Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի նստավայրը։ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի նստավայրը։ 

Պենետիկտոս ԺԶ-ը, համաճարակը եւ Սուրբ Ծննդեան տօնը առանց իր եղբօր։

Գերապայծառ Կէորկ Կէյնզուէյն Վատիկան Նիուզին պատմեց Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Քահանայապետին ապրումներու մասին այս բարդ ժամանակաշրջանին։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Անցնող Սուրբ Ծննդեան տօնը Պենետիկտոս Վաստակաւոր Քահանայապետին համար եղաւ առաջինը՝ առանց իր եղբօրը, նոյնիսկ եթէ անոր ներկայութիւնը որոշ չափով զգացուեցաւ»։ Այսպէս արտայայտուեցաւ գերապայծառ Կէորկ Կէյնզուէյն, Վաստակաւոր Քահանայապետին  յատուկ քարտուղարը, Վատիկան Նիուզին պատմելով թէ ինչպէս Պենետիկտոս ԺԶ-ը կ՛ապրի այս դժուարին օրերը եւ որ այսօրՎատիկանի իր բնակավայր՝ Մաթեր Էքլեզիա  վանքին մէջ ստացաւ Քովիտ19 համաճարակի դէմ պատուաստը։

«Պենետիկտոս ԺԶ քահանայապետին եղբօր ներկայութիւնը որոշ չափով զգացուեցաւ, Սուրբ Ծննդեան շրջանին յաճախ ունկնդրեցինք Պախի «Ծննդեան Օրաթորիոն» ու նաեւ Կէորկ Ռացինկեըրի ղեկավարած «Ռէկէնզպուրկըր Տոմսփաթզէն» երգչախումբին Ծննդեան երգերը։ Պենետիկտոս վաստակաւոր Քահանայապետին համար եղբօր բացակացութիւնը վէրք մըն է, որ աւելիով ցաւ պատճառեց տօնական այս օրերուն առթիւ, թէեւ Ան ըսաւ թէ ինք մխիթարութիւն գտաւ Տիրոջմէն, այն վստահութեամբ թէ իր եղբայրը այժմ կը գտնուի Անոր բազուկներուն մէջ»,  ըսաւ  Վատիկան Նիուզին՝ Վաստակաւոր Քահանայապետին յատուկ քարտուղարը, ներկայացնելով նաեւ Պենետիկտոս ԺԶ օրակարգը, ու յայտնելով թէ Վաստակաւոր Քահանայապետը ուշադրութեամբ կը հետեւի աշխարհի մէջ տեղի ունեցող անցուդարձներուն, «ֆիզիկապէս տկար, բայց լուսամիտ»։

«Անոր ձայնը նոյնպէս տկար է եւ հանգստեան ժամանակները աւելցան» ըսաւ գերապայծառ Կէյնզուէյն, «թէեւ ամէն օր, կէսօրէ ետք, կը շարունակենք  դուրս գալ, հակառակ ցուրտին, ու քալել Վատիկանի Պարտէզներուն մէջ» աւելցուց Ան նշելով նեաւ թէ «ամէն օր ես  կը մատուցեմ պատարագը ու Ան իմ հետս կը համապատարգէ մնալով նստած, մինչ աղօթքներուն համար պատատուեցան մեծ տարերով գրքոյկներ որպէսզի Ան կարենայ աւելի դիւրութեամբ հետեւիլ ժամերգութեան եւ աղօթքներուն մինչ կը շարունակենք բոլոր տնեցիներուն հետ միասին կիսել նախաճաշը, ճաշն ու ընթրիքը»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/01/2021, 12:16