Գաղթականներու իրաւունքներու միջազգային օր։ Գաղթականներու իրաւունքներու միջազգային օր։  

Գաղթականներու իրաւունքներու միջազգային օր։ Ֆրանչիսկոս Պապին թուիթը։

Մերձաւորը սիրելը մեր անձին պէս կը նշանակէ նաեւ յանձնառու ըլլալ կառուցելու աշխարհ մը, ուր բարիքները հասանելի ըլլան բոլորին, ու անոնց տրուի հնարաւորութիւնը իրենք զիրենք իրականացնելու որպէս անհատներ եւ ընտանիքներ, ուր բոլորին երաշխաւորուին հիմնական իրաւունքները եւ արժանապատուութիւնը:
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

ՄԱԿ-ի Գլխաւոր վեհաժողովը  18 դեկտեմբեր 1990 ին ընդունեց  աշխատաւոր գաղթականներու եւ անոնց ընտանիքի անդամներու իրաւունքներու պաշտպանութեան Միջազգային պայմանագիրը :

Ապա 2000 թուականին, ՄԱԿ-ի Գլխաւոր վեհաժողովը հիմնեց Գաղթականներու  միջազգային օրը (International Migrants Day), որ կը նշուի դեկտեմբերի 18-ին: Սոյն որոշումը որդեգրուած է ի տես նաեւ վերջին տարիներին ամբողջ աշխարհի տարածքին գաղթականներու թիւի զգալի աճումին։

Ամէն տարի այս օրուայ առթիւ կոչ կ՛ուղղուի միջազգային հանրութեան  աւելի մեծ ուշադրութիւն յատկացնելու  դժուար իրավիճակի մէջ յայտնուած գաղթականներուն,  որոնք կը գտնուին իրենց հայրենիքէն  հեռու եւ ունին օգնութեան ու պաշտպանութեան կարիքը:

Գաղթականներու իրաւունքներու միջազգային օրուայ այս տարուայ բնաբանն է «Վերիմաստաւորել մարդկային շարժունակութիւնը»։ Այս առթիւ ՄԱԿ-ի գլխաւոր Քարտուղար Անթոնիօ Կութերէս կոչ ուղղած է օգտագործելու համաճարակէն վերականգման հնարաւորութիւնները` իրականացնելու համար անվտանգ, կարգաւորուած և կանոնաւոր գաղթականութեան համընդհանուր  պայմանագիրը, վերափոխելու մարդկային շարժունակութիւնը, գաղթականներու  հնարաւորութիւն ընծայելով  վերամշակել տնտեսութիւնը հայրենիքի եւ արտերկրի մէջ, և կառուցել աւելի ընդգրկուն և կայուն հասարակութիւններ»: 

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը եւս միացաւ սոյն օրուան յիշատակութեան եւ թուիթըրեան կայքին վրայ կատարեց հետեւեալ գրառումը։

«Մերձաւորը սիրելը մեր անձին պէս կը նշանակէ նաեւ յանձնառու ըլլալ կառուցելու աշխարհ մը, ուր երկրին բարիքները հասանելի ըլլան բոլորին, ու անոնց տրուի հնարաւորութիւնը իրենք զիրենք իրականացնելու որպէս անհատներ եւ ընտանիքներ, ուր բոլորին երաշխաւորուին հիմնական իրաւունքները եւ արժանապատուութիւնը» #MigrantsDay։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/12/2020, 11:30