Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Հոգեւոր Շիթեր Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին խոհերէն

Ով որ դատարկ բաներու հետամուտ կ՛ըլլայ, Ի՛նք եւս դատարկութեամբ կ՚անէանայ։

Պարբերական սէրը գոյութիւն չունի... ո՛չ ալ՝ հատուածային սէրը։

Սէրը լիակատար է։ Հետեւաբար, երբոր սիրես՝ ի սպառ սիրէ։

 

Աչքերուն մէջ նայէ անոր, որ դիմացդ է։

Որովհետեւ, արտաքին երեւոյթները խաբէական կրնան ըլլալ.

 Շարժուձեւերը՝ նենգել, խօսքերը՝ շլացնել...

Մինչդեռ աչքերը՝ բաց գիրք մըն են։

 

Դժոխքը տարանջատումն է Աստուծմէ։

Կը նշանակէ՝ մերժել Աստուծոյ սէրը։

Այ՛ս է դժոխքը։

 

Ով որ դատարկ բաներու հետամուտ կ՛ըլլայ,

Ի՛նք եւս դատարկութեամբ կ՚անէանայ։

 

Աստուած չի՛ յոգնիր երբեք ներում շնորհելէ։

Մենք ենք, որ կը յոգնինք եւ իր գթութիւնը չենք հայցեր։

 

Մեղաւոր ըլլալը չէ հարցը։

 Հարցը այն է, որ չենք զղջար մեղքին վրայ։

 

Երկու գայլ կայ մեզմէ իւրաքանչիւրին մէջ։

Առաջինը՝ բարկութիւն, ատելութիւն, քինախնդրութիւն,

Երկիւղ եւ ապերջանկութիւն կը կոչուի։ Երկրորդը կը կոչուի սէր, յոյս, ուրախութիւն ու վեհանձնութիւն։

Եւ գիտե՞ս, ով ի վերջոյ յաղթական կը հանդիսանայ։

Ան, որուն սնունդ կը հայթայթես։

 

Աստուծոյ սէրը անյողդողդ է ու ապահով,

Ինչպէս ծովուն խարակները,

Որոնք դէմ կը կենան մոլեգին ալիքներուն։

 

Եթէ Յիսուսի մէջ է խարսխուած իմաստը մեր կեանքին,

Այն ատեն չենք կրնար անտարբեր մնալ անոր հանդէպ,

 Որ կը տառապի. անոր հանդէպ, որ տխուր է։

 

Աշխարհը կը դրդէ մեզ, որ յաջողութիւն,

Իշխանութիւն եւ դրամ որոնենք։

Աստուած, մինչդեռ, կը հրահրէ մեզ, որ խոնարհութիւնը,

Ծառայութեան ոգին ու սէրը փնտռենք։

 

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ

Ճառեր, Քարոզներ (Քաղուածք)

Հայացուց՝ Վարդան Քէշիշեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/12/2020, 07:51