Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

«Աղերսական աղօթքը» Չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւն։

Մենք պէտք չէ գայթակղինք երբ մենք կարիքի մէջ ենք ու կը զգանք աղօթելու անհրաժեշտութիւնը: Մինչ ուրախ պահերու ընթացքին պէտք է շնորհակալութիւն յայտնել Աստուծոյ մեզի տուած բոլոր պարգեւներուն համար
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Տէր, դէպի քեզ եմ կանչում. իմ Վէմ, լուռ մի կենար ինձանից. որ չ’լինի թէ դու ինձանից լուռ կենաս, եւ ես գերեզմանի մէջ մտնողներին նմանիմ։  Լսիր իմ աղաչանքի ձայնը՝ ես դէպի քեզ աղաղակելիս, երբոր իմ ձեռքը բարձրացնեմ դէպի քո սուրբ խորանը։  …. Օրհնեալ է Տէրը, որ լսում է իմ աղաչանքի ձայնին։ Տէրն է իմ զօրութիւնը եւ իմ վահանը. իմ սիրտը նորան է յուսացել, եւ նա ինձ օգնութիւն եղաւ. Իմ սիրտը ցնծում է եւ ես իմ օրհնութիւնովը փառաբանում եմ նորան։ (Սաղմոս 28, 1-2. 6-7)

Սաղմոսերգուին սոյն աղերսական աղօթքը առանցքը կազմեց 9 դեկտեմբեր 2020-ի հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան զոր  Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը  դարձեալ գլխաւորեց առաքելական պալատի մատենադարանէն  շարունակելով նաեւ աղօթքի մասին իր խորհրդածութիւնները։

«Քրիստոնէական աղօթքը լիովին մարդկային է. Ան կը պարունակէ գովաբանութիւն և աղաչանք» ըսաւ Սրբազան Պապը նշելով թէ «Յիսուս երբ իր աշակերտներուն աղօթել սորվեցուց այդ մէկը ըրաւ «Հայր Մեր» ով, որպէսզի Աստուծոյ հետ մտնենք որդիական մտերիմ յարաբերութեան մէջ ու Անոր ներկայացնենք մեր բոլոր խնդրանքները։

Հայցել, խնդրել։ Ասիկա մարդկային է։ Աղերսանքի աղօթքով մենք կ՛արտայայտենք Աստուծոյ հետ մեր յարաբերութեան գիտակցութիւնը, որպէս արարածներ։ Մենք մեր սկիզբը չենք, ոչ ալ  դժուարութիւններու տէրն ենք և ոչ իսկ մեր վերջին նպատակը,  աւելին, ըլլալով մեղաւորներ ՝ մենք, որպէս քրիստոնեաներ, գիտենք, որ կը հեռանանք Հօրմէն։  Աղերսանքը արդեն վերադարձ է Անոր»( Քրիստոնէական թիւ 2629):

Շատ անգամ մենք կը կարծենք թէ ոչ մէկ բանի պէտք ունինք, թէ կարող ենք ապրիլ ինքնաբաւութեամբ։ Սակայն ուշ կամ կանուխ, այս պատրանքը կը նսեմանայ։ Մեր կեանքի մէկ պահէն միւսը  մենք կը փորձարկենք անել իրավիճակներ, յաճախ կը թուի թէ ամէն ինչ փուլ կու գայ թէ ապրուած կեանքը ապարդիւն է: Այսպիսի պարագաներուն  կայ միայն մէկ ելք. Աղաղակը, աղօթքը. «Տէր օգնէ ինծի». Աղօթքը ամենախիտ մթութեան մէջ կը բանայ լոյսի նրբանցքներ:

Մենք մարդ արարածներս միակները չենք, որ կ՛աղօթենք անսահման տիեզերքին մէջ։ Մենք այս մէկը կը կիսենք համայն արարչութեան հետ, որ իր մէջ կը կռէ Աստուծոյ իղձը։ Մեր մէջ կ՛արձագանգէ արարածներու բազմաբնոյթ հառաչանքը։

Հետևաբար, մենք պէտք չէ գայթակղինք երբ մենք կարիքի մէջ ենք ու կը զգանք աղօթելու անհրաժեշտութիւնը: Մինչ ուրախ պահերու ընթացքին պէտք է շնորհակալութիւն յայտնել Աստուծոյ մեզի տուած բոլոր պարգեւներուն համար ու ոչ մի բան նկատենք որպէս պարտադիր։ Ամէն ինչ շնորհք է։ Աղերսանքի աղօթքը միասին կ՛ընթանայ մեր արարածներ ըլլալու ու մեր սահմանափակումները ընդունելուն հետ։ Աղօթքը կը ներկայանայ որպէս աղաղակ, ու բոլորս ի վերջոյ հաշուի պիտի գանք այդ ներքին ձայնին հետ, որ կարելի է մի գուցէ լռեցնել երկար ժամանակի համար սակայն օր մը պիտի արթննայ եւ աղաղակէ։

Սուրբ Գիրքը երբեք չի դադրիր կրկնելէ թէ Աստուած կը լսէ ճիչն անոր որ իրեն  կը պաղատի, նոյնիսկ եթէ ան թոթով ըլլայ, նոյնիսկ այդ աղաղակները՝ որոնք կը մնան սրտի խորքին մէջ։  Աստուած կ՛ուզէ մեզի շնորհել իր Հոգին որ կ՛ոգեւորէ ամէն մէկ աղօթք։

Այժմ կը գտնուինք յիսնակաց շրջանի մէջ։ Սպասումի ժամանակ՝ Ծննդեան սպասումը։ Համայն մեր կեանքը սպասում է։ Աղօթքը եւս սպասումի մէջ է, որովհետեւ գիտենք թէ Տէրը մեզի պիտի պատասխանէ։

Նոյնիսկ մահը կը թողայ երբ քրիստոնեան կ՛աղօթէ, որովհետեւ ամէն մէկ աղօթող ունի զօրեղ դաշնակից մը Յարուցեալ Տէրը ու մահը արդեն յաղթուած է Քրիստոսէն ու պիտի գայ օր մը որ այդ յաղթանակը ըլլայ վերջնական ու մեր կեանքն ու մեր երջանկութիւնը հեգնանք չի դառնան մահուան համար։

Սորվինք մնալ սպասումի մէջ, Տիրոջ սպասումով. Տէրը պիտի գայ մեզ այցելելու ոչ միայն այս տօներու ընթացքին այլ ամէն օր, մեր սրտին մտերմութեան մէջ։

Մենք շատ անգամ չենք անդրադառնար թէ Տէրը մեզի մօտիկ է, որ կը բախէ մեր դուռին։ Սուրբ Օգոստինոս կ՛ըսէր. «ես կը վախնամ որ Աստուած անցնի ու ես չի նկատեմ զԱյն»։ Տէրը կ՛անցնի բայց եթէ մեր ականջները լի են այլ աղմուկներով պիտի չի լսենք Անոր ձայնը։

«Եղբայրներ եւ քոյրեր, սպասումի մէջ մնալ, այս է աղօթքը» ըսաւ Սրբազան Պապը եզրափակելով խորհրդածութինը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/12/2020, 09:41