Ամանորի Սուրբ Պատարագ Սուրբ Պետրոսի մէջ Ամանորի Սուրբ Պատարագ Սուրբ Պետրոսի մէջ  

«Օրհնել, ծնիլ եւ գտնել». Աստուածամայրը մեզ կը միացնէ Աստուծոյ։

Այս տարի երբ յոյս ունինք վերածնունդի եւ նոր դարմաններու վրայ, զանց չընենք խնամքը։ Որովհետեւ մարմնին պատուաստէն անդին կարիքը կայ նաեւ սրտի պատուաստի ու այդ պատուաստը խնամքն է։ Ասիկա լաւ տարի մը պիտի ըլլայ եթէ մենք խնամք տանինք մէկը միւսին, ինչպէս կ՛ընէ Աստուածածինը մեր հետ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Սուրբ Կոյս Աստուածամայր, քեզի կը նուիրենք նոր տարին։ Դուն որ գիտես սրտիդ մէջ խորհիլ, մեզի խնամք տար։ Օրհնէ մեր ժամանակը եւ սորվեցուր մեզի ժամանակ գտնել Աստուծոյ եւ ուրիշներուն համար։ Մենք քեզ կը գովաբանենք ուրախութեամբ եւ վստահութեամբ. Սուրբ Մայր Աստուծոյ, Սուրբ Մայր Աստուծոյ, Սուրբ Մայր Աստուծոյ»։ Աղօթքն է սա, որ կ՛եզրափակէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին  քարոզը, որ կարդացուեցաւ մէկ Յունուար 2021-ի Սուրբ Պետրոսի մայր տաճարին մէջ, Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածածնայ տօնին եւ Խաղաղութեան համաշխարհային 54րդ օրուան նուիրուած ամանորի Սուրբ պատարագի ընթացքին, զոր նախագահեց Վատիկանի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը, փոխան Ֆրանչիսկոս Պապին, որ թեթեւ անհանգստութեան պատճառաւ չի կարողացաւ գլխաւորել նոր տարուան այս պատարագը։

Քարոզին մէջ Նորին Սրբութիւնը շեշտը դրած է օրուան սուրբ գրային ընթերցումներուն վրայ, որոնք ի յայտ կը դնեն Աստուածամօր մէջ իրենց լրումը գտնող երեք բայեր. Օրհնել, ծնիլ եւ գտնել։

Օրհնութիւնը կ՛ընդունուի որպէսզի զայն պարգեւենք

Մատնանշելով առաջին բային Քահանայապետը դիտել կու տայ թէ Յիսուս հօր օրհնութիւնն է։ Ամէն անգամ որ մենք մեր սիրտը կը բանանք անոր, Աստուծոյ օրհնութիւնը մուտք կը գործէ մեր կեանքէն ներս։ 

«Այսօր կը տօնենք Աստուծոյ Որդին՝ բնութեամբ օրհնեալը, որ մեզի կու գայ Մարիամի միջոցաւ, որ օրհնուած է շնորհքի միջոցաւ։ Մարիամ մեզի կը բերէ Աստուծոյ օրհնութիւնը։ Ասոր համար մենք ալ պէտք է զայն ընկալենք ինչպէս ըրաւ Եղիսաբեթը, զինք ընդունելով իր տան մէջ ու անմիջապէս ճանչնալով օրհնութիւնը «Օրհնեալ ես դու կիներուն մէջ եւ օրհնեալ քու որովայնիդ պտուղը»։

Տիրամայրը մեզի կը սորվեցնէ, որ օրհնութիւնը կ՛ընդունուի որպէսզի զայն պարգեւենք, ինչպէս ինք օրհնութիւն եղաւ բոլոր անոնց հետ, որոնց հանդիպեցաւ։

Մենք ալ կանչուած ենք օրհնելու։ Աշխարհը ապականած է չարամտութենէն ու նախատինքը կ՛ աղաւաղէ, ամէն ինչ կ՛այլասերէ, մինչ օրհնութիւնը կը վերականգնէ եւ վերսկսելու համար  ուժ կը պարգեւէ։  Հայցենք Աստուծոյ Մայրէն շնորհքը ուրիշներուն համար դառնալու Աստուծոյ օրհնութեան ուրախ կրողները, այնպէս ինչպէս ինք եղաւ մեզի համար։

