Վատիկանի Դատարանի Երբեմնի նախագահ Ճուզեփփէ Տալլա Թորրէ Վատիկանի Դատարանի Երբեմնի նախագահ Ճուզեփփէ Տալլա Թորրէ 

Քահանայապետի ցաւակցագիրը Վատիկանի Դատարանի երբեմնի նախագահ՝ Ճուզեփփէ Տալլա Թորրէի մահուան առթիւ։

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի ունեցաւ այսօր՝ շաբաթ 5 դեկտեմբերի առաւօտեան

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Անցեալ 3 դեկտեմբերին  77 տարեկանին այս աշխարհէն հեռացաւ Վատիկանի Դատարանի Երբեմնի նախագահ Տիար Ճուզեփփէ Տալլա Թորրէ։ Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի ունեցաւ այսօր՝ շաբաթ 5 դեկտեմբերի առաւօտեան, Սուրբ Պետրոսի մայր Տաճարին մէջ գլխաւորութեամբ Վատիկանի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի։

Անոր մահուան ի լուր Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Կարդինալ Փարոլինի ստորագրութիւնը կրող  ցաւակցական հեռագիր մը յղեց անոր ընտանիքին, որուն մէջ իր հոգեւոր մօտիկութիւնը արտայայտեց անոնց, երախտագիտութիւն յայտնելով ննջեցեալի քրիստոնէական լուսաւոր վկայութեան համար ու անոր անխոնջ նուիրումին, ակադեմիական ասպարէզին  ու Սուրբ Աթոռի ի նպաստ ծառայութեան համար։

Նորին Սրբութիւնը հուսկ աղօթքները ապահովացուց անոր Հոգւոյն Հանգստեան ու Քրիստոսի մխիթարութիւնը հայցեց անոր հարազատներու ու բարեկամներուն համար։

Ճուզեփփէ Տալլա Թորրէ ծնած էր Հռոմի մէջ 1943-ին։ Ան աւարտած է  Հռոմի Սափիենցա Համալսարանի   Իրանագիտութեան մասնաճիւղը 1967-ին ապա  Լատերանի Քահանայապետական Համալսարանի Եկեղեցական իրաւաբանութեան մասնաճիւղը 1968-ին։

Սկզբնական շրջանին ան դասաւանդած է Մոտենայի եւ Պոլոնիայի համալսարաններուն մէջ հուսկ 1991-ին նշանակուած է Հռոմի Լումսա Համասպրանի Ռէկտոր։

1997էն մինչեւ 2019 ան  ստանձնած է Վատիկանի Դատարանի նախագահի պաշտօնը ու Վատիկանի Զանազան բաժանմունքներու մէջ ունեցած է յատուկ պարտականութիւններ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/12/2020, 11:02