Կարդինալ Շէյտ Կարդինալ Շէյտ 

«Կարդինալ Շէյտ բարի մարդ մը ի սպաս Աստուծոյ ժողովուրդին». Ֆրանչիսկոս Պապին ցաւակցագիրը։

«Ան եղաւ նուիրել եւ վեհանձն հովիւ մը» որուն եպիսկոպոսութեան կարգախօսն է «Աստուած բարի է» ու կարդինալ Շէյտը իւրացուց Աստուծոյ սոյն բարութիւնը մեծ հոգածութեամբ ծառայելով Աստուծոյ ժողովուրդին։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Խոր ցաւ եւ աղօթքի մէջ մօտիկութիւն» այս է մտածումը զոր Ֆրանչիսկոս Պապը արտայայտեց  Պրազիլցի Կարդինալ Էուզեպիօ Օսքար Շէյտի մահուան առթիւ յղած ցաւակցագիրին մէջ, անցեալ 13 Յունուարին։

«Ան եղաւ նուիրեալ եւ վեհանձն հովիւ մը» որուն եպիսկոպոսութեան կարգախօսն էր «Աստուած բարի է» ու կարդինալ Շէյտը  իւրացուց Աստուծոյ սոյն բարութիւնը մեծ հոգածութեամբ ծառայելով Աստուծոյ ժողովուրդին, գրեց ի մէջ այլոց Սրբազան Պապը ակնարկելով Ծիրանաւորին ծառայական առաքելութեան եւ շնորհակալութիւն  յայտնեց Աստուծոյ «այս մեծ ու արժէքաւոր պարգեւին համար», յոյս յայտնելով որ Ան ընկալուի յաւիտենական երջանկութեան մէջ։

Քահանայապետը հուսկ  իր օրհնութիւնները վստահեցուց ննջեցեալի հարազատներուն ու բոլոր անոնց որոնք կ՛ողբան անոր մահը։

Նշենք թէ Ռիօ Տէ Ժանէյրոյի վաստակաւոր Արքեպիսկոպոս Կարդինալ Էուզեպիօ Օսքար  Շէյտը  վարակուած էր պսակաձեւ ժահրէն ու հիւանդանոցի մէջ կը պայքարէր թոքաբորբի դէմ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/01/2021, 08:00