Գերապայծառ Օսքար Ռիցցաթօ Պենետիկտոս ԺԶ Վաստակաւոր Քահանայապետին հետ (Արխիւ) Գերապայծառ Օսքար Ռիցցաթօ Պենետիկտոս ԺԶ Վաստակաւոր Քահանայապետին հետ (Արխիւ) 

Քահանայապետական երբեմնի ողորմաբաշխ Գերապայծառ Ռիցցաթոյին յուղարկաւորութեան արարողութիւն։ Ֆրանչիսկոս Պապին ցաւակցագիրը։

Քահանայապետը իր մօտիկութիւնը ապահովելով յիշեց Եկեղեցւոյ խոնարհ ծառան, որ մշակելով ներքին կեանք ու աւելի դիւրաբեկներուն նկատմամբ ուշադրութիւնը, հեզութեամբ եւ նուիրումով իրագործեց իր առաքելութիւնը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 16 Յունուար 2021-ին Փատովայի նահանգի մաս կազմող Արսեկօ  քաղաքի ժողովրդապետութեան եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ՝ անցեալ 11 Յունուարին մահացած  Քահանայապետական երբեմնի ողորմաբաշխ գերապայծառ Օսքար Ռիցցաթոյին յուղարկաւորութեան արարողութիւնը, որուն ընթացին կարդացուեցաւ նաեւ Կարդինալ Փարոլինի ստորագրութեամբ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին ցաւակցական հեռագիրը։

Եկեղեցւոյ խոնարհ եւ հաւատարիմ ծառայ

«Իմանալով՝ Քահանայապետական երբեմնի ողորմաբաշխ, գերապայծառ Օսքար Ռիցցաթոյին մահուան լուրը, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը կը փափաքի իր մօտիկութիւնը ապահովել այս թեմական հասարակութեան, երախտապարտ զգացումներով յիշելով Եկեղեցւոյ այս խոնարհ ծառան, որ մշակելով ներքին կեանք ու աւելի դիւրաբեկներուն նկատմամբ ուշադրութիւնը, հեզութեամբ եւ նուիրումով իրագործեց իր առաքելութիւնը, յատկապէս Պետական Քարտուղարութեան ու Առաքելական ողորմաբաշխութեան գրասենեակէն ներս», գրուած է վերոնշեալ հեռագիրին մէջ,  ուր ապա նշուած է թէ Սրբազան Պապը՝ Աստուածային ողորմութենէն հայցելով բարի եւ հաւատարիմ ծառաներուն համար  խոստացուած վարձատրութիւնը աղօթքներ կը բարձրացնէ Անոր հոգւոյն հանգստեան համար եւ բոլորին կը փոխանցէ առաքելական օրհնութիւններու մխիթարութիւնը։

Կարդինալ Փարոլինի ցաւակցութիւնները

Կարդինալ Փարոլինը հուսկ Քահանայապետի խօսքերուն աւելցուցած է  իր անձնական ցաւակցութիւնները ննջեցեալին համար հայցելով Աստուածամօր բարեխօսութիւնը ու բարեխօսութիւնն անոնց՝ որոնք «ժամանակին աղքատ եւ այժմ հարուստ երկնքի մէջ, օգտուեցան մեր հանգուցեալ եղբօր մատուցած  օգնութիւններէն» գրած է Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղարը հեռագիրի աւարտին։  

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/01/2021, 11:51