«Աչքերը բարձրացնել, ճամբայ ելլել եւ տեսնել։ Հետեւինք մոգերուն». Քահանայապետին Աստուածայայտնութեան տօնին քարոզը

«Եւ տունը մտնելով, տեսան մանուկը իր մօր` Մարիամի հետ, եւ գետին ինկած երկրպագութիւն ըրին անոր»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 6 Յունուար 2021-ի առաւօտեան 10-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոսի մայր տաճարին մէջ գլխաւորեց Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Յայտնութեան տօնին Սուրբ Պատարագը որ սփռուեցաւ ուղիղ եթերով։

Այս առթիւ իր արտասանած քարոզին մէջ Սրբազան Պապը  մատնանշեց՝ Մատթէոս Աւետարանիչէն քաղուած  օրուան աւետարանական հատուածին, որ կը պատմէ  Մոգերուն Բեթղեհէմ ժամանումը ու անոնց Յիսուսին առջեւ երկրպագութիւնը. «Տեսան մանուկը իր մօր` Մարիամի հետ, եւ գետին ինկած երկրպագութիւն ըրին Անոր» (Մատթէոս 2,11)։

Ասկէ մեկնելով Ֆրանչիսկոս Պապը բացատրեց, թէ Երկրպագութիւն ընելը դիւրին չէ ու թէ որոշ հոգեւոր հասունութիւն կը պահանջէ, որովհետեւ ան նպատակակէտն է ներքին մէկ ուղեւորութեան։

Դաս քաղել Մոգերէն

«Մարդ անհատը կարիքը ունի երկրպագելու սակայն շատ անգամ վտանգը կայ, որ ան փոխան Աստուծոյ երկրպագութիւն ընէ կուռքերուն» ըսաւ Սրբազան Պապը հրաւիրելով դաս քաղել Մոգերէն ու անոնց նման գետին ինկած երկրպագութիւն ընել Տիրոջ։

Այս արջնութեամբ Նորին Սրբութիւնը  ակնարկեց երեք արտայայտութիւններու «Աչքերը բարձրացնել», «ճամբայ ելլել» եւ «տեսնել»։

Աչքերը վեր բարձրացնել՝ Տէրը մօտ է մեզի։

Տիրոջ երկրպագելու համար պէտք է նախ եւ առաջ «աչքերը վեր բարձրացնել», թոյլ չտալ ձերբակալուիլ ներքին ուրուականներէն, որոնք կը մարեն յոյսը, եւ հարցերն ու դժուարութիւնները չի դարձնել կեանքի կեդրոն։ «Այս չի նշանակեր ժխտել իրականութիւնը այլ նոր ձեւով տեսնել հարցերը եւ անձկութիւնները, գիտակցելով, որ Տէրը կը ճանչնայ մեր դժուար կացութիւնները, ուշադրութեամբ կ՛անսայ մեր աղերսներուն եւ անտարբեր չի մնար մեր հոսեցուցած արցունքներուն», ըսաւ Սրբազան Պապը դիտել տալով, թէ երբ «ընդհակառակը մեր ուշադրութիւնը կը կեդրոնացնենք միայն հարցերու վրայ, մերժելով մեր աչքերը սեւեռել Աստուծոյ, վախը կը պատէ մեր սիրտը ու զայն ուղեկորոյս կը դարձնէ, հրահրելով զայրոյթ, տարակուսանք, անձկութիւն եւ ընկճուածութիւն»։

«Երբ մենք մեր աչքերը բարձրացնենք դէպի Աստուած, կեանքին հարցերը չեն անհետանար, սակայն կը զգանք թէ Տէրը՝ մեզի կը պարգեւէ պէտք եղած ուժը, զանոնք դիմագրաւելու համար։ Աչքերը բարձրացնելը առ այդ առաջին քայլն է, որ մեզ կը դնէ երկրպագութեան ուղիին վրայ, որովհետեւ Քրիստոսին աշակերտին ուրախութիւնը իր հիմքը կը գնտէ Աստուծոյ հաւատարմութեան մէջ, որուն խոստումները միշտ ալ կ՛իրականան» ըսաւ Սրբազան Պապը։

Ճամբայ ելլել

Երկրորդ արտայայտութիւնը «ճամբայ ելլելն է», մենք մեզ ուղեւորութեան մէջ դնելն է։ Նախ քան Մանուկին երկրպագութիւն կատարելը Մոգերը ստիպուած եղան դիմագրաւել երկար ճամբորդութիւն մը։

«Երբ Յիսուս ծնաւ Հրէաստանի Բեթղեհէմ քաղաքին   մէջ, Հերովդէս թագաւորին օրով, ահա արեւելքէն մոգեր եկան Երուսաղէմ, եւ հարցուցին. «Ո՞ւր է Հրեաներու թագաւորը որ ծնաւ, որովհետեւ անոր աստղը տեսանք արեւելքի մէջ եւ եկանք երկրպագելու անոր» (Մատթ. 2, 1-2)։

