«ՇՈԱ» ն յիշելը մարդկայնութեան նշան է. Ֆրանչիսկոս Պապ։

Յիշելը պայման է խաղաղ ու եղբայրական աւելի լաւ ապագայի մը համար։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ

«Այսօր Աուշվիցի բնաջնջման ճամբարի ազատագրումին տարեդարձն է, կը յիշատակուի յիշողութեան օրը։

Կը յիշատակենք ՇՈԱ-ին զոհերը ու Նացիական բռնատիրութեան կողմէ հալածուած եւ տեղահան եղած բոլոր մարդիկը։

Յիշելը  մարդկայնական արտայայտութիւն է։

Յիշելը քաղաքակրթութեան նշան է։

Յիշելը պայման է խաղաղ ու եղբայրական աւելի լաւ ապագայի մը համար։ 

Յիշել կը նշանակէ նաեւ ուշադիր ըլլալ, որովհետեւ այս բաները կարող են դարձեալ կրկնուիլ, սկսելով գաղափարախօսական առաջարկներէ, որոնք կ՛ուզեն փրկել ժողովուրդ մը ու կ՛աւարտին ժողովուրդն ու մարդկութիւնը ոչնչացնելով։ Ուշադիր եղէք թէ ինչպէս սկսաւ այս մահուան, ոչնչացումի եւ դաժանութեան ճանապարհը».

Ասոնք  եղան՝ 27 Յունուար 2021-ին, Հրեաներու Ողջակիզումի յիշատակին օրուան առթիւ  Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին արտասանած խօսքերը, չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան աւարտին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/01/2021, 11:29