Որոնել

Չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւն. «Օրհնութիւնը»։

Չկայ մեղք մը, որ կարող է ամբողջութեամբ ջնջել Քրիստոսին պատկերը որ ներկայ է մեզմէ իւրաքանչիւրիս մէջ։ Զայն կարող է խաթարել բայց չի կրնար հեռացնել Աստուծոյ ողորմութենէն։ Մեղաւոր մը կարող է շատ ժամանակ մնալ իր մեղքին մէջ, սակայն Աստուած համբերող է մինչեւ վերջ, այն յոյսով որ մեղաւորին սիրտը բացուի եւ փոխուի։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 2 դեկտեմբեր 2020-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը շարունակելով ընդհանուր ունկնդրութիւնները կատարել առցանց առաքելական պալատի մատենադարանէն ու շարունակելով աղօթքի մասին իր խորհրդածութիւնները, որպէս նիւթ ընտրեց Օրհնութիւնը։

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, բարի լոյս, այսօր մեր ուշադրութիւնը պիտի կեդրոնանայ աղօթքին հիմնական ծաւալի վրայ. օրհնութիւնը։ Արարչագործութեան գիրքին մէջ (Ծննդոց 1-2) Աստուած չի դադրիր  օրհնելէ կեանքը։ Կ՛օրհնէ անասունները, կ՛օրհնէ մարդն ու կինը եւ ի վերջոյ կ՛օրհնէ շաբաթ օրը, հանգիստի եւ համայն արարչութիւնը վայելելու օր։

Սուրբ գիրքին առաջին էջերը օրհնութիւններու անդադար կրկնութիւն են։ Աստուած կ՛օրհնէ բայց մարդիկը եւս կ՛օրհնեն, ու շատ արագ կը հասկցուի՝ թէ օրհնութիւնը ունի յատուկ մէկ ուժ, որ կ՛ընկերանայ համայն կեանքին անոր՝ որ զայն կը ստանայ եւ մարդու սիրտը կը տրամադրէ թոյլ տալու փոխակերպուիլ Աստուծմէ։

Աշխարհի սկիզբը կայ Աստուած՝ որ կը տեսնէ թէ իր ձեռքի որեւէ գործ բարի է ու երբ հասնի մարդուն եւ իր ստեղծագործութիւնը կը հասնի աւարտին կը հաստատէ թէ շատ բարի է։ Քիչ ետք այն գեղեցկութիւնը զոր Աստուած դրոշմեց իր գործի մէջ կը խեղաթիւրուի եւ մարդ արարածը կը դառնայ այլասերուած, որ ի վիճակի է չարն ու մահը տարածել աշխարհի մէջ։ Սակայն ոչ մի բան կարող է ջնջել բարութեան առաջին դրոշմը զոր Աստուած պարգեւեց։ Աստուած չի սխալեցաւ արարչութեան հետ ու ոչ իսկ մարդը ստեղծելով։ Աշխարհի յոյսը ամբողջութեամբ կը բնակի Աստուծոյ օրհնութեան մէջ։ Ան կը շարունակէ մեզ սիրել ու յուսալ մեր բարիքին համար։  Աստուծոյ մեծ օրհնութիւնը Յիսուս Քրիստոսն է։ Ան յաւիտենական Բանը որով Հայրը մեզ օրհնեց մինչ մենք մեղքի մէջ էինք։ Բան որ մարմին առաւ եւ մեզի համար զոհուեցաւ Խաչին վրայ։

Սուրբ Պօղոսը յուզմունքով կը հռչակէ Աստուծոյ սիրոյ ծրագիրը «Օրհնեալ է Աստուած եւ Հայրը մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի, որ օրհնեց մեզ ամէն հոգեւոր օրհնութիւններով ի Քրիստոս` երկինքի մէջ։ Ան ընտրեց մեզ այսպէս Անով` աշխարհի ստեղծումէն իսկ առաջ, որպէսզի մենք ըլլանք սուրբ եւ անբիծ սիրոյ մէջ` Անոր առջեւ, եւ կանխաւ սահմանեց մեզ իր որդեգրութեան, Յիսուս Քրիստոսով, ըստ իր կամքին հաճութեան, ի գովութիւն անոր շնորհքի փառքին, զոր Ան պարգեւեց մեզի իր Սիրելիով» (Եփեսացիներու 1, 3-6)։

