Երանելիներու շարքին կը դասուի Հայր Ճովաննի Ֆորնազինի Երանելիներու շարքին կը դասուի Հայր Ճովաննի Ֆորնազինի 

Երանելիներու շարքին կը դասուի Հայր Ճովաննի Ֆորնազինի՝ Բ Աշխարհամարտի նահատակ։

Հայր Ֆորնազինի ծնած է 23 Փետրուար 1915-ին Իտալիոյ Պոլոնիայի մարզի պատկան մէկ քաղաքին մէջ։ Բ համաշխարհային պատերազմի ընթացքին իր ծառայութիւնը կը մատուցէ բանտարկեալներուն եւ մահուան դատապարտուածներուն ի սպաս
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ

Հինգշաբթի  21 Յունուար 2021-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը արտօնութիւն տուաւ հրապարակել Սուրբերու Դատին հայող որոշ հրամանագիրեր, որոնց հիման վրայ Երանելիներու շարքին կը դասուի Հայր Ճովաննի Ֆորնազինի՝ որ Բ Աշխարհամարտի ընթացքին սպաննուեցաւ իր հաւատքին համար։

Հայր Ֆորնազինի ծնած է 23 Փետրուար 1915-ին Իտալիոյ Պոլոնիայի մարզի պատկան մէկ քաղաքին մէջ։ Բ համաշխարհային պատերազմի ընթացքին իր ծառայութիւնը կը մատուցէ բանտարկեալներուն եւ մահուան դատապարտուածներուն ի սպաս եւ իր այս եղբայրսիրական արարքին համար 13 Հոկտեմբեր 1944-ին երբ կը լսէ Սան Մարթինօ Տի Քափրարայի գերեզմանի մէջ տեղի ունեցած ջարդին լուրը այնտեղ կ՛երթայ Սուրբ Հաղորդութիւնը տանելու եւ թաղելու մեռեալները եւ այդ օրէն անոր հետքերը կը կորսուին ու անոր դիակը կը յայտնաբերուի միայն 24 ապրիլ 1945 թուականին։

Սուրբերու Դատի Ժողովի Կառավարիչ Կարդինալ Մարչելլօ Սեմերարոյին շնորհած ունկնդրութեան ընթացքին Սրբազան Քահանայապետը բացի Հայր Ճովաննի Ֆորնազինիի երանացման հրամանագիրէն արտօնութիւն տուաւ  հրապարակել նաեւ ութը հրամանագիրեր, որով վաւերացուց Աստուծոյ Ծառայ եւ Աստուծոյ Աղախիններու հերոսական առաքինութիւնները։

Անոնց շարքին են Հայր Միքելէ  Արքնաճելօ Մարիա Անթոնիօ Վինթի, Հայր Ռուճճերօ Մարիա Քափութօ, Քոյր Մարիա Ճուզեփփա Տի Ճեզուն, սպանացի աշխարհական Ճաքոմօ Մասարնաու Ֆերնանտէզ, նորընծայ Փասքուալէ Քանցիի, Ֆրանսացի աշխարհական ու քահանայապետերէն գնահատուած բժիշկ Ժերոմ Լըժէօն հուսկ աշխարհական Ատելէ Պոնոլիս։

.

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/01/2021, 15:00