Պօղոս Զ Պապը եւ օրը երբ աշխարհի համար խաղաղութեան աղօթքը սկիզբ առաւ Մանուկ Յիսուս Հիւանդանոցին մէջ.

Տօնախմբելու համար Խաղաղութեան Համաշխարհային օրը զոր ինք հաստատած էր նախորդ տարուայ ընթացքին, Պօղոս Զ Քահանայապետը մէկ յունուար 1968-ին այցելութիւն տուաւ Հռոմի Մանուկ Յիսուս Մանկաբուժարանի փոքրիկ հիւանդներուն։ Վերջերս վերայայտնուած անտիպ տեսանիւթ մը ցոյց կու տայ այդ այցին պահերը ու յուզմունքը՝ որով Մոնթինի Քահանայապետը փոքրիկներէն կը խնդրէ իրենց ցաւերը նուիրել աշխարհի խաղաղութեան ու հաշտութեան համար։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Մէկ Յունուար 1968-ի առաւօտեան 8.30-ին Պօղոս Զ Սրբազան Քահանայապետը յատուկ կերպ մը ընտրեց տօնախմբելու համար Խաղաղութեան Համաշխարհային առաջին օրը, այցելութիւն տալով Մանուկ Յիսուս Քահանայապետական մանկաբուժարանին, ուր մատոյց սուրբ պատարագ եւ այցելեց հիւանդանոցի զանազան բաժանմունքները ու հանդիպում ունեցաւ փոքրիկ հիւանդներուն հեր անոնց փոխանցելով մխիթարական խօսքեր։

Այդ օրուան վկայութիւնը կը գտնուի հիւանդանոցի արխիւներուն մէջ վերջերս յայտնաբերուած տեսանիւթ մը մէջ։ Քահանայապետը խօսքը ուղղելով փոքրիկ հիւանդներուն կ՛ըսէ. «Քահանայապետը եկած է ձեզմէ խնդրելու ձեր արցունքներուն նուէրը, այսինքն ձեր ցաւը, ձեր անձկութիւնները, եւ այդպիսի իրավիճակները, որոնք կը տխրեցնեն խելացի եւ աշխուժ էակները։ Ձեզի խնամքը չի պակսիր սակայն հիւանդանոցի մէջ ենք ու այս մէկը սիրտը կը տրտմեցնէ, կը վերացնէ որեւէ ժպիտ, ու կը բանայ լացին ջիղը։ Սակայն կայ աղօթքը, որ կը մխիթարէ եւ կը լուսաւորէ»։

Պօղոս Զ ապա հարց կու տայ. «Կ՛ուզէ՞ք ցաւ մը նուիրել ու որոշ աղօթք մը աղօթել ինծի համար։ Իմ դիտաւորութիւններուս համար ու յատկապէս այն դիտաւորութեան, որ սրտիս մէջ է՝ խաղաղութիւնը»։

Փոքրիկ հիւանդներուն բացատրելով  թէ աշխարհին մէջ կան բազմաթիւ եւ այլ մանուկներ, որոնք իրենցմէ աւելի տխուր են, որովհետեւ կ՛ապրին պատերազմական վայրերու մէջ, յաճախ միայնակ եւ առանց, որեւէ օգնութեան եւ կամ վիրաւոր եւ հիւանդ, խեղդուկ ձայնով կը նորոգէ հրաւէրը. «Դուք ալ պիտի աղօթէ՞ք։ Այս նուէրը պիտի ընէ՞ք Քահանայապետին։ Ես իրաւացի պիտի ըլլա՞մ երբ պիտի ըսեմ, որ Մանուկ Յիսուսին մանուկները իրենց ցաւերը, տառապանքը եւ աղօթքները կը նուիրեն խաղաղութեան մեծ դատին ի նպաստ»։

Մանուկներուն աղօթքը վստահաբար պիտի յուզէ Աստուծոյ սիրտը։ «Ուրեմն զաւակներս դուք Քահանայապետին կը նուիրէք մեծ պարգեւ մը, եթէ խոստանաք ձեր տառապանքն ու աղօթքը նուիրել աշխարհի խաղաղութեան համար, բազմաթիւ մանուկներուն համար, որոնք կը տառապին ձեզ նման ու աւելի շատ ու նաեւ բոլոր այն մարդոց, որոնք սանձազերծուած են մէկը միւսին դէմ, որպէսզի դառնան եղբայրներ, բարի, եւ առաջնորդուին իսկապէս Տիրոջ խաղաղութեան»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/01/2021, 15:00