Արժանթինի Ազգային Մարեմեան տարի Արժանթինի Ազգային Մարեմեան տարի 

Ֆրանչիսկոս Պապին լսատեսողական պատգամը Արժանթինի Ազգային Մարեմեան տարուայ փակումին առթիւ։

Թող որ Մարիամի տիպարը՝ Մայր եւ աշակերտ, մեզի ընկերանայ մեր առօրեային կեանքի ընթացքին։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երեքշաբթի 8 դեկտեմբեր 2020-ի երեկոյեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը լսատեսողական պատգամ յղեց՝ Արժանթինի Ազգային Մարեմեան տարուայ փակումին առթիւ։

Պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը ի մէջ այլոց ըսաւ.

Մարեմեան Ազգային տարին կը փակուի այսօր։ Տարի մը, որուն ընթացքին, համաճարակի սահմանափակումներու այս շրջանին, հետեւեցանք Սուրբ Կոյսին՝ մեր Մօր ի պատիւ ու անոր յիշատակին ձեռնարկներուն։

Կը միանամ բոլոր այն հաւատացեալներուն, որոնք այսօր կը յիշատակեն այս Ազգային Մարեմեան տարիին աւարտը։

Կ՛աղօթեմ ձեզի համար ու կը խնդրեմ որ աղօթէք ինծի համար։ Ու մի մոռնաք թէ Մարիամը մեր Մայրն է։ Ան Մայրն է Յիսուսին, Ան մեզի բերաւ Յիսուսը աշխարհին։ Եւ աշակերտ է։ Ան առաջինն է,  որ կը հետեւի Յիսուսին եւ կ՛ընէ ան ինչ Յիսուս կ՛ըսէ, հնազանդիլ։

Թող որ Մարիամի տիպարը՝ Մայր եւ աշակերտ, մեզի ընկերանայ մեր առօրեային կեանք ընթացքին։

Կը խնդրեմ որ աղօթէք ինծի համար ու նոյնը պիտի ընեմ ես ձեզի համար։ Աստուած ձեզ օրհնէ Հայր, Որդի եւ Սուրբ Հոգի Ամէն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/12/2020, 07:39