Ֆրանչիսկոս Պապին մօտիկութիւնը Մոզամբիկի բնակչութեան։ Ֆրանչիսկոս Պապին մօտիկութիւնը Մոզամբիկի բնակչութեան։ 

Ֆրանչիսկոս Պապին մօտիկութիւնը Մոզամբիկի բնակչութեան։

Քապօ Տելկատոյի հակամարտութիւններու պատճառաւ կան 600 հազար տեղահաններ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Սրբազան Պապին մօտիկութեան եւ մեծ սիրոյ նոր նշան Մոզամբիկի ժողովուրդին ու յատուկ կերպով Քապօ Տելկատոյի մարտիրոս բնակչութեան», Սրբազան Պապը այս մէկը արտայայտեց Փեմպայի Եպիսկոպոս գերապայծառ Լուիս Ֆերնանտօ Լիզպոային, ուրբաթ 18 դեկտեմբերին անոր շնորհած ունկնդրութեան ընթացքին։

Վատիկան Նիուզի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին գերապայծառ Լիզպոա նշեց թէ հանդիպման առթիւ ինք Քահանայապետին ներկայացուցած Մոզամբիկի հիւսիսային տարածաշրջանի մէջ գոյութիւն ունեցող մարդասիրական ծանր ճգնաժամը ուր տարիներէ ի վեր տեղի կ՛ունենան զինեալ բախումներ, իսլամական զինեալներու ներթափանցումի պատճառաւ, որոնց նպատակն է վերահսկել Ափրիկէի բնական հեղուկ կազի  հանքավայրերուն վրայ։

 Սոյն բախումներու թիրախն է  ինչպէս միշտ քաղաքացիական բնակչութիւնը։ Վերջին երեք տարիներու ընթացքին իրենց կեանքը կորսնցուցին 2000-է աւելի մարդիկ մինչ տեղահաններու թիւը կը գերազանցէ 600 հազարը։

Գերապայծառ Լիզպոա նշեց թէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը վերջերս դրամական օժանդակութիւն ուղարկած էր այդ տեղահաններուն ապա վերյիշեց անցեալ 12 ապրիլին՝ Սուրբ Զատկուայ «Ուրպի Էթ Օրպի» պատգամին մէջ Քահանայապետին յատուկ անդրադարձն ու կոչը ի նպաստ Մոզամբիկի խաղաղութեան ինչպէս նաեւ Նորին Սրբութեան անցեալ օգոստոսին իր հետ հաստատած հեռաձայնին կապը։

Քահանայապետը, ըսաւ Փեմպայի եպիսկոպոսը, կը շարունակէ մօտէն հետեւիլ իրադարձութիւններուն ու յարատեւ կ՛աղօթէ տառապող բնակչութեան համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/12/2020, 13:00