Ֆրանչիսկոս Պապը եւ Պենետիկտոս ԺԶ Ֆրանչիսկոս Պապը եւ Պենետիկտոս ԺԶ 

Վատիկանի մէջ պատուաստումի արշաւ. Պատուաստուեցան Ֆրանչիսկոս Պապը եւ Պենետիկտոս ԺԶ Վաստակաւոր Քահանայապետը։

Ֆրանչիսկոս Պապ անցեալ կիրակի Canale5 հեռուստակայանին տուած հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած էր թէ յառաջիկայ օրերուն պիտի ընդունէր պատուաստը։ Վաստակաւոր Քահանայապետը պատուաստը ստացաւ այսօր։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ

Վատիկանի մէջ՝ չորեքշաբթի 13 Յունուարին սկիզբ առած  պատուաստումներու արշաւը կը շարունակուի։ Ըլլայ Ֆրանչիսկոս Պապը, ըլլայ վաստակաւոր Քահանայապետ Պենետիկտոս ԺԶը պատուաստուեցան։

Ֆրանչիսկոս Պապը անցեալ կիրակի Tg5-ի հետ ունեցած հարցազրոյցի ընթացքին ակնարկած էր թէ այս շաբթուայ ընթացքին ինք եւս պիտի ընդունէր պատուաստը մինչ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի յատուկ քարտուղար Գերապայծառ Կէորկ Կէյնզուէյն հաստատած էր, թէ Վաստակաւոր Քահանայապետը եւս պիտի պատուաստուէր, ու այս մէկը տեղի ունեցաւ այսօր 14 Յունուարի առաւօտեան։

Հարցազրոյցին մէջ  Ֆրանչիսկոս Պապը պատուաստուիլը որակած էր «բարոյական գործ» որովհետեւ  «նախ կը վտանգես քու առողջութիւնդ, կեանքդ, ապա նաեւ միւսներուն կեանքը» ըսած էր Ան։

Յայտնենք թէ Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակի տնօրէն Տիար Մաթթէօ Պրունիի հրապարակած մէկ յայտարարութեամբ նշուած էր թէ 13 Յունուարին,  Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճի նախասրահին մէջ  սկիզբ առած էր՝  Քովիտ-19 համաճարակի դէմ պատուաստումներու արշաւը»։

Պրունի նշած էր նեաւ թէ  «առաջնահերթութիւնը կը տրուի առողջապահական մարզի եւ հանրային անվտանգութեան անձնակազմին, տարեցներուն եւ աշխատակազմի անդամներուն, որոնք  աւելիով շփումի մէջ են հանրութեան հետ։

Պատուաստը պիտի ստանան Վատիկանի աշխատաւորները ու կենսաթոշակառուները ու նաեւ անոնց ընտանեկան պարագաները, որոնք անդամ են Վատիկանի առողջապահական հիմնադրամին։  Արշաւէն բացառուած են 18 տարեկանէն վար բոլոր անչափահասները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/01/2021, 12:15