Ֆրանչիսկոս Պապ հանդիպեցաւ Վատիկանի աշխատաւորներուն հետ. «Դուք կարեւոր էք Վատիկանի համար»։

Քահանայապետը խօսքը աւարտեց վերանորոգելով իր գնահատանքը եւ շնորհակալութիւն յայտնելով բոլորին ու հաստատելէ ետք՝ թէ «ուրախութիւնը փոխանցիկ է» հրաւիրեց ըլլալ ուրախութեան վկաները։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Սուրբ Ծննդեան տօնի նախօրեակին, Երկուշաբթի 21 դեկտեմբեր 2020-ին առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ հանդիպում ունեցաւ Վատիկանի եւ Սուրբ Աթոռի աշխատաւորներուն ու անոնց ընտանեկան պարագաներուն հետ ու այս առթիւ անոնց ուղղած պատգամին մէջ վերահաստատեց իր գնահատանքը՝ անոնց կատարած աշխատանքին եւ ծառայութեան համար։

Թէեւ համաճարակը յառաջացուց ոչ միայն առողջապահական տագնապ այլեւ տնտեսական դժուարութիւններ բոլոր ընտանիքներուն եւ հաստատութիւններուն համար որոնց շարքին նաեւ  Սուրբ Աթոռը, «պէտք է միասնաբար յանձնառու ըլլանք յաղթահարելու այս պահը» յարեց Սրբազան Պապը հաստատելով թէ աշխատաւորները «ամենակարեւոր բանն են Սուրբ Աթոռին համար» ու թէ ասոր համար ոչ մէկը պէտք է բացառուի կամ մնայ առանց աշխատանքի ու թէ «Կառավարութեան մեծաւորները ու Պետական Քարտուղարութիւնը ամէն ջանք կը դափեն, դիմագրաւելու համար հարցը, որպէսզի չի պատահի, որ մէկը մը ստիպուի անգործ մնալ, տառապիլ։ Պէտք է բոլորս միասին աշխատինք այդ ուղղութեամբ, ըսաւ Սրբազան Պապը, որոնել ուղիներ լուծումներ գտնելու համար։ Օգնեցէք ինծի ու ես ալ ձեզ կ՛օգնեմ, որպէսզի բոլորս միասին յառաջ ընթանանք, որպէս նոյն  ընտանիքի անդամներ», յարեց Նորին Սրբութիւնը հուսկ հաստատեց թէ «Սուրբ Ծնունդը ուրախութեան տօն է որովհետեւ Յիսուս Ծնաւ մեր մէջ» ու բոլորս կանչուած ենք երթալու Իրեն Հովիւներու օրինակով։

«Մենք նոյնպէս պէտք է երթանք Յիսուսին մօտ. Ցնցենք մենք զմեզ  տհաճութիւններն, ձանձրոյթներէն, անտարբերութենէն, անշահախնդրութենէն ու վախէն, յատկապէս առողջական արտակարգ իրավիճակի այս շրջանի ընթացքին, որուն մէջ դժուար է գտնել կեանքի և հաւատքի խանդավառութիւնը» ըսաւ Սրբազան Պապը հաստատելով որ  «Ընդօրինակելով հովիւներուն ՝ մենք կոչուած ենք երեք վերաբերմունք ընդունելու. Վերագտնել, խոկալ, հռչակել» ու այս երեք բառերու վրայ հիմնուելով Ան ներկայացուց հակիրճ խորհրդածութիւն մը։

«Հարկաւոր է վերագտնել Աստուծոյ Զաւկին ծնունդը, որպէս պատմութեան ամենամեծ իրադարձութիւնը», ըսաւ Քահանայապետը։ Անցած են ահա 20 դարեր եւ Յիսուս կը մնայ աւելի կենդակի քան երբեք։  «Առանց  Յիսուսին մարդս կը գլորի չարի անդունդին մէջ, մեղքի, մոլուցքի, եսասիրութեան, բռնութեան եւ ատելութեան մէջ»  ըսաւ Սրբազան Պապը ապա ակնարկեց երկրորդ վերաբերմունքին «խոկումը»։

Այս վարուելակերպին ամենագեղեցիկ տիպարը Յիսուսին մայրն է Մարիամը,  որ «իր սրտին մէջ կը խորհէր»։ Ու երբ կը խոկանք կը բացայայտենք թէ Աստուած իր բարութիւնը յայտնեց մանուկ Յիսուսին մէջ։ Աստուած իր բարութիւնը կը յայտնէ մեզ փրկելու համար ու փրկութիւնը կը նշանակէ մաս կազմել նոյնինքն Աստուծոյ կեանքին։ «Ծննդեան իմաստը այս է՝ թէ Աստուած մարդեղացաւ, որպէսզի մենք կարողանանք Աստուծոյ զաւակներ ըլլալ։  Ահա ասոր մասին է, որ պէտք խորհրդածենք ու խոկանք», ըսաւ Քահանայապետը ու խօսեցաւ երրորդ վերաբերմունքի մասին «Հռչակել – աւետել»։

Դարձեալ ակնարկ նետենք հովիւներուն, անոնք իրենց առօրեայ կեանքին վերադարձան «օրհնելով եւ փառաւորելով Աստուած այն բոլոր բաներուն համար զորս տեսած եւ լսած էին ինչպէս որ իրենց ըսուած էր» (Ղուկաս 2, 20)։

Մենք ալ պէտք է վերադառնանք մեր առօրեայի կեանքին։ Սուրբ Ծնունդը կ՛անցնի սակայն պէտք է վերադառնանք բարեփոխուած, փառաբանելով Աստուած այն բոլոր բաներուն համար, զոր լսեցինք ու տեսանք։ Մենք պէտք է Բարի Լուրը տանինք համայն աշխարհին, Յիսուս մեր Փրկիչն է եւ այս մէկը պէտք է հռչակենք բոլորին խօսքով եւ կեանքի վկայութեամբ եւ այս ընելու ենք ուրախութեամբ եւ անդորրութեամբ, որ կը բխի հաւատքէն եւ սէրէն… դժուարութիւններն ու տառապանքները չեն կարող մթագնել Ծննդեան լոյսը, որ կը հրահրէ մտերմիկ ուրախութիւնը, զոր ոչ մէկ բան եւ ոչ մէկը կարող է մեզմէ խլել։

Քահանայապետը խօսքը աւարտեց վերանորոգելով իր գնահատանքը եւ շնորհակալութիւն յայտնելով բոլորին ու հաստատելէ ետք՝ թէ «ուրախութիւնը փոխանցիկ է» հրաւիրեց ըլլալ ուրախութեան վկաները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/12/2020, 12:55