Ֆրանչիսկոս Պապը Հռոմի Սպանիայի հրապարակին վրայ աշխարհը յանձնեց Տիրամօր հովանիին։

Անարատ Յղութեան տօնին օրը Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաւօտեան շատ կանուխ այցելեց Հռոմի Սպանիայի հրապարակ ուր կը գտնուի Անարատ Յղութեան նուիրուած Տիրամօր արձանը պաշտամունք կատարելու համար Սուրբ Կոյսին ու անոր յանձնելու աշխարհին տառապանքը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Թէեւ որոշուած էր՝  որ այս տարի Անարատ Յղութեան առթիւ Քահանայապետին դէպի Հռոմի  «Փիացցա Տի Սպանիայ» աւանդական այցն ու աղօթքը  չեղեալ նկատել համաճարակին ստեղծած արտակարգ իրավիճակին բերումով, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը 8 դեկտեմբերի արշալոյսին, մինչ Հռոմ քաղաքը տակաւին նոր կ՛արթննար քունէն տեղատարափ անձրեւի աղմուկով, անակնկալ այցելութիւն տուաւ Սպանիայի հրապարակի վրայ զետեղուած Սուրբ Կոյսի արձանին, ուր սովորութիւն կայ ամէն տարի կատարել յատուկ ջերմեռանդական աղօթք, ու արձանի ոտքին որդիական սիրով զետեղելէ ետք ճերմակ վարդերու փունջ մը, ամփոփուեցաւ աղօթքի մէջ, դիմելով Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածամօր ու խնդրելով, որ իր սիրով հսկէ Հռոմ քաղաքի ու անոր բնակիչներուն վրայ, ապա Տիրամօր հովանիին յանձնեց աշխարհի բոլոր հիւանդները։

Այս անգամ եւս Նորին Սրբութիւնը, քորոնավիրուսի հարուածին տակ գտնուող աշխարհի իրականութեան ի տես, աղօթեց գրեթէ դատարկ հրապարակի մը վրայ, տեղատարափ անձրեւին տակ, ինչպէս էր դատարկ Սուրբ Պետրոսին հրապարակը որուն վրայ կը տեղար տեղատարափ անձրեւ ՝ անցեալ 27 մարտին, երբ Ան աղօթքի արտակարգ արարքով մը համայն մարդկութիւնը ուզեց յանձնել Տիրոջ անոր մօր Սուրբ Կոյսին բարեխօսութեամբ։

Այսօր՝ Սուրբ Ծնունդը կանխող այս Յիսնակաց շրջանի ընթացքին, Ան դարձեալ կրկնեց այդ աղօթքը՝ Սուրբ Կոյս Մարիամի ոտքին տանելով աշխարհին յոգնութիւնները, այն յոյսով որ մարդկութիւնը մօտ օրէն ձերբազատուի այս անտանելի ախտէն։  

Տիրամօր նուիրուած ջերմեռանդական արարքի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը ուղղուեցաւ Մարիա Մաճճորէ պազիլիքա ուր աղօթեց Սալուս Փոփուլի Ռոմանի Հռոմի Ժողովուրդի փրկութիւն Տիրամօր սրբապատկերին առջեւ ու պատարագ մատուցեց «Մսուրներու» մատրան մէջ, որմէ ետք Քահանայապետը վերադարձ կատարեց Վատիկան։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/12/2020, 09:10