Ֆիլիփփինի եպիսկոպոսները Ֆրանչիսկոս Պապին մօտ 2019-ին Ֆիլիփփինի եպիսկոպոսները Ֆրանչիսկոս Պապին մօտ 2019-ին 

Քահանայապետին պատգամը Ֆիլիփինի եպիսկոպոսներուն։

Ֆիլիփինեան կղզեխումբի եպիսկոպոսական հնահաւաք դասի 121րդ լիագումար նիստին առթիւ Ֆրանչիսկոս Պապը կը խրախուսէ զանոնք գործել սիրով եւ ստեղծագործութեամբ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Շարունակել շօշափելի վկայութիւն տալ «Աւետարանական սիրոյ» մասին մասնաւորապէս քորոնավիրուսի այս համաճարակի ընթացքին»։ Այս է Ֆրանչիսկոս Պապին յորդորը որ պարունակուած է Ֆիլիփինեան կղզեխումբի եպիսկոպոսական հնահաւաք դասին ուղղած իր պատգամին մէջ, որուն ընթերցումը կատարեց Ֆիլիփինեան կղզեխումբի մէջ Պապական Նուիրակը՝ գերապայծառ Շառլ Պրաունը, եպիսկոպոսներու լիագումար 121րդ ժողովի բացման նիստին  առթիւ եւ որուն մէջ Քահանայապետը մաղթանք կը յայտնէ, որ եպիսկոպոսական այս հաւաքը տանի դէպի «աւելի ստեղծարար»  հովուական խնամակալութիւն, այնպէս  որ Ֆիլիփինի կաթողիկէ եկեղեցին ճանչցուի՝ որպէս «բաց դռներով տուն մը, որ յոյս եւ ուժ կը պարգեւէ տառապողներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք կը փնտռեն աւելի մարդկային եւ արժանավայել կեանք մը»։

Քահանայապետը հուսկ կ՛օրհնէ եպիսկոպոսական համահաւաք դասին բոլոր անդամները անոնց վստահեցնելով իր նեցուկը անոնց առաքելութեան համար։

Եպիսկոպոսական ժողովին նիւթերու շարքին է Քորոնավիրուսի համաճարակը ինչպէս նաեւ Քրիստոնէութեան ֆիլիփին ժամանելուն 500 ամեակին տօնախմբութիւնները, որոնք նախապէս պիտի կայանային 2021ին եւ առողջապահական տագնապի պատճառաւ յետաձգուեցան 2022-ին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/01/2021, 11:12