Հրապարակային ունկնդրութիւն Հրապարակային ունկնդրութիւն

«Աղօթքը Սուրբ Գիրքին մէջ» 27 Յունուարի Հրապարակային ունկնդրութեան խորհրդածութեան նիւթը։

Իւրաքանչիւր օր Աստուած կ՛անցնի եւ սերմ մը կը նետէ մեր կեանքի արտին մէջ։ Չենք գիտեր եթէ ան պիտի գտնէ փշոտ, ժայռոտ, կամ բարի հող մը, որ պիտի աճեցնէ այդ սերմը։ Այդ մէկը մեզմէ կախեալ է, կախեալ է մեր աղօթքէն, այն բաց սրտէն որով կը մօտենանք Սուրբ Գիրգին, որպէսզի ան մեզի համար դառնայ կենդանի Աստուծոյ Խօսքը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 27 Յունուար 2021-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաքելական պալատի մատենադարանէն գլխաւորեց ուղիղ եթերով սփռուած հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնը, որուն առթիւ շարունակելով աղօթքի մասին իր խորհրդածութիւններու շարքը խօսեցաւ  Սուրբ Գիրքի հիման վրայ կատարուած աղօթքի մասին։

«Սուրբ Գիրքին մէջ պարունակուած խօսքերը չի գրուեցան, որպէսզի բանտարկուած մնան թուղթի վրայ այլ, որպէսզի ընկալուին եւ ծաղկին մեր սրտերուն մէջ» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը սկիզբ տալով հրապարակային ունկնդրութեան խորհրդածութեան մատնանշելով նաեւ Քրիստոնէականին ուր կը հաստատուի թէ «աղօթքը պէտք է ընկերանայ Սուրբ Գիրքին ընթերցանութեան, որպէսզի մարդուն եւ Աստուծոյ մէջ երկխօսութիւնը կարելի դառնայ (2653)։ Սուրբ Գիրքը կարելի չէ կարդալ որպէս թէ վէպ մը ըլլար, անոր պէտք է ընկերանայ աղօթքը, որ Աստուծոյ հետ երկխօսութիւն մըն է։

Ամէն ինչ կախեալ է աղօթքէն

Իւրաքանչիւր օր Աստուած կ՛անցնի եւ սերմ մը կը նետէ մեր կեանքի արտին մէջ։ Չենք գիտեր եթէ ան պիտի գտնէ փշոտ, ժայռոտ, կամ բարի հող մը, որ պիտի աճեցնէ այդ սերմը։ Այդ մէկը մեզմէ կախեալ է, կախեալ է մեր աղօթքէն, այն բաց սրտէն որով կը մօտենանք Սուրբ Գիրգին, որպէսզի ան մեզի համար դառնայ կենդանի Աստուծոյ Խօսքը։

Հաւատացեալը Սուրբ Գիրքին մէջ չի փնտռէր իր անձնական փիլիսոփայական կամ բարոյական տեսութեան յենարանը, Ան գիտէ՝ որ անոնք գրուած են Սուրբ Հոգւոյն մէջ ու թէ այդ Հոգիով է, որ պէտք է ընկալուին ու հասկցուին, որպէսզի հանդիպումը իրականանայ։ «Ինծի սրտնեղութիւն կը պատճառէ երբ կը տեսնեմ քրիստոնեաներ որոնք Սուրբ Գիրքը կը կարդան թութակի նման» ըսաւ Սրբազան Պապը դիտել տալով, որ անիկա լոկ յիշողութեան հարց մը չէ այլ սրտի յիշողութեան հարց է, այն յիշողութիւնը որ մեզ կը բանայ Տիրոջ հետ հանդիպւոմին։

Սուրբ Գիրքը շարադրուած է մեզի համար

«Սուրբ Գիրքը չէ գրուած ընդհանրական մարդկութեան մը համար, այլ մեզի համար, ան գրուած է ինծի համար, անունով եւ մականունով ինծի ու քեզի նման մարդոց ու կիներուն համար» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով, որ երբ Սուրբ Հոգիով ներծծուած Աստուծոյ խօսքը ընկալուի բաց սրտով, ան իրերը առաջուան նման չի թողուր։

Քրիստոնէական աւանդութիւնը հարուստ է Սուրբ Գիրգով աղօթքի մասին խորհրդածութիւններով եւ փորձառութիւններով։ Վանական աշխարհի մէջ  ծնունդ առած «Lectio divina» ի մեթոդը միշտ աւելիով տարածուեցաւ եւ ի գործ դրուեցաւ ժողովրդապետութիւնները յաճախող քրիստոնեաներու կողմէ։

«Lectio divina» ի մեթոդը

Առաջին հերթին ան կը կայանար աստուածաշնչական հատուածը ուշադիր կերպով կարդալու մէջ, հասկանալու համար թէ ինչ նշանակութիւն ունի։ Ապա երկխօսութեան մէջ մտնել Սուրբ Գիրքի հետ, որպէսզի այդ բառերը դառնան խորհրդածութեան և աղօթքի պատճառներ հուսկ հաւատարիմ մնալով գրութեան սկսինք հարց տալ թէ ինչ կ՛ըսէ ան ինծի։ Վերջին հանգրուանը խոկումն է։ Այնտեղ խօսքերն ու մտածումները տեղ կու տան սիրոյ, սիրահարներու նման, որոնց համար յաճախ բաւական է իրարու նայիլ լռութեան մէջ։

Աստուծոյ Խօսքը կը ներշնչէ մեր բարի առաջադրանքները

Աղօթքին միջոցաւ Աստուծոյ  խօսքը կու գայ բնակելու մեր մէջ ու մենք կը բնակինք անոր մէջ։ Խօսքը կը ներշնչէ մեր բարի առաջադրանքները ու թիկունք կը կանգնի մեր գործերուն։ Մեզի ուժ եւ անդորրութիւն կու տայ, եւ նոյնիսկ երբ տագնապի մէջ կը դնէ զմեզ մեզի խաղաղութիւն կը պարգեւէ։

Այսպէսով Աստուծոյ խօսքը մարմին կը դառնայ անոնց մէջ, որոնք զայն կ՛ընկալեն աղօթքի մէջ։

Որոշ հին գիրքերու մէջ ի յայտ կու գայ, թէ քրիստոնեաները իրենք զիրենք այնքան նոյնացուցած են Սուրբ Գիրքին հետ, որ նոյնիսկ եթէ աշխարհի բոլոր Աստուածաշունչերը այրուին կարելի պիտի ըլլայ տակաւին փրկել անոնց դրոշմը սուրբերու կեանքի վրայ թողած հետքերու միջոցաւ: 

Սուրբ Գիրքը անսպառ գանձ 

Քրիստոնէական կեանքը հնազանդութեան եւ միաժամանակ ստեղծագործութեան գործունէութիւն է։ Հնազանդ է, որովհետեւ մտիկ կ՛ընէ Աստուծոյ Խօսքին, ստեղծագործ՝ որովհետեւ իր մէջ ունի Սուրբ Հոգին, որ  կը մղէ ունկնդելու զայն։ Սուրբ Գիրքը անսպառ գանձ մըն է։ Թող Տէրը մեզի շնորհքը տայ, որ աղօթքի միջոցաւ աւելի շատ բան քաղենք անորմէ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/01/2021, 10:03