Մարիամը մեզ կը միացնէ Աստուծոյ

Երկրորդ բայը ծնիլն է։ Աստուծոյ Որդին «ծնաւ կնոջմէ» կը գրէ Սուրբ Պօղոսը եւ մի քանի բառերով ան մեզի կը փոխանցէ սքանչելի իրականութիւնը թէ Տէրը ծնաւ մեզի նման, Մօր մը արգանդին մէջ ինը ամիսներ սպասումէ ետք։ Տիրոջ սիրտը սկսաւ տրոփել Մարիամի մէջ, այդ պահէն Մարիամը մեզ կը միացնէ Աստուծոյ, որովհետեւ անոր մէջ Աստուած կապուեցաւ մեր  մարմնին հետ ու երբեք չի թողուց զայն։

Տիրամայրը լոկ  կամուրջ մը չէ մեր եւ Աստուծոյ միջեւ, աւելին է։ Ան ճանապարհն է, որուն վրայէն Աստուած քալեց հասնելու համար մինչեւ մեզի, ու ճանապարհն է նաեւ, որ մենք պէտք է կտրենք հասնելու համար Աստուծոյ։

Սիրտէն է որ կը բխի բարին

Սուրբ Կոյս Մարիամը մեզի կը սորվեցնէ՝ թէ մեզ շրջապատող բաներուն կեանք տալու առաջին քայլը զանոնք սիրելն է։ «Ան իր սրտին մէջ կը պահէր ամէն բան» կը գրէ Աւետարանը եւ սրտէն է որ կը բխի բարին, ասոր համար մեծ կարեւորութիւն ունի մաքուր պահել մեր սիրտը, ու պահպանել ներաշխարհը՝ աղօթքի միջոցաւ։ Կարեւոր է առ այդ սիրտը կրթել խնամքի։ Ամէն ինչ սկիզբ կ՛առնէ խնամքէն ուրիշներուն, աշխարհին եւ արարչագործութեան նկատմամբ, խնամքէն։

Այս տարի երբ յոյս դրած ենք վերածնունդի եւ նոր դարմաններու վրայ, զանց չընենք խնամքը։ Որովհետեւ մարմնին պատուաստէն անդին կարիքը կայ նաեւ սրտի պատուաստի ու այդ պատուաստը խնամքն է։ Ասիկա լաւ տարի մը պիտի ըլլայ եթէ մենք խնամք տանինք մէկը միւսին, ինչպէս կ՛ընէ Աստուածածինը մեր հետ։

Տէրը սակայն պէտք է գտնել ամէն օր

Երրորդ բայը գտնելն է։ Աւետարանը կը պատմէ թէ հովիւները գտան Մարիամը, Յովսէփը ու մանուկը։ Անոնք այնտեղ գտան իսկապէս Աստուած, որ մեծութիւն է փոքրութեան մէջ զօրութիւն է քնքշութեան մէջ։  Անոնք զայն գտան հրեշտակին կոչումով։ Մենք ալ պիտի չի կարենայինք գտնել Աստուած եթէ կանչուած չ՛ըլլայինք շնորհքի միջոցաւ։ Մենք շնորհքի միջոցաւ բացայայտեցինք Աստուծոյ  ներումը, որ վերածնունդ կու տայ,բացայայտեցինք  անոր մխիթարութիւնը, որ յոյս կը ներշնչէ եւ անոր ներկայութիւնը որ  անընկճելի ուրախութիւն կը պարգեւէ։

Ժամանակ գտնենք զայն նուիրելու համար

Տէրը սակայն պէտք է գտնել ամէն օր։ Եւ այս տարուայ սկիզբը մենք կանչուած ենք բան մը գտնելու ու լաւ պիտի ըլլար եթէ ժամանակ գտնէինք ուրիշի մը համար։ Ժամանակը մեր  բոլորիս  հարստութիւնն է, որ շատ անգամ կ՛ուզենք օգտագործել միայն մեզի համար։ Պէտք է հայցենք շնորհքը ժամանակ գտնելու Աստուծոյ եւ մերձաւորի համար։ Եթէ մենք գտնենք ժամանակ զայն նուիրելու համար, երջանիկ պիտի ըլլանք նման հովիւներուն։

Աստուածամայրը, որ մեզ տարաւ Աստուծոյ ժամանակի միջոցաւ, մեզ օգնէ որպէսզի մեր ժամանակը նուիրենք։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/01/2021, 10:32