Հիւլէական զէնք Հիւլէական զէնք 

«Առանց հիւլէական զէնքի աշխարհ մը» Ֆրանչիսկոս Պապին թուիթը։

22 յունուարի ուժի մէջ կը մտնէ հիւլէական զէնքերու արգիլման պայմանագիրը

Վատիկան Նիուզ

«Կը խրախուսենք բոլոր Պետութիւններն ու բոլոր մարդիկը, աշխատելու վճռակամութեան խթանելու համար անհրաժեշտ պայմաններ, առանց միջուկային զէնքի աշխարհի մը համար,նպաստելով խաղաղութեան եւ բազմակողմանի համագործակցութեան, որոնց մեծ կարիքն ունի այսօր մարդկութիւնը»։

Այս բառերը ներառուած են Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին թուիթըրեան կայքին վրայ հրապարակուած 22 յունուարի գրառումին մէջ, զոր հրապարակուեցաւ հիւլէական զէնքերու արգիլման պայմանագիրի ուժի մէջ մտնելուն առիթով։

Յայտնենք թէ Ֆրանչիսկոս Պապին վերոնշեալ կոչին միասնական մէկ յայտարարութեամբ միացան Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ համայն աշխարհէն եպիսկոպոսներ, որոնք գոհունակութիւն արտայայտեցին հիւլէական զէնքերու կանխարգիլման ուղղութեամբ ՄԱԿ-ի կողմէն որդեգրուած Պայմանագիրին համար կոչ ուղղելով բոլոր կառավարութիւններուն ընդունելու եւ վաւերացնելու պայմանագիրը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/01/2021, 13:30