Ինտոնեզիայի մէջ երկրաշարժ Ինտոնեզիայի մէջ երկրաշարժ 

Քահանայապետին մօտիկութիւնը երկրաշարժի թիրախ դարձած Ինտոնեզիայի բնակչութեան։

Ֆրանչիսկոս Պապը ցաւակցական հեռագիրով իր ցաւակցութիւնները արտայայտեց անցեալ օր գիշերուան ժամը 2-ին Ինտոնեզիայի Սուլավեզի կղզին հարուածող երկրաշարժի զոհերուն։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կարդինալ Փիերթրօ Փարոլինի ստորագրութիւնը կրող ցաւակցական հեռագիրով մը Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր խորին ցաւակցութիւններն ու զօրակցութիւնը  փոխանցեց Ինտոնեզիայի եկեղեցական եւ քաղաքացիական իշխանութիւններուն, ի տես անցեալ գիշեր Սուլավեզի կղզին հարուածող երկրաշարժին։

«Քահանայապետը տխրութեամբ ընկալելով Ինտոնեզիան հարուածող ահեղ երկրաշարժին լուրը, որ պատճառեց մարդկային կորուստներ ու սեփականութիւններու կործանում, իր անկեղծ զօրակցութիւնը կ՛արտայայտէ բոլոր այն անձերուն, որոնք զոհ եղան այս բնական աղէտին» գրուած է հեռագիրին մէջ, ուր ապա Կարդինալ Փարոլինը կը վստահեցնէ թէ Քահանայապետը կ՛աղօթէ մեռեալներուն համար ինչպէս նաեւ վիրաւորներու ապաքինման ու տառապողներուն մխիթարութեան համար։

Ան յատուկ կերպով քաջալերանք կ՛արտայայտէ քաղաքացիական իշխանութիւններուն, «որոնք ներգրաւուած են որոնումի եւ օգնութեան շարունակական աշխատանքին մէջ», գրուած է միշտ հեռագիրին մէջ, որուն աւարտին Կարդինալ Փարոլինը կը նշէ թէ. «Սրբազան Պապը բոլորին համար կը հայցէ յոյսի եւ զօրութեան աստուածային օրհնութիւններ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/01/2021, 08:00