«Կրթութիւնը յոյսի արարք է» «Կրթութիւնը յոյսի արարք է» 

«Կրթութիւնը յոյսի արարք է». Ֆրանչիսկոս Պապ

Քահանայապետին տեսաուղերձը «4.7 առաքելութեան և կրթութեան համընդհանուր պայմանագիրի» գործարկումին առթիւ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Տիկնայք եւ Պարոնայք, Կրթութիւնը մշտապէս յոյսի արարք է, որ ներկայի մէջ կը նայի ապագային։ Գոյութիւն չունի անշարժ կրթութիւն մը»։ Այս խօսքերով է որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը սկսաւ «4.7 առաքելութեան և կրթութեան համընդհանուր պայմանագիրի» գործարկումին առթիւ 16 դեկտեմբեր 2020-ին Վատիկանի մէջ կայացած համընդհանուր կրթութեան նուիրուած ժողովականներուն ուղղած իր տեսաուղերձը, ուր կը հաստատէ նաեւ թէ այդ ժողովը եւս յոյսի ու միջսերնդային զօրակցութեան արարք է, երբ աշխարհի երիտասարդ  առաջնորդներ ու համաշխարհային դաստիարակներ կը համախմբուին խթանելու համար կրթութեան նոր ձեւ մը, որ թոյլ տայ յաղթահարել այսօրուայ անտարբերութեան համաշխարհայնացումը եւ մնացորդացի մշակոյթը։

Կրթական համակարգի ճգնաժամ

«Այս տարի տառապանքի արտակարգ տարի է Քովիտ19 համաճարակի պատճառաւ, ստիպողական մեկուսացումի եւ բացառումի տարի, տարի անձկութեան եւ հոգեւոր ճգնաժամի, ինչպէս նաեւ աննախընթաց կրթական ճգնաժամի» ըսաւ հիւսկ Նորին Սրբութիւնը ակնարկելով մէկ միլիառէ աւելի պատանիներուն, որոնք դիմագրաւեցին դաստիարակութեան ընթացքի ընդհատումը մինչ այլ միլիոնաւոր մանուկներ ետեւ մնացին ընկերային եւ ճանաչողական զարգացումի հնարաւորութիւններէն։

Այս առընչութեամբ Սրբազան Պապը շնորհակալութիւն յայտնեց ժողովականներուն «յոյսը աճեցնելու ու բաժնեկցուած ծրագիրներ  մշակելու, որոնք կը խթանեն մարդ էակի գերազանցութիւնը, մարդկային համապարփակ ու կայուն զարգացումը, միջմշակութային  եւ կրօնական երկխօսութիւնը, մոլորակի պաշտպանութիւնը, խաղաղութեան ի նպաստ հանդիպումները ու Աստուծոյ նկատմամբ բացուածքը։

ՄԱԿ-ը դպրոց խաղաղութեան

Սրբազան Պապը հուսկ մատնանշեց Միացեալ Ազգերու նոր կրթութեան ի նպաստ տրամադրած  հնարաւորութեան մէջբերելով Սուրբ  Պօղոս Զ Քահանայապետին խօսքերը, «ՄԱԿ-ը այն մեծ դպրոցն է մարդկութիւնը դաստիարակելու խաղաղութեան» եւ աւելցուց, թէ 75 տարիներ առաջ 1945-ին  ՅՈԻՆԵՍՔՈՅԻ հիմնադիրները խնդրեցին «բոլորին երաշխաւորել կրթութեան հաւասար եւ համապարփակ իրաւունք, ինչպէս նաեւ իրաւունք, առարկայական ճշմարտութեան ազատ որոնումին և գաղափարներու և գիտելիքներու ազատ փոխանակումին…. Իրենց  [ժողովուրդների] համապատասխան սովորոյթներու աւելի լաւ հասկացողութեան եւ  աւելի ճշգրիտ և աւելի իրական ճանաչողութեան նպատակով (Նախաբան):

Մեր այս ժամանակներու ընթացքին, երբ խախտուած է համաշխարհային կրթական դաշնագիրը, գոհունակութեամբ կը տեսնեմ, որ կառավարութիւնները դարձեալ  յանձնառու  դարձան գործնականութեամբ կիրառելու այս գաղափարները՝ ընդունելով 2030-ի օրակարգի և ՄԱԿ-ի Կայուն զարգացման նպատակները, «կրթութեան համընդհանուր դաշնագիրի» հետ համագործակցութեամբ։

Ապահովել ներառական և հաւասար որակի կրթութիւն

Կայուն զարգացման նպատակներու հիմքին մէջ կայ այն փաստի ճանաչումը, որ բոլորի համար որակեալ կրթութիւնը անհրաժեշտ հիմք է պաշտպանելու համար մեր հասարակաց տունը  եւ խթանելու մարդկային եղբայրութիւնը։

Կրթութեան Համընդհանուր Պայմանագիրի 4-րդ նպատակը բոլոր կառավարութիւններուն կը պարտաւորէ «ապահովել ներառական և հաւասար որակի կրթութիւն և խթանել բոլորի համար ու բոլոր կեանքի տեւողութեամբ ուսուցման մնայուն հնարաւորութիւններ»:

«Կրթութեան Համընդհանուր Պայմանագիրը եւ 4.7 Առաքելութիւնը պիտի աշխատին միասին ի նպաստ սիրոյ, գեղեցկութեան եւ միութեան քաղաքակրթութեան։ Թոյլ տուէք, որ ձեզի ըսեմ թէ դուք բանաստեղծներն էք մարդկութեան նոր գեղեցկութեան, եղբայրութեան բարեկամական նոր գեղեցկութեան ու նաեւ բանաստեղծները երկրի պաշտպանութեան» ըսաւ հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապ խրատելով չի մոռնալ տարեցները, «որոնք կը կրեն մարդկային հիմնարար արժէքները» ու տեսաուղերձը աւարտեց շնորհակալութիւն յայտնելով ժողովականներուն իրենց աշխատանքին համար  ու խնդրելով որ  չի մոռնան աղօթելու իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/12/2020, 15:06