«Ի Ծառայութիւն մարդկային Եղբայրութեան». Ֆրանչիսկոս Պապին 2021-ի Յունուար ամսուայ աղօթքի դիտաւորութիւնը։

Մարդկութեան առջեւ կայացած բոլոր մարտահրաւէրներուն դիմաց Սրբազան Քահանայապետը մեզմէ կը խնդրէ բացուիլ մէկը միւսին ու միանալ որպէս մարդկային էականներ, որպէս եղբայրներ եւ քոյրեր, անոնց հետ, որոնք կ՛աղօթեն հետեւելով այլ մշակոյթներու, այլ աւանդութիւններու եւ այլ հաւատալիքներու։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Աղօթելով Աստուծոյ ՝ Յիսուսին հետևելով, մենք, որպէս եղբայրներ, կը միանանք բոլոր անոնց, որոնք կ՛աղօթեն. հետևելով այլ մշակոյթներու, այլ աւանդոյթներու և այլ հաւատալիքներու:

Մենք եղբայրներ ենք, որոնք կ՛աղօթեն։

Եղբայրութիւնը մեզ կը մղէ բացուելու Հօր եւ բոլիրին եւ միւսին մէջ տեսնելու եղբայր մը, քոյր մը, որուն հետ կիսել կեանքը ու փոխադարձաբար իրարու աջակցիլ, որպէսզի սիրենք, որպէսզի ճանչնանք։

Եկեղեցին կ՛արժեւորէ այլ կրօններու մէջ Աստուծոյ գործը առանց մոռնալու, որ քրիստոնեաներուս համար մարդկային արժանապատուութեան եւ եղբայրութեան ակնաղբիւրը կը գտնուի Յիսուս Քրիստոսի Աւետարանին մէջ։

Մենք հաւատացեալներս պէտք է վերադառնանք աղբիւրներուն ու կեդրոնանանք այն ամէն բանի վրայ որ էական է։ Մեր հաւատքին համար էականը Աստուծոյ պաշտամունքն է ու մերձաւորին հանդէպ սէրն է։

Աղօթենք, որպէսզի Տէրը մեզի պարգեւէ շնորհքը՝ ապրելու եղբայրութեան լիութեան մէջ միւս կրօններու եղբայրներու եւ քոյրերու հետ միասին, առանց վիճաբանելու, աղօթելով մէկը միւսին համար ու բաց ըլլալով բոլորին»։

Այս է Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետն նոր տարուայ 2021-ի առաջին ամսուայ աղօթքի դիտաւորութիւնը՝ կոչ եղբայրութեան, ուրիշին մէջ տեսնել եղբայր ու քոյր մը։

Այս առթիւ Անոր հրապարակած լսատեսողական պատգամը կը կեդրոնանայ մարդկային եղբայրութեան վրայ, հրաւէր ուղղելով, որպէսզի բոլորս վերադառնանք էականին՝ որ է մերձաւորի նկատմամբ սէրը։

Մարդկութեան առջեւ կայացած բոլոր մարտահրաւէրներուն դիմաց Սրբազան Քահանայապետը մեզմէ կը խնդրէ բացուիլ մէկը միւսին ու միանալ, որպէս մարդկային էականներ, որպէս եղբայրներ եւ քոյրեր, անոնց հետ, որոնք կ՛աղօթեն հետեւելով այլ մշակոյթներու, այլ աւանդութիւններու եւ այլ հաւատալիքներու։

Ֆրանչիսկոս Պապը այլ առիթներով միշտ կրկնած է թէ «չկայ այլընտրանք. Կամ միասին կը կառուցենք ապագան կամ չկայ ապագայ։ Կրօնները յատկապէս չեն կրնար խուսուիլ ազգերու եւ մշակոյթներու միջեւ կամուրջներ կառուցելու հրատապ պարտականութենէն»

Քահանայապետին համար տարբեր կրօններու հետեւող մարդոց միջեւ տարբերութիւնները պէտք չէ արգելք հանդիսանան ձգտելու «հանդիպումի մշակոյթին», տրուած ըլլալով՝ որ ի վերջոյ բոլորս ալ եղբայրներ ենք, որոնք կ՛աղօթեն ու միացած են «միեւնոյն Հօր» մէջ։

Քահանայապետը կ՛ընդգծէ ապա՝ թէ քրիստոնեաներուն համար մարդկային արժանապատուութեան ու եղբայրութեան արմատները կը գտնուին Յիսուս Քրիստոսի Աւետարանին մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/01/2021, 17:00