Փրոֆ. Ֆապրիցիօ Սոքքորսոյի  յուղարկաւորութեան արարողութիւն Փրոֆ. Ֆապրիցիօ Սոքքորսոյի յուղարկաւորութեան արարողութիւն 

Ֆրանչիսկոս Պապը մասնակցեցաւ իր անձնական բժիշկ Ֆապրիցիօ Սոքքորսոյի յուղարկաւորութեան։

Տոքթ. Ֆապրիցիօ Սոքքորսոյի Ճեմելլի հիւանդանոց փոխադրուած էր ուռուցքաբանական բուժումներ ստանալու համար ու մահացաւ Covid-19- ի հետ կապուած բարդութիւններ ու հետեւանքով։ Յառաջիկայ 2 Փետրուարին ան պիտի բոլորէր 79 տարեկանը։ `
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ

Երեքշաբթի 26 Յունուար 2021-ի յետմիջօրէին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի Պետական պալատի Մարիամ Ընտանիքի Թագուհի եկեղեցւոյ մէջ իր մասնակցութիւնը բերաւ անցեալ 9 Յունուարին Ճեմելլի հիւանդանոցին մէջ վախճանած իր անձնական բժիշկ Փրոֆ Ֆապրիցիօ Սոքքորսոյի  յուղարկաւորութեան զոր նախագահեց Վատիկանի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը։

Տոքթ. Ֆապրիցիօ Սոքքորսօ Ճեմելլի հիւանդանոց փոխադրուած էր ուռուցքաբանական բուժումներ ստանալու համար ու մահացաւ  Covid-19- ի հետ կապուած բարդութիւններ ու հետեւանքով։ Յառաջիկայ 2 Փետրուարին ան պիտի բոլորէր 79 ամեակը։  

Տոքթ Ֆապրիցիօ Սոքքորսի ծնած էր 2 փետրուար 1942-ին Հռոմի մէջ ուր 1968-ին Սափիենցա համալսարանին մէջ կ՛աւարտէ բժշկական եւ վիրաբուժութեան ուսմունքները նուիրուելով բժշկութեան ասպարէզին ու Հռոմի տարբեր մասնագիտական վարժարաններու մէջ դասաւանդելով։

2015 թուականին Ֆրանչիսկոս Պապը զինք կ՛ընտրէ, որպէս անձնական բժիշկ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/01/2021, 20:00