Ֆրանչիսկոս Պապին 2020 տարին՝ աղօթքի ուժը համաճարակի օրերուն։

Քովիտ-19-ի համաճարակին պատճառած Համաշխարհային առողջապահական ճգնաժամը արգելք հանդիսացան Քահանայապետին միջազգային առաքելական ճամբորդութիւններու իրականացման, բայց Ան միշտ մնաց հաւատացեալներու կողքին շնորհիւ աղօթքի զօրութեան։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Այսօրուայ Մարեմեան աղօթքը տարօրինակ է, տեսնելով Քահանայապետը արգելափակուած մատենադարանէն ներս, ես ձեզ չեմ տեսներ բայց մօտիկ եմ ձեզի»։ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին կիրակի 8 Մարտ 2020ի Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքին սկիզբը  արտասանած խօսքերն են ասոնք։  Քովիտ-19 համաճարակը իր մուտքը կը գործէր մեր բոլորիս կեանքին մէջ  եւ այդ օր Սրբազան Պապը Մարեմեան աղօթքը գլխաւորեց առցանց ու այդպէս պիտի ըլլար նաեւ յաջորդ կիրակիներուն, համաճարակի կանխարգիլման ուղղութեամբ  որդեգրուած սահմանափակումներու բերումով։

Աղօթքի աւարտին Քահանայապետը ուղղուեցաւ գրասենեակի պատուհան՝ որտեղէն սովոր էր արտասանել Մարեմեան աղօթքը եւ օրհնեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակը։

Տակաւին բացայայտ չէր բայց այդ հրապարակը  ամիսներու ընթացքին պիտի դառնար դատարկ եւ լռելեան։ Զայն պիտի լեցնէին Քահանայապետին աղօթքները ե աշխարհին յոյսերը։

Աղերսական աղօթք

Այնտեղ է արդարեւ որ Ֆրանչիսկոս Պապը 27 Մարտի երեկոյեան՝ քառասնորդացի առաջին ուրբաթ օրը, տեղատարափ անձրեւի տակ, գլխաւորեց  «Համաճարակի ժամանակաշրջանին աղօթքի արտակարգ պահը», մարդկութիւնը հրաւիրելով վախ չունենալ եւ ապաւինիլ Տիրոջ։ «Մենք ունինք յոյս մը, անոր Խաչով մենք բուժուեցանք եւ ողջագուրուեցանք, որպէսզի ոչ մէկ բան եւ ոչ մէկը մեզ բաժնէ Անոր փրկարար սէրէն»։

Հրապարակային ունկնդրութիւններ

Աղօթքը եւ առողջապահական ճգնաժամը մաս կազմեցին  2020-ի Չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւններու խորհրդածութիւններուն «Աշխարհը Բուժել» խորագիրով, մինչ  19 օգոստոսի ունկնդրութեան առթիւ Քահանայապետը յատուկէն կոչ  ուղղեց որպէսզի խնամքը եւ պատուաստը հասանելի ըլլան բոլորին։

Տարւոյն սկիզբի խորհրդածութիւններու նիւթ հանդիսացած էին Երանութիւնները։

Մարեմեան աղօթք

Սրբազան Պապին 2020 տարուայ ընթացքին գլխաւորած հրապարակային Ունկնդրութիւններու ընդհանուր թիւը 46 է, ներառեալ 30 դեկտեմբերի ունկնդրութիւնը, մինչ Մարեմեան  աղօթքներու թիւը 58, որոնց ընթացքին ան յաճախ ուղղեց կոչեր ի նպաստ խաղաղութեան, ներառեալ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ խաղաղութեան հաստատումին հայող կոչերը, որոնցմէ ամէնէն կարեւորը, 19 Յուլիսի կոչն էր, ի նպաստ «անմիջական եւ համընդհանուր հրադադարի, որ ապահովէ անհրաժեշտ խաղաղութիւնը եւ անվտանգութիւնը, երաշխաւորելու համար մարդասիրական օժանդակութիւնը»։

Սանթա Մարթայի պատարագները

9 մարտէն մինչեւ 18 մայիս Քահանայապետը արտօնութիւն կու տայ Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած առօրեայ իր պատարագները սփռել ուղիղ եթերով առիթ ընծայելով աշխարհի բոլոր հաւատացեալներուն հետեւելու այդ պատարագներուն ու իր հետ միասին աղօթելու։

