Եղբայր Ալուա եւ Ֆրանչիսկոս Պապը Եղբայր Ալուա եւ Ֆրանչիսկոս Պապը 

Ֆրանչիսկոս Պապը Թէզէի երիտասարդներուն. Անվստահութիւն մի սերմանէք, ձեր մէջ թող բնակի յոյսը

Ֆրանչիսկոս Պապը Ֆրանսայի Թէզէի հասարակութեան 43 եւրոպական առցանց հանդիպումին առթիւ ուղղեց Կարդինալ Փարոլինի ստորագրութեամբ պատգամ մը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Մի ըլլաք անոնք, որոնք յուսահատութիւն կը սերմանեն, յառաջացնելով անվստահութիւն, ինչ որ կ՛ոչնչացնէ յոյսին ուժը, որ մեզի նուիրուած է յարուցեալ Քրիստոսի Հոգիէն»։ Այսպէս կը գրէ Կարդինալ Փարոլինը Թէզէի երիտասարդներուն Ֆրանչիսկոս Պապին անունով ուղղած պատգամին մէջ, ուր նաեւ զանոնք կը հրաւիրէ թոյլ տալու, որ այդ յոյսը բնակի անոնց մէջ ու անոնց պարգեւէ քաջութիւնը հետեւելու Քրիստոսին, ու միասնաբար աշխատելու ի նպաստ առաւել անապահով խաւերուն համար ու անոնց հետ, եւ մասնաւոր կերպով անոնց հետ, որոնք կը պայքարին դիմագրաւելու ներկայ ժամանակներու դժուարութիւնները։

27 դեկտեմբերէն մինչեւ մէկ Յունուար տեւող ու այս տարի առցանց կերպով կազմակերպուած Թէզէի Եւրոպական 43 հաւաքին ուղղուած վերոնշեալ պատգամին մէջ Կարդինալ Փարոլինը կը յայտնէ նաեւ որ Քահանայապետը ուրախ է այս տարի եւս միանալու անոնց՝ աղօթքով ու մտածողութեամբ։

«Այս օրերը որոնց ընթացքին կ՛աղօթէք միասին ու թիկունք կը կանգնիք մէկը միւսին հաւաքի եւ վստահութեան միջոցաւ, ձեզ  օգնեն, «որպէսզի յոյս ունենաք նպաստաւոր ու անբարենպաստ ժամանակներու մէջ» կը գրէ միշտ Կարդինալ Փարոլինը մէջբերելով այս տարուայ պատգամի նիւթը ու մատնանշելով Ֆրանչիսկոս Պապի «Fratelli tutti» շրջաբերականին կը հաստատէ՝ թէ «ոչ մէկը կարող է կեանքը դիմագրաւել կղզիացած կերպով։ Կարիքը կայ հասարակութեան մը, որ մեզի թիկունք կը կանգնի մեզ կ՛օգնէ եւ որուն մէջ մենք իրար կ՛օգնենք փոխադարձաբար, որպէսզի նայինք դէպի յառաջ։

Յոյսը « համարձակ» է, եւ գիտէ ՝ նայել անձնական յարմարաւէտութիւններէն անդին, փոքր ապահովութիւններէն և փոխհատուցումներէն անդին, որոնք կը նեղցնեն հորիզոնը, բացուելու համար այն մեծ իտէալներուն, որոնք կեանքը կը  դարձնեն աւելի գեղեցիկ և արժանապատիւ: Եկէք յոյսով քալենք» (Fratelli tutti, 55), հրաւէր կ՛ուղղէ Վատիկանի Պետքարտուղարը ու պատգամի աւարտին մաղթանք կը յայտնէ «որ այս տարուայ ընթացքին՝ երիտասարդները շարունակեն զարգացնել հանդիպման և եղբայրութեան մշակոյթ մը և միասին քայլեն դէպի Քրիստոսի յարութեամբ բացայայտուած այդ յոյսի հորիզոնը» ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/12/2020, 15:00