Աղքատութիւնը անընդունելի է Աղքատութիւնը անընդունելի է 

«Բոլորս ունինք նոյն նպատակը «կառուցել աւելի արդար եւ եղբայրական աշխարհ մը». Ֆրանչիսկոս Պապ։

Քահանայապետին պատգամը Պելճիքայի մէջ գործող երկու եկեղեցական կազմակերպութիւններուն «Փոխօգնութիւն և եղբայրութիւն» և «Միասին ապրիլ գործողութիւն»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ 29 Յունուար 2021-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը գրաւոր պատգամ մը ուղղեց Պելճիքայի մէջ գործող «Փոխօգնութիւն և եղբայրութիւն» և «Միասին ապրիլ գործողութիւն» եկեղեցական երկու կազմակերպութիւններուն։

Առաջինը հիմնուած է 1961-ին Պելճիքայի եպիսկոպոսներուն կողմէ «Բաժնեկցութեան Քառասնորդաց» ձեռնարկի միջոցաւ, որուն նպատակը եղաւ հրաւիրել կաթողիկէները իրենց կենսամիջոցները բաժնեկցելու նորանկախ երկիր Քոնկոյի հետ։

 Երկրորդը հիմնուած է 1971-ին, միշտ Պելճիքայի եպիսկոպոսներուն կողմէ, նպատակ ունենալով «Յիսնակացի» շրջանին դրամահաւաք կազմակերպել  օգնութեան հասնելու աղքատութեան դէմ պայքարով ընկերակցութիւններուն։

Պայքարիլ աղքատութեան դէմ

«Կը շնորհաւորեմ ձեր երկու կազմակերպութիւնները՝ առաքելութեան իրականացման գործընթացքի մէջ անոնց հաւատարմութեան համար, և իմ սրտի խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնում բոլոր անոնց, որոնք այս գործունէութիւնը կը կատարեն, որպէս կամաւորներ, որպէս մասնագէտներ կամ բարերարներ» գրած է Քահանայապետը պատգամին մէջ անդրադարձ կատարելով նաեւ Քովիտ-19 ժահրին յառաջացուցած ճգնաժամին, այս ծիրէն ներս աւելի քան երբեք հրատապ նկատելով շարունակել օգնութիւններու գործունէութիւնը ու նաեւ զարգացնելու զանոնք։

Ֆրանչիսկոս Պապը քաջալերեց առ այդ բոլորը շարունակելու իրենց ընթացքը ու իրենց յանձնառութիւնը՝ պայքարելու համար աղքատութեան դէմ, որ ընընդունելի է, հաստատելով, որ «բոլորս ունինք նոյն նպատակը. կառուցել աւելի արդար եւ եղբայրական աշխարհ մը»։

Քրիստոս՝ գերագոյն բարի Սամարացին

Նորին Սրբութիւնը ապա պատգամը աւարտեց բոլորին շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնները ու խրախուսեց շարունակել ճանապարհը Քրիստոսի շնորհքով՝ որ գերագոյն բարի Սամարացին է։

Մի մոռնաք աղօթելու ինծի համար ու համայն եկեղեցւոյ համար գրեց Սրբազան պապը պատգամի աւարին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/01/2021, 12:30