«Խնամքի մշակոյթը՝ որպէս խաղաղութեան ճանապարհ» «Խնամքի մշակոյթը՝ որպէս խաղաղութեան ճանապարհ» 

«Խնամքի մշակոյթը՝ որպէս խաղաղութեան ճանապարհ» Ֆրանչիսկոս Պապին Խաղաղութեան Համաշխարհային 54-րդ օրուան պատգամը։

Բոլորին կ՛ուղղեմ իմ լաւագոյն մաղթանքներս, որպէսզի այս տարին կարողանայ մարդկութիւնը զարգացնել եղբայրութեան, արդարութեան ու մարդոց, հասարակութիւններու, ժողովուրդներու եւ Պետութիւններու մէջ խաղաղութեան ճանապարհով
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հինգշաբթի 17 դեկտեմբեր 2020-ին լոյս տեսաւ 2021-ի Յունուարի մէկին նշուող Խաղաղութեան համաշխարհային 54-րդ օրուան նուիրուած Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին պատգամը, որուն այս տարուայ բնաբանն է ««Խնամքի մշակոյթը ՝ որպէս խաղաղութեան ճանապարհ»։

Պատգամին ներկայացումը տեղի ունեցաւ առցանց 17 դեկտեմբերի առաւօտեան 11.30-ին Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի կեդրոնական սրահէն,  որուն առթիւ ելոյթ ունեցան Մարդկային Համապարփակ Զարգացումի ծառայութեան Բաժանմունքի կառավարիչը Կարդինալ Փիթըր Ափիա Թուրքսըն, Բաժանմունքի Քարտուղարը գերապայծառ Պրունօ Մարի Տիւֆֆէ, բաժանմունքի պատասխանատուներէն Տիկ Քրիստին Ժանժէյ եւ Պետական Քարտուղարութեան Երկրորդ Բաժանմունքի ներկայացուցիչ Տիկ Ան Ժիւլի Քերիւյելը։

Համաճարակը եւ բուժումի գործընթացքներ

«Նոր տարուայ սեմին, կ՛ուզեմ իմ յարգալիր ողջոյններս ուղղել Պետութիւններու եւ Կառավարութիւններու Ղեկավարներուն, միջազգային կազմակերպութիւններու պատասխանատուներուն, տարբեր կրօններու հոգեւոր առաջնորդներուն եւ հաւատացեալներուն, բարի կամքի տէր մարդոց ու կիներուն։ Բոլորին կ՛ուղղեմ իմ լաւագոյն մաղթանքներս, որպէսզի այս տարին կարողանայ մարդկութիւնը զարգացնել եղբայրութեան, արդարութեան ու մարդոց, հասարակութիւններու, ժողովուրդներու եւ պետութիւններու միջեւ խաղաղութեան ճանապարհով»։ Այսպէս կը գրէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը 2021-ի Խաղաղութեան Համաշխարհային օրուան առթիւ հրապարակած պատգամի առաջին գլուխին մէջ, ուր կը մատնանշէ՝ թէ 2020 տարին յատկանշուեցաւ Քովիտ19-ի ժահրի պատճառած առողջապահական մեծ տագնապով, որ «վերածուեցաւ բազմաոլորտային եւ ընդհանրական երեւոյթի, աւելիով սրելով իրար հետ զօրեղ կերպով փոխկապուած ճգնաժամերը, ինչպիսի են կլիմայական, սնունդի, տնտեսական եւ գաղթականութեան ճգնաժամերը, յառաջացնելով ծանր տառապանք եւ դժուարութիւններ»։

