Գոհաբանութեան աղօթքը։ Քահանայապետի 2020-ի Հրապարակային վերջին ընդհանուր ունկնդրութիւնը։

Երջանկութեան ճանապարհը այն ճանապարհն է, զոր Սուրբ Պօղոս նկարագրեց իր նամակներուն մէջ «Միշտ աղօթեցէք։ Ամէն բանի մէջ Աստուծոյ գոհութիւն տուէք. Այս է Աստուծոյ կամքը ձեր վրայ. Որ դուք ապրիք միացած Յիսուսի Քրիստոսի։ Հոգին մի շիջուցանէք» (Ա Թեսաղ. 5,17-19)
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 30 դեկտեմբեր 2020-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաքելական պալատի մատենադարանէն ուղիղ եթերի միջոցաւ գլխաւորեց 2020 տարուայ վերջին հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնը ու շարունակելով աղօթքի մասին իր խորհրդածութիւնները խօսքը կեդրոնացուց գոհաբանութեան աղօթքին վրայ ներշնչում քաղելով Ղուկասի աւետարանէն քաղուած բորոտներու բուժման հրաշքը պատմող հատուածէն (Ղուկաս 17)։

Տասը բորոտներուն բուժումը

Մինչ Յիսուս ուղեւորութեան մէջ էր տասը բորոտներ անոր կը հանդիպին ու բարձրաձայն կ՛աղաչեն. «Յիսուս, Վարդապետ, գթա մեր վրայ»։ Գիտենք, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը թէ բորոտներուն համար ֆիզիկական տանջանքին կը միանար նաեւ ընկերային եւ կրօնական կղզիացումը։ Յիսուս սակայն չի խուսափիր անոնց հետ հանդիպումէն։ Ան յաճախ օրէնքէն ալ անդին կ՛երթայ եւ կը դպչի հիւանդին, զայն կ՛ողջագուրէ, ու կը բուժէ»։ Այս անգամ սակայն Յիսուս կը հրաւիրէ զանոնք երթալու քահանաներուն, որոնք օրէնքին առջեւ պատասխանատու էին բուժումի հաստատումը վաւերացնել։

Յիսուս այլ բան չ՛ըսէր անոնց։ Ան լսած էր անոնց աղօթքը ու անոնց գթութեան ճիչը ու զանոնք անմիջապէս կ՛ուղարկէ քահանաներուն մօտ։ Տասը բորոտները հնազանդելով Յիսուսին կ՛ընթանան դէպի քահանաները ու մինչ «կ՛երթային մաքրուեցան» կը գրէ աւետարանիչը։

Շնորհակալութիւն յայտնելու կարեւորութիւնը

Այդ խումբէն միայն մէկը, տեսնելով որ բուժուած է կը վերադառնայ Աստուծոյ Փառք տալով բարձրաձայն եւ երեսը դէպի գետին կ՛իյնայ Յիսուսին ոտքերուն առջեւ եւ շնորհակալութիւն կը յայտնէ անոր։  Յիսուս որ կը նշմարէ թէ այդ մարդը սամարացի մըն էր, որ հրեաներուն համար «հերետիկոս» նկատուած էր, հարց կու տայ «Միթէ տասն ալ չմաքրուեցա՞ն։ ու՞ր են միւսները։ Այս օտարազգիէն զատ չգտնուեցաւ անոնց մէջ մէկը, որ գար եւ փառք տար Աստուծոյ»։

Շնորհակալութիւն յայտնող  եւ անշնոհակալ եղող մարդիկ

«Այս պատմութիւնը աշխարհը կը բաժնէ երկու մասերու» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը. Անոնք որոնք շնորհակալութիւն կը յայտնեն եւ անոնք որոնք անշնորհակալ են։ Անոնք՝ որոնք կը մտածեն թէ ամէն ինչ իրենց պարտաւորուած է ու անոնք՝ որոնք կը մտածեն, թէ ամէն ինչ պարգեւ է։