Վերջին պատարագը տեղի ունեցաւ 18 Մայիսին՝ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ ծննդեան հարիւրամեակին օրը։

«Fratelli Tutti» շրջաբերականը։

2020 տարին հանդիսացաւ Ֆրանչիսկոս Պապին երրորդ Շրջաբերականի տարին՝  “Fratelli tutti” շրջաբերականը,  որով Սրբազան Պապը Եղբայրութիւնն ու ընկերային բարեկամութիւնը կ՛առաջարկէ, որպէս առաջնահերթ ուղիներ կառուցելու համար աւելի լաւ աշխարհ մը։ Շրջաբերականը  հրապարակուեցաւ 4 Հոկտեմբեր 2020ին մինչ անոր ստորագրութիւնը տեղի ունեցաւ յատուկ արարողութեան մը աւարտին Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասսիզացիի դամբանին մօտ։

12 Փետրուարին հրապարակուեցաւ 2019-ին գումարուած եւ  Ամազոնեան տարածաշրջանին նուիրուած «Querida Amazonia» յետ սիւնհոդոսական յորդորագիրը։

«Գովեալ Ըլլասի», «Սուրբ Յովսէփի» եւ «Ընտանիքը սիրոյ ուրախութիւն» յատուկ Տարիներ

24 Մայիսին, Ֆրանչիսկոս Պապին բնապահպանութեան հայող  «Գովեալ Ըլլաս»  Երկրորդ Շրջաբերականի հրապարակման 5րդ տարեդարձին առթիւ սկիզբ տրուեցաւ «Գովեալ ըլլաս» ին նուիրուած յատուկ տարուան եւ 12 դեկտեմբերին Քահանայապետը լսատեսողական պատգամ մը ուղղեց ՄԱԿ-ի կլիմայական փոփոխութիւններուն նուիրուած վեհաժողովի մասնակիցներուն, որուն մէջ վերահաստատեց Վատիկանի յանձնառումը նուազեցնելու եւ մինչեւ 2050 թուական զեռոյի հասցնելու զուտ արտանետումները։

Առաքելական նամակներու շարքին նշենք Սուրբ Յովսէփը Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ պաշտպան սուրբ հռչակման 150րդ տարեդարձին առթիւ Սրբազան Քահանայապետին  հրապարակած Patris corde առաքելական նամակը,  որուն առթիւ հռչակուեցաւ նաեւ Սուրբ Յովսէփին նուիրուած յատուկ տարին, որ վերջ պիտի գտնէ 8 դեկտեմբեր 2021-ին։ Իսկ 27 դեկտեմբերի Մարեմեան Աղօթքի ընթացքին Նորին Սրբութիւնը 19 մարտ 2021-էն մինչեւ 26 Յունիս 2022 տարեշրջանը կը հռչակէ «Ընտանիքը սիրոյ ուրախութիւն» Տարին։

Ծիսական յատուկ արարողութիւններ

Աւարտին հասած այս տարւոյն ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապը գլխաւորեց նաեւ յատուկ արարողութիւններ։ 26 Յունուարին Սուրբ Պետրոսի Պազիլիքային մէջ նշուեցաւ Աստուծոյ Խօսքին նուիրուած առաջին Կիրակին, հաստատուած Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ 2019 թուականին։

10 Ապրիլի երեկոյեան. Աւագ ուրբաթ օրուայ Ճանապարհ Խաչիի արարողութիւնը, որ ընդհանրապէս կը կայանար Քոլոսէումի ամփիթատրոնի տարածքին, տեղի ունեցաւ Սուրբ Պետրոսի դատարկ ու լռելեան հրապարակին վրայ։ Նոյն լռութիւնը որ ընկերացաւ Նորին Սրբութեան երբ ան ամիսներ ետք 8 դեկտեմբերի առաւօտեան այցելեց Սպանիայի Հրապարակը՝ Անարատ Յղութեան Տօնին օրը։

12 ապրիլ 2020-ին Սրբազան Պապը Սուրբ Զատկուայ պատարագը մատոյց Սուրբ Պետրոսի դատարկ Պազիլիքային մէջ որտեղէն ապա ուղղեց «Ուրպի Էթ Օրպի» պատգամը՝ խաղաղութեան կոչ ուղղելով աշխարհին։

