2021-ի մարտին Ֆրանչիսկոս Պապը պիտի այցելէ Իրաքը։ 2021-ի մարտին Ֆրանչիսկոս Պապը պիտի այցելէ Իրաքը։ 

2021-ի մարտին Ֆրանչիսկոս Պապը պիտի այցելէ Իրաքը։

Նորին Սրբութիւնը՝ 15 ամիսներ ետք կը վերսկսի համաճարակի բերումով ընդհատուած միջազգային ճամբորդութիւնները ընտրելով Արեւելեան մարտիրոս երկիր մը՝ Իրաքը, ուր Սրբազան Պապը կ՛ուզէ իր մօտիկութիւնը ու քաջալերանքը փոխանցել բնակչութեան։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Ընդառաջելով Իրաքի հանրապետութեան ու տեղական եկեղեցւոյ հրաւէրին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը յառաջիկայ 5 – 8 մարտ 2021-ին առաքելական ճամբորդութիւն պիտի կատարէ Իրաք այցելելով Պաղտատը, Ուրը, Էրպիլը, Մոսուլը, Քարաքոշը եւ Նինուէն»։ Լուրը կը հաղորդէ Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակը տեղեկացնելով որ մօտ ապագային,  նկատի առնելով նաեւ առողջապահական համաշխարհային տագնապի ընթացքը, պիտի հրապարակուի ճամբորդութեան մանրամասն յայտագիրը։

Նորին Սրբութիւնը՝ 15 ամիսներ ետք կը վերսկսի համաճարակի բերումով ընդհատուած միջազգային ճամբորդութիւնները ընտրելով Արեւելեան մարտիրոս երկիր մը՝ Իրաքը, ուր Սրբազան Պապը պիտի երթայ իր մօտիկութիւնը ու քաջալերանքը փոխանցելու բնակչութեան։

Անցեալ 10 Յունիս 2019-ին Ֆրանչիսկոս Պապը փափաք յայտնած էր Իրաքը այցելելու ու մաղթած էր, որ Երկիրը կարողանար խաղաղ համակեցութեան ու բաժնեկցուած միասնութեամբ վերակառուցել՝ ընկերութեան բոլոր խաւերուն, ներառեալ կրօնական խաւերուն հասարակաց բարիքը»

Նշենք թէ 2003 թուականէն առաջ Իրաքի մէջ քրիստոնեաներու թիւը կը հասնէր 1 -1.4 միլիոնի։ Պատերազմի պատուհասն ու սարսափը ինչպէս նաեւ այնպէս կոչուած Իսլամական Պետութեան արշաւը 2014 – 2017 տարիներուն այդ թիւը նուազեցուած էր 300 – 400 հազարի, տրուած ըլլալով որ շատերը դիմեցին գաղթականութաեն։  

Մինչ Երկրին Վարչապետը կոչ կ՛ուղղէ քրիստոնեաներուն վերադառնալու իրենց երկիրը, Իրաքի նախագահը ընդգծած է թէ քրիստոնեաներու արժէքը, սատարը ու ներդրումը մեծապէս կարեւոր են Իրաքին համար։ ՈԻՆԻՍԵՖՒ վերջին տուեալներուն համաձայն Իրաքի մէջ  4 միլիոն մարդ կարիքը ունի մարդասիրական օգնութիւններուն, որոնց կէսը կազմուած է մանուկներէ։

Ֆրանչիսկոս Պապը պիտի հանդիսանայ առաջին Քահանայապետը որ կ՛այցելէ երկիրը։ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ արդարեւ մտադրած էր 2000 թուականին առաքելական ճամբորդութիւն մը կատարել դէպի Իրաք սակայն երկար քննարկումներէ ետք այդ երազը յետաձգուեցաւ ու այժմ ահա պիտի իրականանայ Ֆրանչիսկոս Պապին այցելութեամբ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/12/2020, 12:19