Կրօնաւորուհի Կրօնաւորուհի 

Արեւելեան Կաթողիկէ Եկեղեցիներու մէջ կրօնական նոր միաբանութիւններու հաստատումը վերապահոած է Սուրբ Աթոռին։

Սուրբ Աթոռին վերապահուած է պատասխանատուութիւնը՝ ըլլայ առաջնորդելու Հովիւները այն գործընթացին մէջ, որ կը տանի նոր Հաստատութեան կամ թեմական իրաւունքով ընկերութեան դէպի եկեղեցական ճանաչում տանող զատորոշումին, ըլլայ ոգեշնչող նպատակի իսկութիւնը ստուգելու վերջին դատողութիւնը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը՝ 7 դեկտեմբերին հրապարակած  իր « Ab initio» ինքնագիր նամակով, որոշեց փոխել կրօնական նոր հաստատութիւններու վաւերացման իրաւունքը զայն վերապահելով Սուրբ Աթոռին։ Փաստաթուղթը նման է անցեալ 4 նոյեմբերին լոս տեսած «Authenticum charismatis» ինքնագիր նամակին, որով Սրբազան Պապը նոյն որոշումը կայացուած էր Լատին Եկեղեցւոյ համար փոխելով Լատին Եկեղեցւոյ  Եկեղեցական Կանոնական օրէնսդրութիւնը։

Ինքնագիր նամակին մէջ Սրբազան Պապը վերակոչելով  Perfectae caritatis, հրամանագիրը, որուն հիման վրայ «Յատուկ Եկեղեցիներու Հովիւներուն» իրաւունք տրուած է «կանոնաւորել եւ հաստատել կրօնական նոր միաբանութիւններու ստեղծումը», եւ խուսափելու համար որ «անխոհեմաբար ստեղծուին անօգուտ հաստատութիւններ»,   կը հաստատէ թէ «Սուրբ Աթոռին վերապահուած է պատասխանատուութիւնը՝ ըլլայ առաջնորդելու Հովիւները այն գործընթացին մէջ, որ կը տանի նոր Հաստատութեան կամ թեմական իրաւունքով ընկերութեան դէպի եկեղեցական ճանաչում տանող զատորոշումին,  ըլլայ ոգեշնչող նպատակի իսկութիւնը ստուգելու վերջին դատողութիւնը»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/12/2020, 12:30