Արիչչայի Աստուածային Վարդապետի Տուն կեդրոն (Արխիւ) Արիչչայի Աստուածային Վարդապետի Տուն կեդրոն (Արխիւ) 

Ֆրանչիսկոս Պապը Հռոմի Քուրիայի անդամները հրաւիրեց Քառասնորդացի հոգեւոր կրթութիւնը կատարել առանձնապէս։

Համաճարակը այս տարի արգելք կը հանդիսանայ որ Ֆրանչիսկոս Պապն ու անոր համագործակիցները իրենց քառասնորդացի տարեկան Հոգեւոր Կրթութիւնը կատարեն Արիչչայի «Աստուածային Վարդապետի Տուն» կեդրոնէն ներս։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հրապարակած մէկ հաղորդագրութեամբ կը տեղեկացուի թէ ի տես առողջապահական ճգնաժամի շարունակութեան այս տարի կարելի պիտի չըլլայ հասարակական կերպով ապրիլ Հռոմի Քուրիայի քառասնորդացի Հոգեւոր Կրթութիւնները  Արիչչայի Աստուածային Վարդապետի Տուն կեդրոնին մէջ։ 

Սրբազան Քահանայապետը առ այդ հրաւիրեց Հռոմի մէջ բնակութիւն ունեցող կարդինալները, Վատիկանեան Ժողովներու Ղեկավարները, Հռոմի Քուրիայի Մեծաւորները այդ մէկը կատարել առանձնաբար ու աղօթքի մէջ ամփոփուիլ կիրակի 21 փետրուարի կէսօրէն ետքէն սկսեալ մինչեւ ուրբաթ 26 փետրուարը։

Այդ շաբթուայ ընթացքին առկախուած կը մնան Ֆրանչիսկոս Պապին բոլոր գործունէութիւնները ներառեալ 24 Փետրուարին նախատեսուած հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/01/2021, 12:39