Չկայ մեղք մը, որ կարող է ամբողջութեամբ ջնջել Քրիստոսին պատկերը որ ներկայ է մեզմէ իւրաքանչիւրիս մէջ։ Զայն կարող է խաթարել  բայց չի կրնար հեռացնել Աստուծոյ ողորմութենէն։ Մեղաւոր մը կարող է շատ ժամանակ մնալ իր մեղքին մէջ, սակայն Աստուած համբերող է մինչեւ վերջ, այն յոյսով որ մեղաւորին սիրտը բացուի եւ փոխուի։

Աստուած մեր նկատմամբ կը վարուի որպէս բարի հայր ու բարի մայր մը, որոնք չեն  դադրիր երբեք սիրելէ իրենց զաւակները հակառակ անոնց սխալներուն։

Աստուծոյ համար նոյնիսկ բանտարկեալները կը մնան միշտ զաւակներ, որոնց կեանքը կարելի է փոխել իր շնորհքին շնորհիւ։  Կարեւոր է բանտարկեալներուն հասկցնել թէ իրենք եւս կը մնան օրհնուած հակառակ իրենց սխալներուն ու թէ Երկնային Հայրը կը շարունակէ զիրենք սիրել եւ յուսալ որ բացուին բարիին։ Նոյնիսկ եթէ իրենց ամենամօտ հարազատներն ու բարեկամները հեռանան անոնցմէ Աստուծոյ համար անոնք կը մնան զաւակներ։ Աստուծոյ շնորհքը մեզ կ՛ընդունի ինչպէս որ ենք, սակայն մեզ չի թողուր ինչպէս որ էինք, մեզ կը փոխէ։

Նայինք թէ ինչ ըրաւ Յիսուս Զակքէոսին. Ամէնքը անոր մէջ կը տեսնէին չարը։ Մինչ Յիսուս անոր մէջ տեսաւ բարիի նշոյլ մը եւ այնտեղէն անցնել տուաւ իր փրկարար ողորմութիւնը։ Այսպէսով նախ փոխուեցաւ Զակքէոսին սիրտը ապա անոր կեանքը։ Մերժուած մարդոց մէջ Յիսուս կը նշմարէր Հօր Աստուծոյ անջնջելի օրհնութիւնը։ Առ աւելին Ան ինքզինք նոյնացուց ամէն մէկ կարիքաւոր անձին հետ։

Աստուծոյ օրհնութեան մենք կը պատասխանենք օրհնելով. Ան փառաբանութեան աղօթքն է, երկրպագութեան ու գոհաբանութեան աղօթքը։

Քրիստոնէականին մէջ գրուած է «օրհնութեան աղօթքը մարդուն պատասխանն է Աստուծոյ պարգեւներուն, որովհետեւ Աստուած կ՛օրհնէ, մարդուն սիրտը չի կրնար չի պատասխանել օրհնելով Ան որ աղբիւր է ամէն մէկ օրհնութեան (թիւ 2626)։

Աղօթքը ուրախութիւն եւ երախտագիտութիւն է։ Աստուած չի սպասեց որ մենք ապաշխարէինք, որպէսզի մեզ սիրէ Ան այդ մէկը ըրաւ առաջուընէ, երբ մենք տակաւին մեղքի մէջ էինք։

Մենք կրնանք միայն օրհնաբանել այն Աստուածը որ մեզ կ՛օրհնէ։ Հայրը որ մեզ կը սիրէ։ Ու մեզի կը մնայ ուրախութիւնը օրհնելու եւ շնորհակալութիւն յայտնելու Անոր, Անորմէ սորվելով չանիծել այլ օրհնել

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/12/2020, 09:33