Ֆրանչիսկոս Պապը Սուրիոյ և Իրաքի վերաբերեալ. «Որեւէ ջանք ի սպաս Խաղաղութեան կը կառուցէ աւելի արդար հասարակութիւն»։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը լսատեսողական պատգամով մը կը յիշէ Սուրիան, Իրաքը ու անոնց սահմանակից երկիրները տառապեցնող ծանր հարցերը։ «Պէտք է այնպէս գործել, որ այդ երկիրներու մէջ քրիստոնեաներուն ներկայութիւնը շարունակուի ըլլալ նշան խաղաղութեան, զարգացումի եւ հաշտութեան»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Երբ կը գործէք այդ տարածաշրջանին մէջ, դուք միայնակ չէք։ Համայն Եկեղեցին մէկ կը դառնայ, որպէսզի երթայ վիրաւոր մարդուն ուղղութեամբ որ թիրախ դարձաւ աւազակներուն Երուսաղէմն դէպի Երիքով տանող ճամբուն վրայ»։ Խօսքերն են ասոնք որ պարունակուած են Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին լսատեսողական պատգամին մէջ, զոր Ան ուղղեց Սուրիական եւ Իրաքեան մարդասիրական տագնապին նուիրուած՝ Մարդկային համապարփակ խթանումի ծառայութեան Բաժանմունքի ու Սուրբ Աթոռի այլ գերատեսչութիւններու ջանքով  հերակապ  միացումով կազմակերպուած հաւաքի մասնակցողներուն։

Ժողովին նպատակն է  քննարկել եւ խորհրդածել «շատ լուրջ խնդիրներու մասին, որոնք տակաւին տառապանք կը պատճառեն Սուրիոյ, Իրաքի ու անոնց սահմանակից երկիրներու բնակչութեան»։

Քահանայապետը, որ յառաջիկայ մարտ 5-8 պիտի այցելէ Իրաքը ունի յատուկ խրախուսական մաղթանք. «Թող որ Քրիստոնէական ներկայութիւնը այս հողերուն վրայ, շարունակէ ըլլալ խաղաղութեան նշան».

«Ամէն մէկ ջանք փոքր թէ մեծ, որ կը ձգտի խթանել խաղաղութիւնը, նման է աղիւսի մը յաւելուած արդար ընկերութեան կառոյցին, ընկերութիւն մը, որ բաց ըլլայ հիւրընկալութեան, եւ ուր բոլորը կարող են գտնել վայր մը՝ ու ապրիլ խաղաղութեամբ։  Մտածումս կ՛երթայ յատկապէս այն անձերուն, որոնք ստիպուած եղան թողուլ իրենց տուները փախչելու համար պատերազմի սարսափներէն, աւելի լաւ կեանքի պայմաններ որոնելու համար, ըլլայ իրենց, ըլլայ իրենց հարազատներուն։ Կը յիշեմ մասնաւորապէս Քրիստոնեաները, որոնք ստիպուած եղան լքել վայրերը ուր ծնած ու աճած էին, եւ ուր զարգացաւ եւ հարստացաւ իրենց հաւատքը։

Պէտք է այնպէս ընել որ քրիստոնէական ներկայութիւնը, այդ հողերուն վրայ, շարունակէ ըլլալ այն ինչ՝ որ եղած է միշտ՝ խաղաղութեան, առաջընթացքի, զարգացումի եւ մարդոց ու ժողովուրդներու միջեւ հաշտութեան նշան», ըսաւ Սրբազան Պապը պատգամին մէջ ապա մտաբերեց բոլոր այն գաղթականները, որոնք կ՛ուզեն վերադարձ կատարել իրենց հայրենիքը ու այդ ուղղութեամբ կոչ ուղղեց միջազգային հասարակութեան, որպէսզի ամէն ջանք դափէ նպաստելու համար անոնց տունդարձի գործին, երաշխաւորելով անվտանգութեան պայմաններ ու նաեւ տնտեսական պատշաճ միջոցները։  

«Այդ ուղղութեամբ տարուած որեւէ արարք, որեւէ մէկ ջանք թանկագին է» ըսաւ հուսկ Սրբազան Պապը, որ պատգամի աւարտին յատուկ խօսք ուզեց վերապահել Կաթողիկէ Բարեսիրական հաստատութիւններուն, «որոնք, ըսաւ Ան, Բարի Սամարացիի նման անվերապահօրէն կը գործեն ընկալելու, խնամելու, առաջնորդելու գաղթականներն ու տեղահանները, առանց հաւատքի կամ պատկանելիութեան խտրականութեան»։

«Եկեղեցին բարեգործական կազմակերպութիւն մը չէ։ Մեր բարեսիրական գործը պէտք է ներշնչուի Աւետարանէն։  Այս օգնութիւնները պէտք է ըլլան նշան տեղական եկեղեցւոյ մը սիրոյ, որ օգնութեան կը հասնի այլ եկեղեցիի մը՝ որ կը տառապի» աւելցուց Քահանայապետը իր օրհնութիւնները շնորհելով բոլորին ու մաղթելով որ հանդիպումը ունենայ բարօրութեան, զարգացումի եւ խաղաղութեան առատ պտուղներ ի նպաստ նոր կեանքի։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/12/2020, 16:00