«Քափիթոլ Հիլ»e «Քափիթոլ Հիլ»e 

ԱՄՆ. Ոչ բռնութեան, լուծում գտնելու ժամն է. Ֆրանչիսկոս Պապ

«Canale 5» Իտալական հեռուստակայանի հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապը մեկնաբանելով ՄԱՆ Քոնկրէսի դէմ յարձակումը կը նշէ թէ հարկաւոր է պատմութենէն դասեր քաղել։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ

«Քափիթոլ Հիլ»ի իրադարձութիւնները մեծ անակնկալ եղան նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապին համար, նոյնիսկ եթէ «ոչ մէկ ընկերութիւն կարող է ինքզինք անձեռնմխելի համարել, ներքին քայքայիչ մղումներէ»։  «Canale 5» Իտալական հեռուստակայանի հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապը մեկնաբանելով ՄԱՆ Քոնկրէսի դէմ յարձակումը ըսած է «Ես մեծապէս զառամացայ, որովհետեւ անոնք ժողովրդավարութեան մէջ կարգապահ ժողովուրդ են», թէեւ նկատել տուաւ Ֆրանչիսկոս Պապը «նոյնիսկ ամէնահասուն իրականութիւններուն մէջ միշտ ալ կան բաներ, որոնք պէտք եղածին պէս չեն ընթանար, կան մարդիկ որոնք կ՛ընթանան հասարակութեան դէմ, ժողովրդավարութեան դէմ եւ հասարակաց բարիքի դէմ ճանապարհի վրայ»։

Բռնութիւնը մշտապէս դատապարտելի է

«Բռնութիւնը մշտապէս դատապարտելի է։ Եւ այդ շարժումը, անկախ անձերէն պէտք է դատապարտուի» հաստատեց Սրբազան Քահանայապետը աւելցնելով՝ որ  «Ոչ մէկ ազգ կարող է պարծենալ թէ ինք բռնութեան ոչ մէկ դէպք ունեցած է, ուստի հարցը «պէտք լաւ հասկնալ» որպէսզի չի կկրկնուի եւ «դաս քաղել պատմութենէն»։ 

Պատուաստուիլը նշան յարգանքի

Հարցազրոյցի ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապը խօսեցաւ նաև համաճարակի պատճառ քորոնավիրուսի դէմ պատրաստումներու բարոյական ընտրութեան մասին ՝ յուսալով, որ բոլորը դիմեն պատուաստին, ու այդ մէկը ընեն նաև ուրիշներու կեանքի և առողջութեան նկատմամբ յարգանքի համար: Քահանայապետը յայտարարեց, որ ինք եւս ամրագրուած է յառաջիկայ շաբաթներու ընթացքին ստանալու համար պատուաստը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/01/2021, 17:00