«Թող նոր տարին ըլլայ եղբայրական զօրակցութեան ու խաղաղութեան տարի բոլորիս համար». Ֆրանչիսկոս Պապ։

Թող ըլլայ տարի՝ լի վստահելի սպասումով եւ յոյսով, որ կը յանձնենք Մարիամի Աստուծոյ ու մեր մօր երկնային հովանիին։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ մէկ Յունուար 2021-ին, Ֆրանչիսկոս Պապը Առաքելական Պալատի մատենադարանէն գլխաւորեց 2021-ի առաջին Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը, որուն առթիւ ներկայացուցած խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց Խաղաղութեան համաշխարհային օրուան վրայ, որ կը յիշատակուի այսօր։ 

«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր բարի լոյս եւ շնորհաւոր նոր տարի» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը սկիզբ տալով խորհրդածութեան։ 

Նոր տարին կը սկսինք մենք մեզ դնելով Ամենասուրբ Կոյս Մարիամի մայրական եւ սիրալիր հայեացքին ներքոյ։ Վերսկսինք մեր ուղեւորութիւնը ժամանակներու արահետներու երկայնքին, մեր մտահոգութիւններն ու տառապանքները ապաւինելով Անոր որ ամէն ինչի կարող է։ Մարիամ մեզի կը նայի մարական քնքշութեամբ այնպէս ինչպէս կը նայէր իր Զաւկին Յիսուսին։ Այս հայեացքը քաջալերանք մըն է, որպէսզի այս Տիրոջմէ մեզի պարգեւած ժամանակը օգտագործուի մեր մարդկային եւ հոգեւոր աճումին համար ու ըլլայ ժամանակ հարթելու համար ատելութիւններն ու բաժանումները, ժամանակ, որպէսզի բոլորս մենք մեզ զգանք աւելիով եղբայրներ, ժամանակ՝ կառուցելու եւ ոչ թէ կործանելու, հոգ տանելով մէկը միւսին եւ արարչագործութեան։

«Խնամքի մշակոյթը որպէս  խաղաղութեան ուղեւորութիւն»։ 

Եւ Ճիշդ ուրիշներու եւ արարչագործութեան խնամքին է, որուն նուիրուած է այսօր յիշատակուող Խաղաղութեան Համաշխարհային Օրուայ նիւթը. «Խնամքի մշակոյթը, որպէս  խաղաղութեան ուղեւորութիւն»։ 

Ցաւալի իրադարձութիւնները, յատկապէս համաճարակը, որոնք յատկանշեցին մարդկութեան ուղեւորութիւնը անցած տարւոյն մէջ, մեզի կը սորվեցնեն, թէ որքան անհրաժեշտ է մտահոգուիլ ուրիշներու հարցերով ու բաժնեկցիլ անոնց մտահոգութիւնները։ Այս վերաբերմունքը կը ներկայացնէ ճանապարհը, որ կը տանի դէպի խաղաղութիւն, որովհետեւ կը խթանէ ընկերութեան մը կառուցումը, որ հիմնուած է եղբայրական փոխյարաբերութիւններու վրայ։ Մեզմէ իւրաքանչիւրս, ժամանակակից մարդիկ եւ կիներ, կանչուած ենք ամէն օր եւ կեանքի ամէն մէկ միջավայրի մէջ իրականացնելու խաղաղութիւնը, ձեռք երկարելով այն եղբօր, որ կարիքը ունի մխիթարական մէկ խօսքի, քնքշութեան արարքի եւ զօրակցական օգնութեան։ Այս մէկը մեզի Տիրոջմէ յանձնուած պարտականոութիւն մըն է, ըլլալ խաղաղութեան գործիչներ։

Խաղաղութիւնը միայն պատերազմի բացակայութիւն չէ

Խաղաղութիւնը կարելի է կերտել երբ մենք մեր անձին ու մեր շուրջը գտնուողներուն հետ սկսինք ապրիլ խաղաղութեամբ, վերացնելով այն պատնէշները, որոնք արգելք են խնամք տանելու անոնց, որոնք կը գտնուին կարիքի կամ թշուառութեան մէջ։ Կը նշանակէ զարգացնել «խնամք տանելու» մտայնութիւն եւ մշակոյթ մը, յաղթահարելու համար դժբախտաբար գերակշռող անտարբերութիւնը, բացառումը  եւ մրցակցութիւնը։

Խաղաղութիւնը միայն պատերազմի բացակայութիւն չէ, այլ իմաստով լի կեանք մը, ապրուած անձնական կատարելագործման վրայ եւ ուրիշներու հետ եղբայրական բաժնեկցութեան մէջ։ Այդ ժամանակ է, որ այդ միշտ սպասուած ու բռնութենէ, եսասիրութենէ եւ չարութենէն վտանգի ենթարկուած խաղաղութիւնը կը դառնայ կարելի եւ իրագործելի։

Սուրբ Կոյս Մարիամը, որ ի լոյս ընծայեց խաղաղութեան Իշխանը մեզի համար երկինքէն ընդունի խաղաղութեան թանկարժէք բարիքը, զոր կարելի չէ լիովին հետապնդել միայն մեր մարդկային ուժերով։

Խաղաղութեան մաղթանք

Խաղաղութիւնը նախ եւ առաջ Աստուծոյ պարգեւ է, այն պէտք է աղերսուի անդադար աղօթքով, համբերատար և յարգալից երկխօսութեամբ, կառուցուի ճշմարտութեան և արդարութեան բաց համագործակցութեամբ և միշտ ուշադիր ըլլայ անձերու և ժողովուրդներու օրինական ձգտումներու նկատմամբ: Մաղթանքս է, որ խաղաղութիւնը տիրէ մարդոց և ընտանիքներու սրտերուն մէջ. աշխատավայրերու և ժամանցի միջավայրերուն մէջ, համայնքներու  և ազգերու մէջ։

Այս նոր տարուայ սեմին բոլորին կը փոխանցեմ երջանիկ եւ խաղաղ 2021-ի սիրալիր մաղթանքները։ Թող այս ըլլայ եղբայրական զօրակցութեան ու խաղաղութեան տարի բոլորիս համար. Թող ըլլայ տարի՝ լի վստահելի սպասումով եւ յոյսով, որ կը յանձնենք Մարիամի Աստուծոյ ու մեր մօր երկնային հովանիին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/01/2021, 12:13