Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապը յիշեց Ինտոնեզիայի աղէտներուն զոհերը ու հրաւիրեց աղօթել Քրիստոնեաներու միութեան համար։

Սրբազան Պապը յիշեց Իտալիոյ մէջ այսօր յիշատակուող Հրեաներու եւ Կաթողիկէներու միջեւ երկխօսութեան զարգացումի ու խորացումի օրը, այդ, ուղղութեամբ մաղթելով, որ ան ունենայ եղբայրութեան եւ համագործակցութեան առատ պտուղներ։
Ունկնդրէ լուրը

Կիրակի 17 Յունուար 2021-ի կէսօրին առաքելական պալատի մատենադարանէն արտասանած կիրակնօրեայ «Հրեշտակ Տեառն» Մարեմեան աղօթքի աւարտին Նորին Սրբութիւնը խօսքը ուղղելով ուղիղ եթերի միջոցաւ աղօթքին հետեւող հաւատացեալներուն նախ յիշեց Ինտոնեզիայի Սուլավեզի կղզին հարուածող երկրաշարժը մօտիկութիւն ու զօրակցութիւն արտայայտելով բնակչութեան։

Աղօթք Ինտոնեզիայի երկրաշարժի զոհերուն 

«Կ՜աղօթեմ մեռեալներուն ու վիրաւորներուն համար եւ անոնց համար, որոնք կորսնցուցին տուն եւ աշխատանք» ըսաւ Սրբազան Պապը հայցելով Տիրոջմէն, որ զանոնք մխիթարէ եւ թիկունք կանգնի ջանքերուն անոնց, որոնք կ՛աշխատին պէտք եղած օգնութիւնները ապահովելու համար։

«Միասին աղօթենք Սուլավեզի մեր եղբայրներուն համար ու նաեւ անցեալ շաբաթ օր Ինտոնեզիայի մէջ տեղի ունեցած օդանաւային արկածին զոհերուն համար» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը ու աղօթեց «Ողջոյն քեզ Մարիամ աղօթքը», որմէ ետք յիշեց Իտալիոյ մէջ այսօր յիշատակուող Հրեաներու եւ Կաթողիկէներու միջեւ երկխօսութեան զարգացումի ու խորացումի օրը, իր խնդակցութիւնը յայտնելով, որ այս մէկը կը շարունակուի 30 տարիներէ ի վեր ու այս ուղղութեամբ մաղթելով, որ ան ունենայ եղբայրութեան եւ համագործակցութեան առատ պտուղներ։

Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթ

Նորին Սրբութիւնը մատնանշեց հուսկ թէ վաղը սկիզբ կ՛առնէ  Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթը որուն այս տարուայ բնաբանն է «Մնացէք իմ սիրոյս մէջս, շատ պտուղ կու տաք»։

«Ապա 25 Յունուարին շաբաթը պիտի եզրափակենք Սուրբ Պօղոս Պազիլիքային մէջ ժամասացութեան արարողութեամբ, Հռոմի միւս քրիստոնեայ եկեղեցիներու ու հաւատացեալներու հետ միասին» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ հրաւիրելով այս օրերուն աղօթել միասնաբար, որպէսզի իրականանայ Յիսուսի իղձը՝ որ ամէնքը մի ըլլան. Միութիւնը, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, միշտ աւելի բարձր է հակամարտութենէն։

Ան ապա ողջունեց բոլոր անոնք որոնք ընկերային հաղորդամիջոցներու միջոցաւ կը հետեւին աղօթքին մաղթելով բարի կիրակի եւ ինչպէս միշտ խնդելով որ բարեհաճին աղօթել իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/01/2021, 12:34