Քովիտ19 ժահրի զոհերն ու հերոսները

Քահանայապետը յատուկէն կը յիշէ  «բոլոր անոնք որոնք կորսնցուցին հարազատ մը կամ սիրելի անձ մը, ու նաեւ անոնք որոնք մնացին առանց աշխատանքի», հուսկ յատուկ մտածում կ՛արտայայտէ  առողջապահական բոլոր գործիչներուն,  բժիշկներ, հիւանդապահներ, դեղագործներ, ու կամաւորներ «որոնք նուիրուեցան ու կը շարունակեն մեծ զոհողութեամբ նուիրուիլ» փրկելու համար կեանքեր, մինչեւ այն աստիճան որ անոնցմէ  մի քանիները իրենց կեանքը կորսնցուցին այդ նուիրեալ ծառայութիւնը մատուցելու ընթացքին։  

Բժշկական խնամակալութիւն բոլորին

Սրբազան Պապը կը նորոգէ կոչը քաղաքական պատասխանատուներուն՝ ձեռնարկելու համապատասխան միջոցառումներ՝ ամենաաղքատներուն եւ դիւրաբեկներուն ապահովելու համար Covid-19- ի դէմ պատուաստանիւթերու և հիւանդները խնամելու անհրաժեշտ գիտութիւններու հասանելիութիւնը։

Խնամքի մշակոյթը ի դէմ անտարբերութեան, բացառումին եւ բախումներուն.

Ան ապա ափսոսանք կը յայտնէ, թէ «սիրոյ եւ զօրակցութեան վկայութիւններու հետ միասին նոր սլացք կը ստանան  ազգայնամոլութեան, ցեղապաշտութեան, այլատեացութեան մահ և ավերում սերմանող պատերազմներու և բախումներու տարբեր ձեւեր», որոնք յատկանշեցին անցնող տարուայ մարդկութեան ուղեւորութիւնը։ 

«Ասոնք մեզի համար դաս են հասկնալու համար մէկը միւսին եւ արարչութեան խնամք տանելու կարեւորութիւնը, կառուցելու համար ընկերութիւն մը, որ հիմնուած ըլլայ եղբայրութեան վրայ», կը գրէ Սրբազան Պապը իր պատգամին մէջ նշելով՝ թէ «ասոր համար է, որ ընտրեց «Խնամքի մշակոյթը ՝ որպէս խաղաղութեան ճանապարհ» նիւթը։ «Խնամքի մշակոյթը արմատախիլ ընելու համար այսօր գերակշռող անտարբերութեան, մերժումի և առճակատման մշակոյթը»։

Աստուած Արարիչ, Մարդ անհատի խնամելու կոչումի ծագումը։

Պատգամի երկրորդ գլուխին մէջ Սրբազան Պապը կը խօսի մարդ անհատի խնամք տանելու կոչումի ծագումի մասին, մեկնելով  Ծննդոց գիրքէն, ուր ի յայտ կու գայ՝ Աստուծոյ մարդկութեան վերապահած ծրագրին մէջ խնամելու եւ պահպանելու կարեւորութիւնը, լուսարձակի տակ դնելով մարդուն, երկրագունդին ու եղբայրներու միջեւ  կապը։

Երրորդ գլուխին մէջ Աստուած Արարիչը կը ներկայացուի որպէս խնամողի տիպար

Իսկ չորրորդ գլուխը նուիրուած է Յիսուսի առաքելութեան։ Ան կը յայտնուի որպէս այն օծեալը, որ ուղարկուած է «աղքատներուն տանելու բարի լուրը, բանտարկեալներուն ազատութիւն, կոյրերուն տեսողութիւն եւ հարստահարուածներուն ազատագրում»։ 

Յիսուս Բարի Հովիւն է, որ խնամք կը տանի ոչխարներուն, Բարի Սամարացին է, որ կը հպի վիրաւոր մարդուն, կը բուժէ անոր վէրքերը ու խնամք կը տանի անոր։

Յիսուս մեզի բացաւ սիրոյ ճանապարհը ու մեզմէ իւրաքանչիւրիս կ՛ըսէ «Հետեւէ ինծի»։

Առաջին Քրիստոնեաներուն խնամքի գործելակերպը։

Հինգերորդ գլխուն մէջ Քահանայապետը կը խօսի Յիսուսին հետեւորդներու կեանքին մէջ խնամքի մշակոյթի մասին, հաստատելով, որ «ողորմածութեան գործերը սկզբնական եկեղեցւոյ ծառայութեան սիրտը կը կազմէին»։ 

