Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

«Դիւահարին բժշկութիւնը» Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութիւնը։

«Բոլորս ունինք հարցեր, բոլորս ունինք մեղքեր, բոլորս ունինք հոգեկան հիւանդութիւններ, հայցենք Յիսուսէն. Յիսուս դուն մարգարէն ես Աստուծոյ Որդին, ան՝ որ մեզի խոստացուեցաւ մեզ բուժելու համար։ Բուժէ զիս։ Հայցենք Յիսուսէն բուժում մեր մեղքերէն ու մեր չարիքներէն»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Մտան Կափառնաում եւ Յիսուս շաբաթ օրը իսկոյն ժողովարան երթալով` սկսաւ քարոզել անոնց։ Կը զարմանային անոր վարդապետութեան վրայ, որովհետեւ հեղինակութեամբ կը սորվեցնէր եւ ո՛չ թէ դպիրներուն պէս։

Անոնց ժողովարանին մէջ պիղծ դեւ ունեցող մարդ մը կար, որ աղաղակեց եւ ըսաւ. «Թո՛յլ տուր, ի՞նչ ունիս մեզի հետ, Նազովրեցի Յիսուս, եկար մեզ կորսնցնելու, գիտենք թէ ո՛վ ես դուն. Աստուծոյ սուրբն ես»։  Յիսուս սաստեց անոր եւ ըսաւ. «Լռէ՛ եւ ելի՛ր անոր մէջէն»։  Եւ պիղծ դեւը, ուժգին ցնցելով զանիկա, բարձրաձայն աղաղակեց ու ելաւ։  Եւ ամէնքը զարմացան, այնպէս որ իրարու կը փսփսային ըսելով. «Ի՞նչ է այս նոր վարդապետութիւնը, որովհետեւ իշխանութեամբ կը հրամայէ պիղծ դեւերուն ու կը հնազանդին իրեն»։ Եւ Յիսուսի համբաւը շուտով տարածուեցաւ Գալիլեայի ամէն կողմը։

Մարկոս Աւետարանիչէն քաղուած սոյն հատուածը (Մարկոս 1, 21-28) առանցքը կազմեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին 31 Յունուարի ուղիղ եթերով սփռուած կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութեան, զոր Ան գլխաւորեց Առաքելական Պալատի մատենադարանէն։

Ամէնքը զարմացան Յիսուսին վարդապետութեան վրայ 

«Այսօրուայ Աւետարանական հատուածը մեզի կը պատմէ Յիսուսի առաքելութեան սովորական օր մը, յատկապէս հայող շաբաթ օրուան, որ հանգիստի եւ աղօթքի նուիրուած օր է» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը խորհրդածութեան սկիզբը դիտել տալով, թէ ինչպէս երբ Յիսուս կարդաց ու մեկնաբանեց գրութիւնները ներկաները կը զարմանային անոր վարդապետութեան վրայ, որովհետեւ հեղինակութեամբ կը սորվեցնէր եւ ո՛չ թէ դպիրներուն պէս։

Ու երբ մարդ մը անոր դէմ կը գոռայ անոր դիմելով՝ որպէս Աստուծոյ սուրբը, Յիսուս կը ճանչնայ անոր մէջ բնակութիւն հաստատող պիղծ դեւը ու կը սաստէ, որ դուրս գայ անորմէ։

Քարոզութիւն եւ հրաշագործ բժիշկ 

Այստեղ կը տեսնենք Յիսուսի գործունէութիւն երկու բնորոշիչ տարրեր, ըսաւ Քահանայապետը «քարոզութիւնը եւ բժշկողի հրաշագործ գործը»։ 

Դիւավտարումը կը ներկայացուի հաստատելու համար Յիսուսին ու անոր վարդապետութեան յատուկ հեղինակութիւնը։

Յիսուսին վարդապետութիւնը ունի խօսող Աստուծոյ նոյն հեղինակութիւնը։ Ան արդարեւ մէկ հրամանով կ՛ազատէ դիւահար մարդը ու զայն կը բուժէ։ Անոր խօսքը կը գործէ այն ինչ, որ կ՛ըսէ որովհետեւ ան վերջնական մարգարէն է, առ աւելին ան մարդ դարձած Աստուծոյ Խօսքն է. Ասոր համար է, որ ան կը խօսի աստուածային հեղինակութեամբ հաստատեց Սրբազան Քահանայապետը։

Երկրորդ ոլորտը բժշկութեան ոլորտն է, որ մեզի ցոյց կու տայ թէ Քրիստոսին քարոզութիւնը մղուած է յաղթելու համար մարդուն ու աշխարհին մէջ գոյութիւն ունեցող չարին։ Անոր խօսքը անմիջականօրէն դէմ է Սատանայի թագաւորութեան, զայն տագնապի մէջ կը դնէ, կը ստիպէ նահանջի ու դուրս գալ աշխարհէն։ Ու դիւահարը, որուն կը հասնի Տիրոջ հրահանգը, կ՛ազատի ու կը դառնայ նոր մարդ մը։

Յիսուսին խօսքը իրենց կը քաշէ մարդիկը

«Յիսուսին քարոզութիւնը կը պատկանի աշխարհի  ու չարի  հակառակ տրամաբանութեան» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով, որ Յիսուս իր հեղինակութեամբ է, որ իրեն կը քաշէ մարդիկը ու Ան նաեւ փրկիչ մարգարէն է։«Մենք ալ ունկնդրենք Յիսուսի հեղինակաւոր խօսքերը» ըսաւ Քահանայապետը անգամ մը եւս հրաւէր ուղղելով չի մոռնալ մեր հետ տանելու միշտ գրպանի աւետարան մը ու զայն կարդալու օրուան ընթացքին։

Տէր բուժէ զիս

«Բոլորս ունինք հարցեր, բոլորս ունինք մեղքեր, բոլորս ունինք հոգեկան հիւանդութիւններ, հայցենք Յիսուսէն. Յիսուս դուն մարգարէն ես Աստուծոյ Որդին, ան՝ որ մեզի խոստացուեցաւ մեզ բուժելու համար։ Բուժէ զիս։ Հայցենք Յիսուսէն բուժում մեր մեղքերէն ու մեր չարիքներէն» յարեց Ֆրանչիսկոս Պապը ու խորհրդածութիւնը եզրափակեց հայցելով Սուրբ Կոյս մարիամին բարեխօսութիւնը, Ան՝ որ իր սրտին մէջ պահպանեց Յիսուսին խօսքերն ու արարքները ու անոր հետեւեցաւ մեծ տրամադրութեամբ եւ հաւատարմութեամբ որպէսզի մեզ օգնէ՝ ունկնդրելու Յիսուսին Խօսքերը ու հետեւելու Անոր, մեր կեանքին մէջ փորձարկելու համար Անոր փրկութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/01/2021, 12:06