«Ես Ժոյն եմ» գիրքը «Ես Ժոյն եմ» գիրքը 

Ֆրանչիսկոս Պապը ստորագրած է «Ես Ժոյն եմ» հատորի նախաբանը։

Այս հատորով հանրութեան կը ներկայացնէ նեճերիացի աղջկայ մը ողբերգական ճամբորդութեան փորձառութիւնը, որ Իտալիա ժամանելով երազն ունէր աշխատանք ու աւելի բարենպաստ պայմաններով կեանք մը ապրիլ, սակայն կը ստիպուի ճամբաներու վրայ իր մարմինը ծախել եւ կը փրկուի միայն իր Աստուծոյ վրայ ունեցած հաւատքին եւ Քազերթայ քաղաքին մէջ գործող հիւրընկալութեան մէկ կեդրոնի մը շնորհիւ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Յառաջիկայ 27 Յունուարին լոյս պիտի տեսնէ «Ես Ժոյն եմ» վերտառութեամբ գիրքը, որուն նախաբանը ստորագրած է Ֆրանչիսկոս Պապը եւ որուն հեղինակն է Մարիափիա Պոնանաթէն, որ իր այս հատորով հանրութեան կը ներկայացնէ նեճերիացի աղջկայ մը ողբերգական ճամբորդութեան փորձառութիւնը, որ Իտալիա ժամանելով երազն ունէր աշխատանք ու աւելի բարենպաստ պայմաններով կեանք մը ապրիլ, սակայն կը ստիպուի ճամբաներու վրայ իր մարմինը ծախել եւ կը փրկուի միայն իր Աստուծոյ վրայ ունեցած հաւատքին եւ Քազերթայ քաղաքին մէջ գործող հիւրընկալութեան մէկ կեդրոնի մը շնորհիւ։

Այս գիրքով, կը գրէ Սրբազան Պապը, Ժոյը իր անձնական պատմութիւնը կը նուիրէ ամէն մէկ կնոջ ու մարդու, որ կը մշակէ կեանքի պաշտպանութեան նկատմամբ սէր….Անոր պատմութեան ամէն մէկ մանրամասնութեան մէջ Աստուած անոր մօտիկ է, որպէս  լռելեան եւ թաքուն դերակատար մը…«Ժոյին պատմութիւնը շատ մը անձերու պատմութիւնն է, որոնք թիրախ են մարդավաճառութեան ողբերգութեան», դիտել կու տայ Սրբազան Քահանայապետը մատնանշելով, թէ բազմաթիւ այլ դիւրաբեկ անձերու նման Ժոյը միայն Իտալիա ժամանելէն ետքն է, որ կ ՛անդրադառնայ, թէ խաբուած է ու թէ մարդավաճառներու ձեռքը ինկած է։

Քահանայապետը հրաւէր կ՛ուղղէ ընթերցողին ինքզինք դնելու Ժոյին մօտ, կանգ առնելու անոր ցաւի վայրերուն մէջ։ «Այդ վայերը այցելելէն ետք անկարելի է անտարբեր մնալ երբ կը լսենք կուտակուած նաւերու մասին լուրեր, որոնք անտեսուած եւ նոյնիսկ ետ մղուած են մեր ափերէն» կը գրէ Ֆրանչիսկոս Պապը դիտել տալով թէ Ժոյը կը գտնուէր այդ նաւերէն մէկուն մէջ ու թէ այս աղջիկը իր դէպի ազատութիւն տանող ուղեւորութեան վրայ մեզի ցոյց կու տայ երկու հիմնական իրականութիւններ։ Ամենէն առաջ Աստուծոյ վրայ Հաւատքը որ կը փրկէ յուսալքումէն։ Երկրորդ  հասարակութիւնը։ «Ժոյը արդարեւ սկիզբ տուաւ իր վերածնունդին այն պահուն երբ ընկալուեցաւ Քազերաթյի “Casa Rut” հասարակութեան մէջ» կը հաստատէ Նորին Սրբութիւնը որ գիրքը կ՛որակէ «Հաւատքի պատմութիւն, յոյսի եւ գոհաբանութեան երգ մը, անոնց համար, որոնք իրենց կեանքը կը նուիրեն ի գործ դնելով  աւետարանական բոյրով չորս բայեր. Ընկալել. Պաշտպանել. Ընդելուցել եւ խթանել իւրաքանչիւր կեանք։

Սրբազան Պապը նախաբանը կ՛աւարտէ շնորհակալութիւն յայտնելով «բոլոր կազմակերպութիւններուն եւ անհատներուն, որոնք նաեւ իրենց կեանքի գնով, օգնութեան կը հասնին այսօրուայ ստրկութեան զոհերուն, ապա խօսքը ուղղելով Ժոյին կը խրախուսէ քաջութիւն ունենալ ու յարատեւել իր ուսմունքին մէջ, անվախ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/01/2021, 14:45