Քրիստոնեաները ի գործ կը դնէին իրարու միջեւ բաժնեկցութիւնը, որպէսզի ոչ մէկը կարիքի մէջ մնար եւ ջանք կը դափէին հասարակութիւնը դարձնել հիւրընկալ տուն մը, բաց մարդկային որեւէ իրավիճակին, պատրաստ յանձն առնելու նաեւ աւելիով դիւրաբեկներուն բեռը։

Խնամքը որպէս Եկեղեցւոյ Ընկերային Վարդապետութեան սկզբունքներուն հիմք

Ասկէ մեկնելով Սրբազան Պապը պատգամին վեցերորդ գլուխը կը նուիրէ խնամքին, որպէս հիմք Եկեղեցւոյ Ընկերային Վարդապետութեան սկզբունքներուն, յատուկէն անդրադառնալով խնամքի չորս ուղղութիւններու. «Խնամքը որպէս մարդկային իրաւունքի եւ արժանապատուութեան խթանում», «հասարակաց տան խնամքը», ուր Սրբազան Պապը կը վերահաստատէ, թէ «համաճարակը մեզի ցոյց տուաւ որ կը գտնուինք միեւնոյն նաւուն վրայ դիւրաբեկ եւ ուղեկորոյս» ու թէ «բոլորս կանչուած ենք միասնաբար թիավարելու, որովհետեւ ոչ մէկը կարող է փրկուիլ առանձին», ապա «զօրակցութիւն՝ աղքատներու եւ աւելիով խոցելիներու նկատմամբ», հուսկ «խնամքը եւ արարչութեան պաշտպանութիւնը», ուր Սրբազան Պապը կը շեշտէ հարկաւորութիւնը անսալու երկրագունդի ճիչին, որ է նաեւ կարիքաւորներուն ճիչը։

Միասնական ուղի հետեւելով վերոնշեալ սկզբունքներու կողմնացոյցին

Եօթներորդ գլխուն մէջ Քահանայապետը կ՛ակնարկէ միասնական ընթացքի կողմնացոյցի մը մասին, հաստատելով՝ թէ «ժամանակաշրջանի մը մէջ երբ կը գերակշռէ մնացորդացի մշակոյթը,  ի տես Պետութիւններու մէջ ու անոնց միջեւ աճող անհաւասարութեան, կ՛ուզէի հրաւէր ուղղել ազգային կազմակերպութիւններու եւ կառավարութիւններու պատասխանատուներուն, տնտեսական եւ գիտական աշխարհին, ընկերային հաղորդակցութեան միջոցներուն եւ կրթական հաստատութիւններուն, ձեռք բերելու «կողմնացոյց» մը, հիմնուած վերոնշեալ սկզբունքներուն վրայ ,ընդհանուր ընթացք տալու համաշխարհայնացումի  գործընթացին։ «Ընթացք՝որ ըլլայ իսկապէս մարդկային», որ գործէ ի սպաս հասարակաց բարիքին, «ազատելով աղքատութենէն, հիւանդութենէն, ստրկութենէն, խտրականութիւններէն և բախումներէն տառապողները»:

Այս ծիրէն ներս Սրբազան Պապը կ՛ընդգծէ նաեւ կիներու դերակատարութեան արժէքը։

Վերահաստատել մարդու հիմնարար իրաւունքներու պաշտպանութիւնը։

Ընկերային սկզբունքներու կողմնացոյցը, անհրաժեշտ է խնամքի մշակոյթը խթանելու համար եւ ցուցիչ է նաեւ Ազգերու միջեւ յարաբերութիւններուն։

