Ճօ Պայտընի երդման արարողութիւնը Ճօ Պայտընի երդման արարողութիւնը 

Ֆրանչիսկոս Պապը Ճօ Պայտընին. Խթանել խաղաղութիւնն ու հաշտութիւնը ԱՄՆ-ի եւ աշխարհի մէջ։

«Ամէն մէկ իմաստութեան եւ ճշմարտութեան աղբիւր Աստուծմէ կը խնդրեմ, որ առաջնորդէ ձեր ջանքերը խթանելու համար հասկացողութիւնը, հաշտութիւնը եւ խաղաղութիւնը, Միացեալ Նահանգներու մէջ եւ աշխարհի երկիրներու միջեւ, ի նպաստ տիեզերական հասարակաց բարիքի խթանումին»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 20 Յունուար 2021-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը շնորհաւորական հեռագիր մը յղեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու 46-րդ նախագահ Տիար Ժոզէֆ Ռոպինէթ Պայտընի, անոր նախագահական երդման արարողութեան առթիւ, որուն մէջ ապահովեցուց  իր աղօթքները, որպէսզի «Ամենակալ Աստուած անոր շնորհէ իմաստութիւն եւ ուժ իրեն յանձնուած բարձր պաշտօնը կատարելու համար»։

Աշխարհին ապրած ճգնաժամը հեռատես եւ միասնական պատասխաներ կը պահանջէ

«Թող որ ձեր ղեկավարութեան տակ Ամերիկացի ժողովուրդը շարունակէ ուժ քաղել քաղաքական, բարոյական եւ կրօնական բարձր արժէքներէն, որոնք ներշնչեցին ազգը անոր հիմնադրութեան օրուընէ  սկսեալ»  գրած է Սրբազան Պապը հեռագիրին մէջ,  ուր ակնարկած է մարդկային ընտանիքին ապրած ծանր ճգնաժամին,  որ կը պահանջէ «հեռատես եւ միասնական պատասխաներ», նշած է Ան մատնանշելով՝ թէ  ինք կ՛աղօթէ որպէսզի նախագահին որոշումները առաջնորդուին  իսկական արդարութեամբ եւ ազատութեամբ ընկերութեան մը կերտումի մտահոգութենէն ու նաեւ իւրաքանչիւր անձի, ու յատկապէս,աղքատներու, անապահովներու եւ ձայն չունեցողներու արժանապատուութեան եւ իրաւունքներու անթերի յարգանքը երաշխաւորելու մտահոգութենէն։

Խթնաել հասկացողութիւնը, հաշտութիւնը եւ խաղաղութիւնը

«Միաժամանակ Աստուծմէ որամէն մէկ իմաստութեան եւ ճշմարտութեան աղբիւր է, կը խնդրեմ,  որ առաջնորդէ ձեր ջանքերը խթանելու համար հասկացողութիւնը, հաշտութիւնը եւ խաղաղութիւնը, Միացեալ Նահանգներու մէջ եւ աշխարհի երկիրներու միջեւ, ի նպաստ տիեզերական հասարակաց բարիքի խթանումին»  գրած է միշտ Սրբազան Պապը, որ հեռագիրը աւարտած է նախագահին, անոր ընտանիքին ու սիրեցեալ ամերիկացի ժողովրդին վրայ հայցելով աստուածային առատ օրհնութիւններ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/01/2021, 18:30