Նոյն, գրեթէ դատարկ, Պազիլիքային մէջ տեղի ունեցան ապա Քրիստոս Թագաւոր Տիեզերքի պատարագը, 22 նոյեմբերին, որուն ընթացքին փոխանցումը կատարուեցաւ նաեւ Երիտասարդներու Համաշխարհային օրերու խորհրդանիշ՝ Խաչին եւ Սալուս Փոփուլի Ռոմանի սրբապատկերին։ Այդ առթիւ Սրբազան Պապը յայտարարեց թէ որոշած է ԵՀՕ թեմական օրերու նշումը Ծաղկազարդի կիրակիէն փոխադրել Քրիստոս Թագաւոր կիրակիին։

Բարեկարգումներ

Բարեկարգումներու ծիրէն ներս 2020 տարուայ ընթացքին Քահանայապետը ստորագրեց տարբեր փաստաթուղթեր որոնց շարքին՝ Վատիկանի Պետութեան Դատական Համակարգին հայող փաստաթուղթը, Սուրբ Աթոռի եւ Վատիկանի հրապարակային պայմանագրերու թափանցիկութեան, վերահսկման և մրցակցութեան մասին կանոնակարգերը, Ֆինանսական հետախուզութեան մարմնի կանոնադրութիւնը, Սուրբ Աթոռի եւ Չինաստանի միջեւ ժամանակաւոր պայմանագիրը։

Նոր Կարդինալներու անուանում

Նոյեմբեր ամսուայ մէջ հրապարակուեցաւ ապա նախկին Կարդինալ Թէոդոր Էտկար Մաքքըրիքին դատական գործընթացքի տեղեկագիրը մինչ նոյն ամսուայ աւարտին՝ 28-ին, կայացաւ Կարդինալական ընդհանուր հաւաք, որուն առթիւ Քահանայապետը 13 նոր կարդինալներուն շնորհեց Կարդինալական տիտղոս, մատանին ու գլխարկը.

12 Ամիսներու ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապը արձանագրեց եւ ուղարկեց լսատեսողական բազմաթիւ պատգամներ։

Իտալիոյ մէջ այցելութիւններ։

Հակառակ համաճարակի կանխարգիլման ուղղութեամբ որդեգրուած սահմանափակումներուն Սրբազան Քահանայապետը 2020 տարուայ ընթացքին կարողացաւ այցելել Իտալիոյ տարածքին որոշ քաղաքներ։ 26 Փետրուարին ան այցելեց Պարի քաղաքը, ուր մասնակցեցաւ «Միջերկրականը խաղաղութեան սահմանագիծ» աղօթքի եւ խորհրդածութեան հաւաքին եւ ուր Պարիի Սուրբ Նիկոյայոս Եկեղեցւոյ մէջ  հայցեց խաղաղութիւն եւ եղբայրութիւն, հաստատելով որ պատերազմը խելագարութիւն է, որուն պէտք չէ համակերպիլ։ 3 Հոկտեմբերն Նորին Սրբութիւնը այցելեց ապա Ասսիզի քաղաքը ուր Սուրբ Ֆրանչիսկոս դամբանին մօտ մատոյց սուրբ պատարագ եւ ստորագրեց “Fratelli tutti” շրջաբերականը։  Իսկ 20 Հոկտեմբերին Քահանայապետը մասնակցեցաւ «խաղաղութեան համար կրօններու միջազգային աղօթքի» 34րդ  հանդիպումին, որուն այս տարուայ բնաբանն էր «Ոչ մէկը կը փրկուի առանցին. Եղբայրութիւն եւ խաղաղութիւն»

Առաքելական Ճամբորդութիւններ

Առաքելական Ճամբորդութիւններու ծիրէն ներս 2020 տարին եղաւ բացառիկ եւ նախատեսուած միջազգային բոլոր ճամբորդութիւնները չեղեալ նկատուեցան թէեւ անցեալ  7 դեկտեմբերին  յայտարարուեցաւ թէ Սրբազան Քահանայապետը յառաջիկայ 2021-ի Մարտ  5էն 8ը,  պիտի մեկնի Իրաք։

Իրաքը արդարեւ պիտի հանդիսանայ այն երկիրը, որ պիտի դառնայ կամուրջ անցած տարուայ եւ եկող տարուայ միջեւ, նոր յոյսերու սպասումով։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/12/2021, 10:00