

Հակառակ օրէնքի դրոյթներուն բորոտը դուրս կու գայ կղզիացումէն եւ կ՛երթայ Յիսուսին մօտ։ Ան Յիսուսին մէջ կը տեսնէ ոչ թէ պատժող Աստուծոյ մը դիմագիծը այլ գթութեան եւ սիրոյ Հօր դիմագիծը, որ մեզ կը փրկէ մեղքէն եւ երբեք չի բացառէր իր ողորմութիւնը։  Յիսուս կը կիսէ անոր ցաւը ու զայն կը մղէ դուրս գալու ինքնիրմէ եւ Յիսուսին վստահելու իր ցաւալի պատմութիւնը։

Քահանայապետի յատուկէն յիշեց այն քահանաները, որոնք խոստովանանքի խորհուրդին մէջ մարդոց կը յիշեցնեն թէ Աստուած բարեսիրտ է, ներողամիտ է, լի է գթութեամբ եւ Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած հաւատացեալները հրաւիրեց ծափահարել այդ քահանաներուն համար որոնք մարդոց կը յայտնեն Աստուծոյ դիմագիծը։

Երկրորդ  օրինազանցութիւնը Յիսուսին օրինազանցութիւնն է ըսաւ ապա Քահանայապետը դիտել տալով, որ հակառակ որ օրէնքը կ՛արգիլէր բորոտներու հետ շփում ունենալ Յիսուս կը գթայ եւ իր ձեռքը կ՛երկարէ զայն բուժելու համար։

Աստուած անտարբեր չէ

«Գթութեամբ դպչիլը կը նշանակէ կապ հաստատել, հաղորդութեան մէջ մտնել, ներգրաւուիլ միւսին կեանքին մէջ, անոր հետ կիսելով վէրքերը» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով, որ այս արարքով Յիսուս ցոյց կու տայ, որ Աստուած անտարբեր չէ այլ կը մօտենայ գթութեամբ եւ կը դպչի մեր կեանքին, զայն բուժելու համար։

«Այսօր եւս աշխարհի մէջ բազմաթիւ մեր եղբայրներ կը տառապին այս եւ այլ հիւանդութիւններէն ու պայմաններէն, որոնք առընչուած են ընկերային նախապաշարումներուն» յարեց Ֆրանչիսկոս Պապը ակնարկելով նաեւ  կրօնական խտրականութեան ու դիտել տալով, որ Յիսուս այս բոլորի դիմաց մեզի կը հռչակէ թէ Աստուած գաղափար մը կամ վերացական վարդապետութիւն մը չէ ,այլ Ան է՝ որ «կ՛ապականի» մեր վիրաւոր մարդութեան հետ եւ չի վախնար շփումի մէջ մտնելու մեր վէրքերուն հետ։

Ապրիլ Աւետարանական երկու օրինազանցութիւնները

«Յարգելու բարի համբաւի կանոնները և ընկերային սովորոյթները ՝ մենք յաճախ կը լռեցնենք ցաւը եւ կամ զայն  քօղարկող դիմակներ կը կրենք ու չենք ներգրաուիր  ուրիշներու ցաւերուն մէջ» նշեց ի մէջ այլոց Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրելով Տիրոջմէ հայցելու շնորհքը՝մենք եւս ապրելու Աւետարանական երկու այդ օրինազանցութիւնները։

Քաջութիւնը ունենանք դուրս գալու կղզիացումէն, երթալու Յիսուսին մօտ այնպէս ինչպէս որ ենք, ապա Յիսուսին նման ունենանք սէր՝ որ կ՛ընթանայ համոզումներէ անդին, կը յաղթահարէ միւսին կեանքին հետ շաղուելու նախապաշարումներն ու վախերը։

Այս մեր ուղեւորութեան մէջ թող մեզի ընկերանայ Սուրբ Կոյսը, որ այժմ պիտի հայցենք Մարեմեան Աղօթքին ընթացքին, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը եզրափակելով Խորհրդածութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/02/2021, 12:12