Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Քահանայապետը շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց որոնք Խաղաղութեան համաշխարհային օրուան նուիրուած ձեռնակներ կազմակերպեցին։

Նորին Սրբութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց Իտալիոյ նախագահին, աղօթեց Եմենի համար, յիշեց Նիճերիայի մէջ առեւանգուած Եպիսկոպոսը ու գնահատեց կարիքաւոր մանուկներուն ի նպաստ Գերմանիոյ մէջ իրագործուած մէկ ձեռնարկը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

2021-ի տարուան առաջին օրը եւ արտասանած առաջին Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքի աւարտին, ուրբաթ մէկ Յունուար 2021-ի կէսօին, Նորին Սրբութիւնը խօսքը ուղղելով ուղիղ եթերի միջոցաւ իրեն հետեւող հաւատացեալներուն ուզեց դարձեալ նոր տարուայ կապակցութեամբ իր խաղաղութեան եւ անդորրութեան բարեմաղթութիւնները փոխանցել բոլորին։

Շնորհակալութիւն Իտալիոյ նախագահին

Ան ապա յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Իտալիոյ Նախագահ Տիար Սերճօ Մաթթարելլային, անոր ամավերջի պատգամի ընթացքին Քահանայապետին ուղղած ջերմ բարեմաղթութիւններուն համար, զոր, ըսաւ Սրբազան Պապը, «ջերմօրէն կը փոխանակեմ իմ կարգին»։

Խաղաղութեան նուիրուած նախաձեռնութիւններ

Նորին Սրբութիւնը հուսկ յատուկէն շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք հակառակ համաճարակին բերումով որդեգրուած սահմանափակումներուն, ուզեցին  աղօթքի եւ խորհրդածութեան պահեր կազմակերպել, այսօր յիշատակուող Խաղաղութեան Համաշխարհային օրուան առթիւ ու այդ ուղղութեամբ ան ցաւ եւ մտահոգութիւն արտայայտեց Եմենի մէջ աւելիով սրացած բռնութիւններուն համար, որոնք, ըսաւ Ան, կը պատճառեն բազմաթիւ անմեղ զոհեր։

Աղօթք Եմենի համար

«Կ՛աղօթեմ որպէսզի ջանքեր գործադրուին, լուծումներ գտնելու համար, որոնք թոյլ տան որ խաղաղութիւնը վերահաստատուի» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը հրաւիրելով յատկապէս մտածել Եմենի մանուկներուն, որոնք մնացած են առանց դաստիարակութեան, առանց դեղորայքի, անօթի… հրաւիրելով միասին աղօթել Եմենի համար։

Նիճերիայի մէջ առեւանգուած Եպիսկոպոսը

Սրբազան Պապը յիշեց ապա Նիճերիայի Օվերրի Թեմին եպիսկոպոսը Մոզէս Չիքուէն ու անոր վարորդը, որոնք մի քանի օրեր առաջ առեւանգուեցան։«Աղօթենք եւ Տիրոջմէ հայցենք,  որ անոնք ու բոլոր անոնք, որոնք Նիճերիայի մէջ թիրախ են նման արարքներու, կարողանան անվնաս գտնեն ազատութիւնը եւ աղօթենք, որպէսզի այդ Երկիրը գտնէ ապահովութիւնը, հաշտութիւնն ու խաղաղութիւնը»։

Դրամահաւաք ի նպաստ կարիքաւոր մանուկներուն

Ֆրանչիսկոս Պապը ողջունեց նաեւ Գերմանիոյ եւ Աւստրիոյ մէջ յատուկ մէկ բարեսիրական նախաձեռնութեան կազմակերպիչները որոնք դրամահաւաք կազմակերպեցին կարիքաւոր մանուկներուն համար։

Խաղաղութեան եւ յոյսի տարի

Նորին Սրբութիւնը ողջոյնի խօսքը աւարտեց դարձեալ շնորհաւոր նոր տարի մաղթելով բոլորին։ «Թող ըլլայ խաղաղութեան տարի, յոյսի տարի, Սուրբ Կոյս Մարիամի Աստուածամօր պաշտպանութեամբ» ըսաւ Քահանայապետը ու խնդրեց որ չի մոռնան աղօթելու իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/01/2021, 13:00