Սանթա Մարթայի մատրան մէջ պատարագ Սանթա Մարթայի մատրան մէջ պատարագ 

«Գրակարդացումի եւ սպասաւորութեան կարգերը բաց ըլլան կիներուն». Ֆրանչիսկոս Պապին ինքնագիր նամակը։

Ֆրանչիսկոս Պապը ինքնագիր նամակով մը փոփոխութիւններ ներմուծեց Եկեղեցական կանոնագրութեան մէջ պաշտօնական դարձնելով իգական սեռի խորանին ծառայութեան կարգը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ընթերցողի եւ սպասաւորութեան դպիրներուն վերապահուած այս պարտականութիւնները Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին ինքնագիր մէկ նամակով պաշտօնապէս կը բացուին նաեւ իգական սեռին, որոնք այսօրուընէ սկսեալ յատուկ մէկ հրամանագիրով կարող են կատարել այս պարտականութիւնները։  Ասիկա նորութիւն մը չէ տրուած ըլլալով, որ բազմաթիւ թեմերէն ներս շատ մը կիներ ծիսական արարողութիւններու ընթացքին արդեն դպրութիւն կը կատարէին, սակայն այսօրուընէ այս մէկը կը դառնայ պաշտօնական։ 

Ինքնագիր նամակին կից Սրբազան Քահանայապետը նամակ մը ուղղեց նաեւ Հաւատոյ Վարդապետութեան Ժողովի  կառավարիչ Կարդինալ Լուիս Լատարիային որուն մէջ Սրբազան Պապը կը բացատրէ իր այս ընտրութեան աստուածաբանական պատճառները, զանոնք կապելով նաեւ Վատիկանեան Բ Տիեզերական ժողովէն  գծուած բարեփոխումներուն ու վերագտնելու համար «Եկեղեցւոյ  մէջ բոլոր մկրտեալներուն համապատասխանատուութիւնը, յատկապէս աշխարհականներուն առաքելութիւնը»։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը նամակին մէջ կը մէջբերէ նաեւ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ խօսքերը՝ թէ «եկեղեցին ոչ մէկ իրաւունք ունի կիներուն  շնորհելու քահանայական ձեռնադրութիւնը»,  աւելցնելով  թէ «ոչ ձեռնադրուած դպիրներուն համար այս մէկը կարելի է»։

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/01/2021, 12:00