Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Քահանայապետին մօտ վերայայտնուեցաւ զստոսկրի ջղացաւը. Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի յայտարարութիւնը։

25 Յունուարին Վատիկանի մօտ հաւատարմագրուած Դիւանագիտական Մարմնի հետ հանդիպումը յետաձգուած կը համարուի։

Վատիկան Նիուզ

Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակի տնօրէն Տիար Մաթթէօ Պրունիի հրապարակած մէկ յայտարարութեամբ կը տեղեկացուի թէ զստոսկրի ջղացաւի վերայայտման պատճառաւ Քահանայապետը պիտի չի նախագահէ վաղը առաւօտեան Վատիկանեան  Պազիլիքային մէջ  նախատեսուած սուրբ պատարագը եւ անոր տեղ Պատարագը պիտի մատուցէ գերապայծառ Ռինօ Ֆիզիքելլան։ Իսկ 25 Յունուարին Վատիկանի մօտ հաւատարմագրուած Դիւանագիտական Մարմնի հետ հանդիպումը յետաձգուած կը համարուի, մինչ 25 յունուարի երեկոյեան Հռոմի Սուրբ Պօղոսի անուան պազիլիքային մէջ նախատեսուած Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի եզրափակիչ ժամասացութեան արարողութիւնը պիտի նախագահէ Կարդինալ Քիւրտ Քոխը։ «Ամենայնդէպս վաղը՝ Ֆրանչիսկոս Պապը առաքելական պալատի մատենադարէն պիտի գլխաւորէ «Հրեշտակ Տեառն»ի Մարեմեան աղօթքը, այնպէս ինչպէս նախատեսուած էր» նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/01/2021, 19:07