Կարդինալ Հէնրի Շվերի Կարդինալ Հէնրի Շվերի 

Ֆրանչիսկոս Պապին ցաւակցագիրը Կարդինալ Հէնրի Շվերի մահուան ի լուր։

«Ուշադիր իր հաւատացեալներու հովուական կարիքներուն, ան մեծ ներդրում ունեցաւ քահանայական կոչումներուն ու քահանաներու կազմաւորման ծիրէն ներս ու տարբեր առիթներով սատարեց Եկեղեցւոյ միութեան» գրեց Նորին Սրբութիւնը ցաւակցագիրին մէջ
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ 8 Յունուար 2021-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան  Քահանայապետը  Սիոն թեմին եպիսկոպոս գերապայծառ Ժան Մարի Լովէյին յղած մէկ նամակով,  իր ցաւակցութիւնները արտայայտեց Կարդինալ Հէնրի Շվերիի մահուան առթիւ, Ամենողորմ Աստուծմէ հայցելով՝ որ «այս գիտութեան մարդ եւ նուիրեալ Հովիւ»  ընդունի իր յաւիտենական լոյսին ու խաղաղութեան մէջ։

Գիտութեան մարդ եւ Հովիւ

«Ուշադիր իր հաւատացեալներու հովուական կարիքներուն, ան մեծ ներդրում ունեցաւ  քահանայական կոչումներուն ու քահանաներու կազմաւորման ծիրէն ներս ու տարբեր առիթներով սատարեց Եկեղեցւոյ միութեան» գրեց Նորին Սրբութիւնը ցաւակցագիրին մէջ վստահացնելով իր մխիթարական առաքելական օրհնութիւնները բոլոր անոնց՝ որոնք կը սգան Ծիրանաւորին մահը ու կը մասնակցին անոր յուղարկաւորութեան արարողութեան։

Կենսագրական

Կարդինալ Հէնրի Շվերին ծնած էր 14 Յունիս 1932-ին։ Քահանայ ձեռնադրուած Սիոն Թեմէն ներս 1957-ին նուիրելով զանազան ծառայութիւններու՝ զինուորական մատրանապետ, «Ացիոնէ Քաթթոլիքա» եկեղեցական շարժումի երիտասարդաց մատրանապետ, Սիոնի Վարժարանի մէջ ուսուցիչ ապա փոքր նորընծայարանի մեծաւոր հուսկ Սիոնի Վարժարանի Ռէկտոր։ Եպիսկոպոս անուանուեցաւ Պօղոս Զ Քահանայապետի  կողմէ  1977ին։

1983 -1988 տարիներուն դարձաւ Զուիցերիոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահ ու այդ տարիներուն ընթացքին ստիպուած եղաւ դիմագրաւել  Սուրբ Պիոս Ժ Քահանայապետ ընկերութեան ու անոնց հիմնադիր Մարսել Լէօֆեվր եպիսկոպոսին կաթողիկէ եկեղեցւոյ հետ ունեցած կնճռոտ հարցերը։

1984 թուականին Ինք եղաւ եպիսկոպոսը որ ընկերացաւ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Զուիցերիոյ կատարած առաքելական ճամբորդութեան հուսկ եօթը տարիներ ետք Անոր ձեռքերէն ընդունեց կարդինալական տիտղոսը։

1995-ին Կարդինալ Շվերի առողջապահական հարցերու պատճառաւ ներկայացուց  իր առաջնորդի պաշտօնէն հրաժարականը, թէեւ մինչեւ 2012 թուական շարունակեց մաս կազմել Քահանայապետը ընտրելու իրաւունքով Կարդինալական դասին։

Անոր Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը նախատեսուած է երկուշաբթի 11 Յունուարի առաւօտեան 10.30-ին Սիոնի Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մէջ, որուն, համաճարակի սահմանափակումներու պատճառաւ  պիտի մասնակցին շատ փոքր թիւով հաւատացեալներ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/01/2021, 13:49