Որոնել

Ստրկութեան վերացման միջազգային օր Ստրկութեան վերացման միջազգային օր 

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Ստրկութիւնը կը խլէ մեր բոլորիս արժանապատուութիւնը»։

Ստրկութեան վերացման միջազգային օր:

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Այսօր կը յիշատակուի ՄԱԿ-ին կողմէ հաստատուած «Ստրկութեան վերացման միջազգային օրը»։  Օրը կը յիշատակէ  մարդոց առեւտուրի ու երրորդ անձերու կողմէ մարմնավաճառութեան շահագործման դէմ պայքարի մասին ՄԱԿի Գլխաւոր վեհաժողովի կողմէ ընդունուած բանաձեւին որդեգրման թուականը ՝ 2 դեկտեմբեր 1949-ին։

Ստրկութեան համաշխարհային օրուան առիթով Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրատարակեց թուիթ մը, որուն մէջ հաստատեց թէ  «Ստրկութիւնը կը խլէ մեր բոլորիս արժանապատուութիւնը»։

«Այսօր ինչպէս երէկ, ստրկութեան հիմքին մէջ կայ՝ անհատի այն ընկալումը, որ կ՛ընդունի կարելութիւնը անոր հետ վերաբերուելու որպէս իր մը, ոտնահարելու անոր արժանապատուութիւնը։ Ստրկութիւնը մեր «անարժանութիւնն» է, քանի որ ան կը խլէ մեր բոլորիս արժանապատուութիւնը» գրեց Նորին Սրբութիւնը 2 դեկտեմբերին հրապարակած թուիթին մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/12/2020, 11:30