Սուրբ Մսուրը Սուրբ Մսուրը 

«Երթանք իմաստին՝ այսինքն Յիսուսին». Ֆրանչիսկոս Պապին թուիթը։

Այնպէս ընենք որ կանգ չ՛առնենք նշանին դիմաց այլ երթանք իմաստին՝ այսինքն Յիսուսին, Աստուծոյ սիրոյն զոր Ան յայտնեց մեզի, անհուն բարութեան, որ Ան ցոլացուց աշխարհի վրայ:
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ

«Սուրբ Ծննդեան տօնածառը եւ մսուրը, յոյսի խորհրդանիշեր են, յատկապէս այս դժուար ժամանակներուն մէջ։  Այնպէս ընենք որ կանգ չ՛առնենք նշանին դիմաց այլ երթանք իմաստին՝ այսինքն Յիսուսին, Աստուծոյ սիրոյն զոր Ան յայտնեց մեզի, անհուն բարութեան, որ Ան ցոլացուց աշխարհի վրայ» Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին 19 դեկտեմբերի թուիթը, որուն պարունակութիւնը քաղուած էր Նորին Սրբութեան անցեալ 6 դեկտեմբերի Մարեմեան Աղօթքի ընթացքին արտասանած ողջոյնի խօսքէն, որով Ան հաւատացեալները կը հրաւիրէ կանգ չ՛առնել արտաքին երեւոյթի դիմաց այլ խորանալ ու հասկնալ այդ երեւոյթներուն իմաստը ու ըմբռնել Յիսուսին Ծննդեան իսկական պատգամը՝ որ է սէր, անհուն սէր, մարդոց փրկութեան համար։

Նոյն ողջոյնի խօսքին մէջ Քահանայապետը հաստատած էր ապա թէ, «Չկայ համաճարակ, չկայ տագնապ որ կարող է մարել այդ լոյսը։ Թոյլ տանք որ ան մտնէ մեր սրտերուն մէջ, ձեռք երկարենք անոր որ կարիքի մէջ է, այդպէսով Աստուած դարձեալ կը ծնի մեր մէջ» ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/12/2020, 13:30