Քրիստոնէականին մէջ գրուած է թէ «ամէն մէկ իրադարձութիւն ու ամէն մէկ կարիք կարող է դառնալ շնորհակալութեան պատճառ (2638)։ Գոհաբանութեան աղօթքը կը սկսի այստեղէն, այն գիտակցութենէն թէ մենք կանխուած ենք շնորհքէն. Մենք մտածուեցանք նախ քան մեր մտածել սորվիլը։ Մենք սիրուեցանք նախ քան մեր սիրել սորվիլը։ Ամէն ինչ կանխուած է շնորհքէն ու այս մէկը ճանչնալը կը դառնայ գոհաբանական աղօթքին մեկնակէտը։

Քրիստոնեաներուս համար շնորհքին ներգործութիւնը իր գագաթնակէտը կը գտնէ Խորհուրդներու ամենամեծ Խորհուրդին մէջ՝ Սուրբ Հաղորդութիւնը, որ իր Յունարէն բանանին մէջ կը նշանակէ շնորհակալութիւն յայտնել։

Յիսուսին հետ հանդիպումը մեծ ուրախութիւն

Քրիստոնեաները, նման բոլոր հաւատացեալներու ԶԱստուած կը փառաբանեն կեանքի պարգեւին համար։ Ապրիլ ամէնէ առաջ կը նշանակէ ընդունիլ Աստուած ու շնորհակալ ըլլալ Անոր։ Մեր համայն կեանքի ընթացքին, բազմաթիւ անձեր մեզի նայեցան բիւրեղ հայեացքներով մեր մէջ արթնցնելով երախտապարտութեան զգացումը։ Բարեկամութիւնը եւս պարգեւ է,  որուն համար պէտք է երախտապարտ ըլլալ։ Քրիստոնեային այդ երախտագիտութիւնը, որ բաժնեկցուած է բոլորին հետ կ՛ընդլայնուի Յիսուսին հետ հանդիպումով։ Աւետարանը կը հաստատէ թէ Յիսուսին անցքը շատ անգամ ուրախութիւն եւ Աստուծոյ փառաբանութիւն կը հրահրէ անոնց մէջ որոնք իրեն կը հանդիպին։

Մենք ալ կանչուած ենք մասնակցելու այդ մեծ երջանկութեան։ Այս մէկը մեզի կ՛առաջարկէ աւետարանական հատուածը։

Բոլոր բորոտներն ալ ուրախ էին, որովհետեւ վերագտած էին իրենց առողջութիւնը սակայն անոնց մէջ միայն մէկը այդ ուրախութեան աւելցուց այլ ուրախութիւն, բուժումէն անդին ան կ՛ուրախանայ նաեւ Յիսուսին հետ հանդիպելուն համար, ոչ միայն ազատած էր չարէն, այլ այժմ վստահութիւնը ունի նաեւ թէ սիրուած է։  Ասոր համար ջանանք միշտ մնալ Յիսուսին հետ հանդիպումի ուրախութեան մէջ. Սատանան մեզ խաբելէն ետք մեզ կը թողու տխուր ու միայնակ։ Միայն Քրիստոսի մէջ է, որ ոչ մէկ մեղք ու ոչ մէկ սպառնալիք կարող է մեզի արգիլել շարունակելու մեր ճանապարհը ուրախութեան մէջ։

Աշխարհը կարիքը ունի Գոհաբանութեան եւ յոյսին

«Եթէ մենք գոհաբանութեան կրողներ ենք,  աշխարհը եւս կը դառնայ աւելի լաւ, մի գուցէ շատ քիչ աւելի լաւ, սակայն այդ մէկն ալ բաւարար է անոր յոյս փոխանցելու համար։ Աշխարհը կարիքը ունի յոյսին եւ գոհաբանութեան հետ միասին, այդ շնորհակալ եմ ըսելու վերաբերմունքով, մենք կը փոխանցենք նշոյլ մը յոյս» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը աւելցնելով որ «Ամէն ինչ միացած է ամէն ինչ իրար կապուած, ամէն ոք կարող  է իր մասը կատարել։ Երջանկութեան ճանապարհը այն ճանապարհն է, զոր Սուրբ Պօղոս նկարագրեց իր նամակներուն մէջ «Միշտ աղօթեցէք։ Ամէն բանի մէջ Աստուծոյ գոհութիւն տուէք. Այս է Աստուծոյ կամքը ձեր վրայ. Որ դուք ապրիք միացած Յիսուսի Քրիստոսի։ Հոգին մի շիջուցանէք» (Ա Թեսաղ. 5,17-19)։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/12/2021, 09:29