Ճանապարհորդութիւնը միշտ կ՛ենթադրէ բարեփոխում, փոփոխութիւն։ Ճամբորդութենէն մը ետք ճանապարհորդին մէջ նոր բան մը կը յայտնաբերուի, գիտութիւնները աւելիով կ՛ընդլայնուին, հանդիպեցաւ նոր անձերու եւ նոր բաներու, փորձարկեց կամքին ուժը դիմագրաւելու համար ճամբորդութեան դժուարութիւնները։

Տիրոջ երկրպագուներ կը դառանք աստիճանական ուղեւորութեան մը միջոցաւ, ներքին ճամբորդութեան մը աւարտին…այս առնչութեամբ ձախողութիւնները, տագնապները, սխալները կարող են դառնալ դաստիարակող փորձառութիւններ, որոնք յաճախ կը ծառայեն մեզ իրազեկ դարձնելու, թէ միայն Տէրը արժանի է պաշտամունքի. Որովհետեւ միայն Ան է, որ կը բաւարարէ իւրաքանչիւր անձի խորքին մէջ գտնուող կեանքի եւ յաւիտենականութեան ցանկութիւնը։

Թոյլ չտանք որ յոգնութիւնները, անկումներն ու ձախողութիւնները մեզ տանին յուսահատութեան։

«Հաւատքով ապրուած կեանքի յոգնութիւններն ու փորձանքները ժամանակի ընթացքին կը սատարեն սիրտը բիւրեղացնելու ու զայն դարձնելու աւելի խոնարհ եւ աւելիով տրամադիր Աստուծոյ բացուելու» նշեց Նորին Սրբութիւնը դիտել տալով որ, Մոգերու նման մենք եւս պէտք է թոյլ տանք, որ կեանքի ճանապարհորդութիւնը մեզ դաստիարակէ։

Թոյլ չտանք որ յոգնութիւնները, անկումներն ու ձախողութիւնները մեզ տանին յուսահատութեան։ Այլ զանոնք ընդունինք հեզութեամբ զանոնք դարձնելով հնարաւորութիւն, որպէսզի յառաջանանք դէպի Յիսուս մեր Տէրը ու նայելով Անոր մենք պիտի գտնենք ուժը նորոգուած ուրախութեամբ շարունակելու մեր ուղեւորութիւնը», յարեց Սրբազան Պապը եւ ակնարկեց երրորդ արտայայտութեան «տեսնել»։

Տեսնել երեւոյթէն անդին

«Եւ տունը մտնելով, տեսան մանուկը իր մօր` Մարիամի հետ, եւ գետին ինկած երկրպագութիւն ըրին անոր»։

Երկրպագութիւնը յարգանքի տուրք մըն էր վերապահուած Ինքնիշխաններուն եւ մեծամեծներուն։ Մոգերը երկրպագեցին Անոր, որ ճանչցան որպէս Հրեաներու թագաւոր։ Անոնք թէեւ տեսան աղքատ Մանուկ մը իր մօտ հետ, կարողացան այդ Մանուկին մէջ տեսմել իշխանի մը ներկայութիւնը։ Անոք կարողութիւնը ունեցան «տեսնելու», երեւոյթէն անդին։

«Տիրոջ երկրպագութիւն ընելու համար հարկաւոր է «տեսնել» տեսանելիէն անդին» ըսաւ Սրբազան Պապը, հարկաւոր է ունենալ հայեացք մը, որ չի հրապուրուիր ինքնացուցադրութեան հրավառութիւններէն, այլ ամէն բանի մէջ կը փնտռէ այն ինչ՝ որ անցողական չէ։

Սուրբ Պօղոս արդարեւ կը գրէ « Ասոր համար մեր աչքերը չենք սեւեռած տեսանելի, այլ անտեսանելի բաներու վրայ, որովհետեւ տեսանելին անցողական է իսկ անտեսանելին յաւիտենական» (Բ Կորընթաց. 4, 18):

Միայն Աստուած պաշտել

Թող, որ Տէրը՝ Յիսուս մեզ դարձնէ իր իսկական երկրպագողները, որոնք կարող կեանքով յայտելու անոր սիրոյ ծրագիրը որ կ՛ողջագուրէ համայն մարդկութիւնը։ Հայցենք շնորհքը մեզմէ իւրաքանչիւրիս եւ համայն Եկեղեցւոյ համար, որպէսզի սովրինք երկրպագութիւն ընել, եւ գործադրել երկրպագութեան աղօթքը որովհետեւ միայն Աստուած  պէտք է պաշտել.

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/01/2021, 11:01