Քահանայապետին հանդիպումը Իտալիոյ  Եպիսկոպոսական համահաւաք դասի քրիստոնէականի ազգային գրասենեակի  կազմակերպուած հանդիպումի մասնակիցներուն հետ Քահանայապետին հանդիպումը Իտալիոյ Եպիսկոպոսական համահաւաք դասի քրիստոնէականի ազգային գրասենեակի կազմակերպուած հանդիպումի մասնակիցներուն հետ 

«Ան որ Տիեզերական Ժողովին չի հետեւիր դուրս է եկեղեցիէն». Ֆրանչիսկոս Պապ

«Չկայ իսկական քրիստոնէական առանց մարդոց եւ կիներու վկայութեան» հաստատեց ապա Սրբազան Պապը այդ կրօնուսոյցները որակելով «Աւետարանի պատգամաւորներ», որոնք վեհանձնութեամբ կը նուիրուին բաժնեկցելու համար Յիսուսին հետ իրենց հանդիպումի գեղեցկութիւնը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 30 Յունուար 2021-ին առաւօտեան  Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ի շարս այլ հանդիպումներու ունկնդրութիւն շնորհեց Իտալիայի Եպիսկոպոսական համահաւաք դասի քրիստոնէականի ազգային գրասենեակի կողմէ կազմակերպուած հանդիպումի մասնակիցներուն, գրասենեակի գործունէութեան 60 ամեակին առթիւ։

«Տարեդարձ մը, որ կը ծառայէ յիշելու» բայց նաեւ հնարաւորութիւն է «նորոգելու աւետիսի հոգին», հաստատեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը այս առթիւ ներկաներուն ուղղած իր ճառին մէջ անոնց հետ կիսելով Քրիստոնէականին հայող  երեք կարեւոր կէտեր։

Առաջինը «քրիստոնէականն ու Քերիկման»։ «Քրիստոնէականը Աստուծոյ Խօսքին արձագանքն է», նշեց Նորին Սրբութիւնը հաստատելով, որ փրկութեան խորհուրդին սիրտը Քերիկման է, որ է Յիսուս Քրիստոսը։  Քրիստոնէականը առ այդ պէտք է խթանէ Անոր հետ անձնական հանդիպումը եւ ասոր համար կարելի է ի գործ դնել զայն միայն միջանձական յարաբերութեան միջոցաւ։

«Չկայ իսկական քրիստոնէական առանց մարդոց եւ կիներու վկայութեան» հաստատեց ապա Սրբազան Պապը այդ կրօնուսոյցները որակելով «Աւետարանի պատգամաւորներ», որոնք վեհանձնութեամբ կը նուիրուին բաժնեկցելու համար Յիսուսին հետ իրենց հանդիպումի գեղեցկութիւնը։

«Կրօնուսոյցը արդարեւ այն անձն է, որ կը պահպանէ եւ սնունդ կու տայ Աստուծոյ յիշողութեան։ Ան ինքզինք կը դնէ աւետումի ծառայութեան տակ, ոչ թէ իր մասին այլ Աստուծոյ մասին, Անոր սիրոյն ու հաւատարմութեան մասին խօսելու համար» յարեց Նորին Սրբութիւնը մատնանշելով կրօնուսոյցի առանձնայատկութիւններուն. Պէտք է գիտնայ յայտնել Աստուծոյ սէրը, ինքզինք պէտք չէ պարտադրէ ու նկատի պէտք է առնէ ազատութիւնը, վկայելու է ուրախութեամբ եւ կենսունակութեամբ։ Եւ այս ընելու համար ան պէտք է արտայայտէ մօտիկութիւն, երկխօսութեան նկատմամբ բացուածք, համբերութիւն, սիրալիր եւ ոչ դատապարտող հիւրընկալութիւն»։

Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ մատնանշուած երկրորդ կէտը «քրիստոնէականն ու ապագան» է։ Յիշելով քրիստոնէական նորոգումի փաստաթուղթին 50 ամեակը ու մէջբերելով Պօղոս Զ քահանայապետին խօսերը, որով Ան համայն իտալական  եկեղեցին կը հրաւիրէր երախտապարտութեան նայելու Վատիկանեան տիեզերական Բ ժողովին Ֆրանչիսկոս Պապ նկատել տուաւ թէ կրօնուսոյցի պարտականութիւնն է մարդու սրտին մէջ գոյութիւն ունեցող հարցերը առաջնորդել անոնց թաքուն աղբիւրին՝  սիրոյ պարգեւը, որ կը ստեղծէ ե կը փրկէ։

Հրաւիրելով ապա մշտապէս նորոգուելու եւ ժամանակներու նորութիւններուն յարմարուելու Սրբազան Քահանայապետը հաստատեց, թէ պէտք չէ վախ ունենալ  խօսելու մարդոց ու կիներուն լեզուն, խիստ հաւատարիմ մնալով սակայն Վատիկանեան Տիեզերական Բ Ժողովի ուսուցումներուն։  «Ան, որ Վատիկանի Տիեզերական Ժողովին չի հետեւիր դուրս է եկեղեցիէն» հաստատեց Քահանայապետը։

Երրորդ կէտը «Քրիստոնէական եւ հասարակութիւն» է. որ ժամանակակից հարց մըն է ի տես համաճարակին պատճառաւ կղզիացումի եւ առանձութեան իրականութիւններուն։

Վիրուսը, ըսաւ Սրբազան Պապը, մեզ կը մղէ վերատեսելու մեր հասարակութիւն ըլլալու հասկացողութիւնը։ Մեզի հասկցնել տուաւ թէ միայն միասին է, որ մենք կարող ենք ընթանալ դէպի առաջ, հոգ տանելով մէկը միւսին։ Ասոր համար պէտք է, որ վերագտնենք հասարակութեան իմաստը։

«Քրիստոնէականն ու աւետումը չեն կարող եթէ ոչ ըլլալ այս հասարակական չափանիշին կեդրոնը» հաստատեց ապա Ֆրանչիսկոս Պապը դիտել տալով, թէ այս ժամանակը բաց հասարակութիւններու արհեստաւորներու ժամանակ է, մարդիկ որոնք գիտեն արժեւորել իւրաքանչիւրին «քանքարները»։ Ասիկա միսիոնար հասարակութեան ժամանակ է, անոնց որոնք չեն փնտռէր կարեւորութիւն ու շահ այլ կ՛ընթանան մեր  ժամանակուայ մարդոց արահետներու վրայէն, մերձենալով ծայրամասերու մէջ գտնուողներուն։

Ժամանակն է հասարակութեան մը, որ կը նայի յուսախաբ եղած երիտասարդներու աչքերով, որ կը հիւրընկալէ օտարականները ու յոյս կը ներշնչէ  անյոյսներուն։ Ժամանակ է հասարակութեան, որ կը զրուցէ անվախ նոյնիսկ անոնց հետ, որոնք տարբեր գաղափարներ ունին։ Բարի Սամարացիի հասարկութեան ժամանակ է, ան որ գիտէ մօտիկ ըլլան անոր, որ վիրաւորուած է կեանքէն, խնամելով անոր վէրքերը գթութեամբ», յարեց հուսկ Նորին Սրբութիւնը որ ճառին աւարտին մատնանշեց Իտալիոյ Եկեղեցւոյ Ֆիրենցէի համաժողովին, այդ առընչութեամբ  հրաւիրելով վերադառնալ այդ հաւաքէն բխած ցուցմունքներուն,  ունենալու համար եկեղեցի մը՝ որ միշտ մօտիկ ըլլայ անոնց, որոնք լքուած են, մոռցուած եւ անկատար, Եկեղեցի մը՝ որ ըլլայ հասկացող եւ ընկերակցող։

Ֆրանչիսկոս Պապը խօսքը եզրափակեց  հրաւէր ուղղելով «ստեղծագործ» քրիստոնէականի մը, որ  կեդրոնացած Քերիկմայի վրայ, նայի մեր հասարակութիւններու ապագային, որպէսզի անոնք ըլլան միշտ աւելիով  արմատացած Աւետարանին մէջ, ըլլան եղբայրական ու ներառող հասարակութիւններ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/01/2021, 13:14