Լատին Ամերիկայի Եպիսկոպոսներու Խորհուրդը (Արխիւ); Լատին Ամերիկայի Եպիսկոպոսներու Խորհուրդը (Արխիւ); 

«Եկեղեցին ինքզինք կը նուիրէ հացի բեկանուին մէջ, ինքզինք կը նուիրէ բոլորին առանց բացառութեան». Ֆրանչիսկոս Պապին պտագամը Լատին Ամերիկայի Եպիսկոպոսներու խորհուրդին։

«Բոլորս դէպի դուրս միսիոնար աշակերտներ ենք» Այս է Լատին Ամերիկայի եւ Քարիպէյի Եկեղեցական առաջին հաւաքին բնաբանը որ ներկայացուեցաւ 24 Յունուարին եւ պիտի գումարուի յառաջիկայ 21 – 28 նոյեմբեր 2021-ին։ Ֆրանչիսկոս Պապին տեսաուղերձը։
Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Սիրելի Միկել…կ՛ուզեմ ձեր հետ ըլլալ այս պահուն եւ մինչեւ Նոյեմբեր ամիսը ընթացող նախապատրաստութիւններու ընթացքին»։ Եղբայրական ոճով է, որ Ֆրանչիսկոս Պապը հանդէս կու գայ՝ յառաջիկայ 21 – 28 նոյեմբերին Մեքսիքօ քաղաքին մէջ նախատեսուած Լատին Ամերիկայի եւ Քարիպէյի եկեղեցական հաւաքին «վիրթուալ» ներկայացումին առթիւ՝  Լատին Ամերիկայի եպիսկոպոսական Խորհուրդի (ՉԵԼԱՄ) նախագահ Գերապայծառ Միկել Քապրէյոս Վիտարթին  յղած տեսաուղերձին մէջ։

Ունկնդրէ լուրը

Եկեղեցական սոյն կարեւոր ձեռնարկին բնաբանն է «Բոլորս դէպի դուրս միսիոնար աշակերտներ ենք»,  որ պիտի յիշատակէ Լատին Ամերիկայի եպիսկոպոսներու Ափարեսիտայի հինգերորդ ընդհանուր հաւաքը, որպէս նպատակ ունենալով «խոկալ ժողովուրդներու իրականութեան մասին ու խորացնել ցամաքամասի մարտահրաւէրներու քննարկումը, վերազարթնել հովուական յանձնառումը եւ սիւնհոդոսական բանալիով որոնել նոր ճանապարհներ։

Աստուծոյ Ժողովուրդի հաւաք մը՝ որ կը փնտռէ Անոր կամքը

Տեսաուղերձին մէջ Սրբազան Պապը կ՛ընդգծէ յառաջիկայ համաժողովին տրուելիք արժէքը, որ պէտք չէ հասկնալ Լատին Ամերիկայի եպիսկոպոսական  նախորդ համաժողովներու նման, ինչպէս եղաւ Ափարեսիտայի ժողովը, «որմէ պէտք է շատ դասեր քաղել տակաւին», այլ պէտք է ըլլայ ուղեւորութեան մէջ «Աստուծոյ ժողովուրդին հաւաքը», աշխարհականներու, կրօնաւորներու, քահանաներու եւ եպիսկոպոսներու մասնակցութեամբ, որոնք  կ՛աղօթեն, կը զրուցեն, կը մտածեն, կը վիճաբանին եւ Աստուծոյ կամքը կը փնտռեն միասին»։

Աստուծոյ ժողովուրդէն դուրս ի յայտ կու տան  ընտրանիները

Քահանայապետը ապա իր մօտիկութիւնը արտայայտելով գերապայծառ Վիտարթէին եւ «ՉԵԼԱՄ»ի անդամներուն ցոյց կու տայ երկու չափանիշեր, որոնք պէտք է ընկերանան  այս ժամանակին. որ «կը բանայ յոյսի նոր հորիզոններ» կը նշէ Սրբազան Պապը։

Առաջին չափանիշը ամփոփուած է «Ժողովուրդի հետ միասին» արտայայտութեան մէջ, որ հակառակ է «ընտրանի» Եկեղեցւոյ հասկացողութեան,  որովհետեւ «Եկեղեցական համահաւաք մը նշան է Եկեղեցւոյ մը՝ որ բացառութիւններ չի դներ» կը հաստատէ Ֆրանչիսկոս Պապը

Եկեղեցին ինքզինք կը նուիրէ բոլորին առանց բացառութեան։

Ժողովուրդին հետ. Մի մոռնաք այս մէկը, բոլորս մաս ենք Աստուծոյ Ժողովուրդին։ Աստուծոյ Ժողովուրդէն դուրս ի յայտ կու գան «ընտրանիները», որոնք լուսաւորուած են այս կամ այն գաղափարախօսութեամբ,  ու այս մէկը Եկեղեցին չէ։ Եկեղեցին ինքզինք կը նուիրէ հացի բեկանուին մէջ, Եկեղեցին ինքզինք կը նուիրէ բոլորին առանց բացառութեան։

«Միւս չափանիշը աղօթքն է։ Տէրը մեր մէջ է։ Թող ան զգալ տայ իր ներկայութիւնը» մեր աղօթքներուն շնորհիւ կը հաստատէ Ֆրանչիսկոս Պապը որ տեսաուղերձը կ՛աւարտէ անգամ մը եւս ապահովեցնելով իր մօտիկութիւնը, իր աղօթքներն ու մաղթանքները՝ որպէսզի յառաջ ընթանան քաջութեամբ։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/01/2021, 10:00