«Այս առումով պէտք է վերահաստատուին մարդու հիմնարար իրաւունքներու պաշտպանութիւնն ու խթանումը, որոնք անքակտելի, համընդհանուր և անբաժանելի են» կը հաստատէ Նորին Սրբութիւնը ակնարկելով աշխարհի զանազան վայրերու մէջ գոյատեւող պատերազմներուն ու այս պատերազմներու հետեւանքներուն, հաստատելով, որ «հակամարտութիւններու պատճառները շատ են, սակայն արդիւնքը կը մնայ նոյնը, այսինքն կործանում եւ մարդասիրական ճգնաժամ»։

Սովը վերացնելու հիմնադրամ

Այս ուղղութեամբ Քահանայապետը կ՛ակնարկէ նաեւ զէնքերուն տրամադրուած մեծ գումարներուն  ու  յատկապէս միջուկային զէնքերու համար օգտագործուած միջոցներուն, դիտել տալով թէ անոնք կարելի էր օգտագործել աւելի կարևոր առաջնահերթութիւններու համար։

«Համարձակ որոշում պիտի ըլլար զէնքերու և այլ ռազմական ծախսերու համար օգտագործուող գումարներով ստեղծել Համաշխարհային հիմնադրամ» որ ծառայէ՝ «սովը վերջնականապէս վերացնելու և ամենաաղքատ երկիրներու զարգացումը երաշխաւորելու», կը գրէ Նորին Սրբութիւնը։

Խնամքի մշակոյթի դաստիարակութիւնը։

Ութերորդ գլխուն մէջ Սրբազան Պապը կ՛անդրադառնայ խնամքի մշակոյթի կրթութեան, բացատրելով՝ թէ խնամքի մշակոյթի խթանումը կը պահանջէ կրթական գործընթացք եւ ընկերային սկզբունքներու կողմնացոյցը կը կազմէ վստահելի գործիք»։

«Կրթութիւնը հիմնասիւներէն մին է աւելի արդար եւ զօրակից ընկերութեան մը համար» կը հաստատէ Սրբազան Պապը խօսելով նաեւ կրօններու եւ կրօնական ղեկավարներու կարեւոր դերակատարութեան մասին, ի նպաստ առողջ ազատութեան, ընկերային արդարութեան ու խաղաղութեան խթանումին ։

Սրբազան Պապը հուսկ կրթական համակարգէն ներս բոլոր դերակատարները կը հրաւիրէ գործելու՝ «որպէսզի ձեռք բերուի կրթութիւն մը, որ ըլլայ աւելի բաց եւ ներառող, կարող համբերատար ունկնդրութեան, կառուցողական երկխօսութեան եւ իրար փոխադրած հասկացողութեան»։

Պատգամին վերջն գլուխը նուիրուած է խաղաղութեան նիւթին, ուր Սրբազան Պապը կը հաստատէ թէ «չկայ խաղաղութիւն առանց խնամքի մշակոյթին»։

«Աշխարհի բազմաթիւ շրջաններու մէջ կարիքը կայ  խաղաղութեան ուղիներու, որոնք կը հանգեցնեն ապաքինելու վէրքերը, կարիքը կայ խաղաղութեան արհեստաւորներու, որոնք պատրաստ ըլլան հնարամտութեամբ և յանդգնութեամբ սկսելու բուժման եւ նորոգուած հանդիպումի գործընթացներ», կը գրէ Ֆրանչիսկոս Պապը, որ պատգամը կ՛աւարտէ քրիստոնեաներուն ուղղուած յատուկ հրաւէրով՝ այն է «հայեացքը ուղիղ սեւեռել Սուրբ Կոյս Մարիամին, յոյսին Մայրը» ապա միասնաբար համագործակցիլ «ընթանալու համար դէպի սիրոյ ու խաղաղութեան նոր հորիզոն մը, եղբայրութեան,  զօրակցութեան իրար աջակցութեան եւ հիւրընկալութեան հորիզոն» եւ «ստեղծել համայնք մը, որ բաղկացած է միայն փոխադարձաբար իրար հիւրընկալող եղբայրներէ, հոգ տանելով մէկը միւսին»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/12/2020, 11:30