Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապը «Սփեցիա» խումբի մարիզկներուն հետ Ֆրանչիսկոս Պապը «Սփեցիա» խումբի մարիզկներուն հետ 

Ֆրանչիսկոս Պապը հանդիպեցաւ ոտնագունդի «Սփեցիա» խումբի մարզիկներուն հետ։

Մարզանքը սքանչելիք մըն է, եւ յայտ կը դնէ ամէն այն լաւ բաները որ կրենք մեր մէջ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 20 Յունուարի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաքելական պալատէն ներս ունկնդրութիւն շնորհեց ոտնագունդի «Սփեցիա» խումբի մարզիկներուն, որոնք երէկ Հռոմի «Օլիմփիքօ» մարզադաշտին մէջ «Coppa Italia» մրցախաղին առթիւ Հռոմի ոտնագունդի թիմին դէմ խաղալով ձեռք բերին 4-2 արդիւնքով յաղթանակ մը։

Անոնց հետ ունեցած հանդիպումի ընթացքին Սրբազան Պապը ողջունելով ներկաները նախ շնորհաւորեց զանոնք յաղթանակին համար, ապա նշեց թէ Արժանթինի մէջ սովորութիւն է «թանկօ» պարելը, «ու «թանկոն» 2-4 ով եղանակ է» ըսաւ Սրբազան Պապը։ Այսօր դուք 4-2 էք աւելցուց Ան   շնորհակալութիւն յայտնելով նաեւ իրենց այցելութեան համար ու հաստատելով թէ ինք կը սիրէ նկատել երիտասարդներուն ջանքերը մարզանքէն ներս, որովհետեւ մարզանքը սքանչելիք մըն է, «մարզանքը ի յայտ կը դնէ ամէն այն լաւ բաները, զոր կը կրենք մեր մէջ» յարեց Նորին Սրբութիւնը քաջալերելով ներկաները շարունակելու իրենց ընթացքը այդ ուղղութեամբ ու շնորհակալ եղաւ անոնց վկայութեան համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/01/2021, 11:35